Դաւիթ Անյաղթ

(Վերայղուած է Դաւիթ (Փիլիսոփայ)-էն)
Դաւիթ Անյաղթ
Ծնած է 6-րդ դար
Ծննդավայր Աթէնք
Մահացած է 6-րդ
Մահուան վայր Հաղբատի վանք, Հաղպատ
Քաղաքացիութիւն Հայաստան Հին Աթէնք
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդուած է Պղատոն, Արիստոտէլ, Պյութագորաս? եւ Օլիպիոդորոս Կրտսեր?
Մասնագիտութիւն Փիլիսոփայ

Դաւիթ Անյաղթ (ծն.՝ 6-րդ դար, Աթէնք), V–VI դարերու հայ փիլիսոփայ, նոր պղատոնականութեան հետեւորդ։ Հին հայկական փիլիսոփայութեան աշխարհիկ ուղղութեան հիմնադիր, յունաբան դպրոցի գլխաւոր գործիչներէն։

Ըստ հին հայկական աղբիւրներու, ան ծնած է Տարօն գաւառի՝ Ներգին գիւղին մէջ։ Այդ պատճառով ալ ան ձեռագրերէ յաճախ կը յիշատակուի, իբրեւ Դաւիթ Ներգինցի։ Ըստ հետազօտութիւններու, Դաւիթ Անյաղթը ծնած է 5-րդ դարու 70-ական թուականներուն, եւ մահացած է 6-րդ դարու կէսերուն։ Երիտասարդ տարիներուն Դաւիթ Անյաղթը կը մեկնի Յունաստան՝ ուսման։ Ստոյգ ճշդուած է, որ Անյաղթը Յունաստանի մէջ կ'աշակերէ Օլիպիոդորոս Կրտսերին քով, որ 5-րդ դարու վերջերուն եւ 6-րդ դարու սկիզբներուն կը ղեկավարէր Ալեքսանդրիոյ փիլիսոփայական դպրոցը։ Վերադառնալով Հայաստան՝ ծաւալած է գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւն։ Մեծ հռչակ վայելած է նաեւ՝ յունական աշխարհին մէջ։ «Անյաղթ փիլիսոփայի» փառքը ան ձեռք կը բերէ իր գիտելիքներու եւ ամէնէն առաջ բանավէճի իր ձիրքերու համար։ Արեւմտեան գրականութեան մէջ՝ Դաւիթ Անյաղթը յայտնի է նաեւ՝ «Դաւիթ Արմենիոս»՝ Դաւիթ Հայ, անունով։

Ստեղծագործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքստերու համեմատական վերլուծութիւնը ցույց կու տայ, որ Դաւիթ Անյաղթը իր աշխատութիւնները սկզբը գրած է յունարէնով։[1] Դաւիթ Անյաղթը նպաստած է հայ փիլիսոփայութեան կազմաւորման, վճռական դեր խաղացած է փիլիսոփայութեան ճշգրիտ տերմինաբանութեան եւ գիտակարգերու մշակման բնագաւառին մէջ։ Դաւիթ Անյաղթին վերագրուող բազմաթիւ երկերէն անկասկած անոր կը պատկանի չորս աշխատութիւն՝ «Սահմանք իմաստասիրութեան», «Վերլուծութիւն Ներածութեանը Պորփիւրի», «Մեկնութիւն Ստորոգութեանցն Արիստոտէլի» եւ «Մեկնութիւն ի Վերլուծականը Արիստոտէլի», ընդ որուն մէջ, առաջին երեքը պահպանուած են նաեւ յունարէն։

Իբրեւ նորպղատոնական, Դաւիթ Անյաղթը իտէալիստական հիմքի վրայ զուգակցած է Պղատոնի, Արիստոտէլի եւ Պիւթագորասի ուսմունքները։ Աստուած, ըստ Դաւիթ Անյաղթի, բոլոր լինելիութեան տիեզերաբանական ապացուցման սկզբունքը, համարելով, որ միայն բնութիւնը ճանչնալով կարելի է ճանչնալ արարիչը։ Դաւիթ Անյաղթի իմացութեան տեսութիւնը մօտ է Արիստոտելի իմացաբանութեանը եւ ընդունած է անոր որոշ նիւթապաշտական գիծերը։ Աշխարհը Դաւիթ Անյաղթի կարծիքով լիովին ճանաչելի է։ Մարդու հինգ զգայարանները եւ բանականութիւնը հնարաւորութիւն կու տան ճանչնալու ողջ բնութիւնը։

Առանձնայատկություններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դաւիթ Անյաղթը փիլիսոփայութիւնը կը բաժնէ երկու մասի՝ տեսական եւ գործնական։ Առաջին հիմքը հոգւոյ ճանաչողական յատկութիւնն է, իսկ նպատակը՝ մարդու գիտակցութիւնէն անկախ գոյութիւն ունեցող աշխարհի ճանաչումը։ Երկրորդ հիմքը հոգւոյ՝ այլ յատկութիւններն են՝ արիութիւնը, ողջախոհութիւնը, արդարութիւնը։ Անոր նպատակն է բարոյական արատներէն ձերբազատել մարդկային հասարակութիւնը, իւրաքանչիւր անհատի ցոյց տալ առաքինութեան ուղին։

