Jump to content

Դաւիթ Մէրտինցի

Դաւիթ Մէրտինցի
Ծնած է 1583
Մահացած է 1613
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Դաւիթ Մէրտինցի (1583 - 1613), 15-րդ դարու հայ ժամանակագիր, պատրիարք, նախ աթոռակից նախորդ Անդրէաս պատրիարքին, ապա առանձին, ապա՝ հրաժարած[1]։

Կենսագրական գիծեր[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է քահանայ ՄԷրտին քաղաքէն։ 1452 թուականին գրի առած է տարբեր (հիմնականին մէջ պատմական) բովանդակութեամբ նախապէս կազմուած նիւթերու ժողովածու մը։ Ձեռագիրին աւելցուցած է նաեւ իր տարեգրութիւնը, որ կը ներկայացնէր 1450–1457 թուականներուն միջեւ ինկած պատմական իրադարձութիւնները։ Դաւիթ եղած է ոչ միայն այդ իրադարձութիւններու ժամանակակիցը, այլ, շատ մը պարագաներու, նաեւ ականատեսը։ Իր փոքրիկ ժամանակագրութիւնը կարեւոր եւ հաւաստի աղբիւր կը ներկայացնէ այդ կարճ ժամանակահատուածին ուսումնասիրման համար։ Անիկա կը պարունակէ հետաքրքրական տուեալներ Գարա-Գոյունլուներու պետութեան եւ Ճահանշահի կառավարման մասին, Ագ-Գոյունլուներու պետութեան ղեկավար Ուզուն Հասանի եւ իր եղբօր՝ Ճահանգիրի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմին մասին, ՄԷրտինի ապստամբութեան, 1457 թուականի ապրիլ 23-ին Երզնկայի մէջ պատահած երկրաշարժին մասին, եւ այլն։

Մատենադարան, ձեռագիր թիւ 1198

Հրատարակութիւն [2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մանր ժամանակագրութիւններ ԺԳ.-ԺԸ. դարեր», Վազգէն Յակոբեան, Բ. հատոր, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութեան տպարան, Երեւան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]