Արիստոտելի, Պղատոնի, Փիլոն Ալեքսանդրացու եւ անտիկ այլ մտածողներու երկերու թարգմանութիւններով հանդերձ՝ Դաւիթ Անյաղթի հայ ժառանգութիւնը որոշիչ դեր խաղաց միջնադարեան փիլիսոփայութեան կազմաւորման գործին մէջ։ Դաւիթ Անյաղթի երկերը ազդեցութիւն ունեցած են միջնադարեան հայ փիլիսոփայութեան զարգացման վրայ, շուրջ մէկ հազարամեակ եղած է բազմաթիւ մեկնողական աշխատութիւններու առարկայ եւ անտիկ դասական փիլիսոփայական երկերու հետ մտած է՝ միջնադարեան Հայաստանի բարձրագոյն դպրոցներու ծրագրերու մէջ։ XVIII դ. անոր երկերը թարգմանուած են վրացերէն եւ շօշափելի դեր խաղացած՝ նաեւ՝ վրացական փիլիսոփայութեան մտքի զարգացման գործին մէջ։

Դաւիթ Անյաղթի Եկեղեցական Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ աւանդութեան, Դաւիթ Անյաղթը բազմաթիւ երգեր յօրինած է եկեղեցւոյ համար։ «Սահմանք Իմաստասիրութեան» մէջ կան երգ–երաժշտութեան վերաբերող, թէեւ ոչ ծաւալուն, բայց նշանակալի ասոյթներ, որոնք առիթ տուած են զանազան մեկնութիւններու եւ, այդպիսով, խթանել ազգային երաժշտագիտութեան զարգացմանը։ Տեսութեան մէջ՝ Դաւիթ Անյաղթը ձայներու յարաբերութիւնները հանգեցնելով քանակային յարաբերութիւններու՝ հիմնաւորած է քանակի բաժանմունքի խաղացած վճռական դերը երաժշտութեան մէջ, որով եւ վերջինս կը կապուի թուաբանութեան, երկրաչափութեան եւ աստղաբաշխութեան հետ։ Դաւիթ Անյաղթը հայ միջավայրին մէջ, ընդունելի դարձած է երաժշտութեան տեսութեան ուսուցումը բարձրագոյն կրթական ծրագրերով նախատեսելու գաղափարը։

Դաւիթ Փիլիսոփայ իմաստասէր, փիլսոփայ:

Մատենագիր Ե.դարու, Հարքացի (Հերացի կամ Ներքինացի) ըլլալով Անյաղթ մակդիրին սրժանացած է մեր մէջ. Մէկ կողմէ շփոթուած է Զ. Դարու կիսուն Աղեքսանդրիա ապրող եւ ի ձայնէ (ապօ Ֆօնիս )Դաւիթ կոչուող յոյն փիլիսոփայի մը հէտ, որուն գործերը թարգմանուած են հայերէնի,եւ միւս կողմէ ՝ Ե. Դարուն երէցոյ հայ Դաւիթի մը հետ որ փիլիսոփայութեան հետեւած է եւ հաբացի ճանչցուած է հաւանաբար հետնագգոյն ձեռագիրներու շնորհիւ:Ե. Դարու Դաւիթը հեղինակ է խաչի ներբողի մը «Բարձրացուզէք զՏէր Աստուած մէր» սկգբնաւորութեամբ,զոր Գիւտ կաթողիկոսի մասնաւոր խնդրանքովը գրի առած է, եւ զոր Շնորհալի չափաբերեալ տողերու վերածեց ԺԲ. Դարուն: Գրուածքի լեզուն յայտնապէս յունարէնի ազդեցութիւնը կրած է, ոչ թէ յոյն քերականութեան ստրուկ նմանեցումներովը –ինչպէս ըրին ուրիշներ հետեւեալ դարուն այլ բառերու կազմութեան նիւթական թարգմանութեամբը որ Ոսկեդարէն վերջը եկող յունագէտ թարգմանիչներէն ոմանց գրչին տակ աւելի կամ նուազ չափով սկսաւ կիրարկուիլ (Դուրեան Եղիշէ պատրիարք «Պատմ. Հայ Մատենագրութիւն

1833-ին Ս. Ղազարու վանքին մէջ տպուած է Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի մատենագրութիւն: Եւ թուղթ Քիւտայ կթղի առ Դաւիթ:

Գործիս հրատարակիչն եղած է Հ.Ներսէս Սարգիսեան :Կորեան եւ մատենագրութեանց հետ միասին տպուած է էջ 94-640 եւ կը բովանդակէ.

  • «Թուղթք Գիւտայ»կթղ.ի առ Դաւիթ ի խնդիր ներբողինի խաչին եւ պատասխանի նորին,
  • «Ներբողեան ի սուրբ խաչն աստուածընկեալ. (խաչի ճարը տպուած է նաեւ «Գիրք եւ ճարհոգեշահ » գործին մէջ,զոր մեկնած է Ներսէս Շնորհալի) որոյ իմաստիցն վսեմութիւն զներգին արատազեղ հանճար ներգինացւոյն ցուլացնէ:
  • «Սահմանք իմասնասիրութեան» լի հմուտութեամբ եւ ոչ թեթեւ ինչ մտած գործ:
  • «Ամենայն չար տանջելի» «Զսմանէ բազում խնդիր է առ իմաստունս. զի ի կարգս բանից Նիւսացւոյն գտանք այս բան ի հելլէն բարբառ յորմէկարծիկ ի միտս ոմանց ակաւ չլինել սմին հարաատ ծնունդ մտացն Դաւիթի:Այլ մեֆ՛ որպէս եւ ամենայն նախնիք մեր առնասարակ Դաւիթի զսավարկանեմբ գոլ.որպէզսի եւ Շնորհաւլոյ հայրապետին մերոյ գեղեցկահիւս բանիւք եւ զմեկնութիւն սորին առնել:Եւ չիցէ արդեօք սարադէպ կարծել թէ նա ինքն Դաւիթ եւ զրոյն զայն շարագրեալ իցէ,որպէս եւ զբասումս ի մատենագրութեամնց նորագտանեմբ եւ յոյն բանիւ. Ապա ժամանակաւ ի մորածօնս անկեալ անուանն Դաւթի առ յոյնս ծանօթագունիծ ինքեայ ընծածայել զորա նոցա»:
  • Զարպահանէլեան «Մատենադարան թարգմանութեանց նախնդաց»ի մէջ այս գրուածքին առթիւ կը գրէ էջ 363-4 «Ազգային բանասիրաց ծանօթ գրուածք մը եւ ընդհանրապէս Դաւիթի ԱՆ. Յաղթի րնծայուած վասնզի իր անունը կրող ՍԱՀՄԱՆԱՑ գրոց մէջ դրուած է իբրեւեւ վէրջին գլուխ մը նոյն երկասիրութեան է Գրիքորի յիսացւոց գրուածքի մը որ խորագիր ունի րոտ լատ.Sermo contr manicheos decem constans Symoğism's)
  • «Հինգ առածք եւ ձաղագս բաժանման»:
  • «Ներածութիւն Պորփիւրի»»:
  • «Վերալուծութիւն Դաւթի ի ներածութիւն Պորփիւրի»:
  • «Տասն սստորոգիւնք Արիստոտէլի»:
  • «Մեկնութիւն Սստորոգութեանցն Արիստոտէլի»:
  • « Արիստոտէլի յաղագս մեկնութեան»:
  • «Մեկնութիւն Պերիարմեանս գրոցն»:
  • «Մեկնութիւն չորեքտասան գլխոց ի Վերլուծականն Արիստոտէլի»:
  • «Յաղագս քերականին պատճառ»:
  • «Պատմութիւն ժաղագս աշխարհի» յորում երեւի գերածայր ճոխութիւն հանճարոյ մատենագրիս եւ Թարգմանչին բնիկ գրիչն ոսկեղէն:
  • «Ա՛յլ րուղթ Արիստոտէլի առսանդր,«Յաղագս առաքինութեանց»:

Կոնիբիր Փ. Անգլիացի հայագէտր հետեւեալ խորագրով ուսումնասիրութիւն մ'ունի.« Քննութիւք գրոց ԴԱՒԹԻ Անյաղթի կամ թարգմանութեանց Արիստոտէլի»: 1731-ին Պոլսոյ մէջ տպուած է«Գիրք սահմանաց Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփայի եւ Աստուածաբան վարդապետի».որուն Բ. Տպագրութիւնր եղած է 1793-ին (658 էջերէ բաղկացած ): (Տե՛ս Հ. Ղազիկեանի «Նոր Մատենագրութիւն»ր էջ 525-8, Հ. Գ. Զարպճանէլեանի ««Պատմ.Հայր Դպր.Գ. տիպ էջ 314-324): Հայ եկեղեցին Դաւիթ Անյաղթը կը տօնէ«Թարգմանչաց »հետ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ.Պոտուրեան,1939 Պուքրէշ,Հատոր Դ.,Էջ 67:
  • Սեն Արեւշատեան «Դաւիթ Անյաղթը՝ հին Հայաստանի ականաւոր փիլիսոփայ», «Հայաստան» հրատ. Երեւան, 1980:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սեն Արեւշատեան «Դաւիթ Անյաղթը՝ հին Հայաստանի ականաւոր փիլիսոփայ», «Հայաստան» հրատ. Երեւան, 1980, էջ 32