Jump to content

Դաւթաշէն (վարչական շրջան)

Դաւթաշէն վարչական շրջան

Դաւթաշէն, վարչական շրջան Երեւանի մէջ։

Դաւթաշէն վարչական շրջան (Դաւթաշէն), Երեւան քաղաքի 12 վարչական շրջաններէն մէկն է։ Այն սահմանակից է Աջափնեակ եւ Արաբկիր վարչական շրջաններուն։ Կը գտնուի Հրազդան գետի աջ ափին, իսկ արտաքին սահմանագիծով կը յարի Կոտայքի մարզին։ Տարածքը՝ 654 հեկտար է, որ կկը կազմէ Երեւան քաղաքի ընդհանուր տարածքի 2.9%-ը։ Բնակչութիւնը կը կազմէ 42.5 հազար մարդ։

Երկու տարի անընդմէջ դարձած է լաւագոյն վարչական շրջան՝ Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու 2012 թ., 2013 թ. ընթացքին կատարած աշխատանքներու գնահատման եւ վերլուծութեան արդիւնքներով։

Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմը կը գործէ Դաւթաշէնի 3-րդ թաղամասի վարչական շէնքին մէջ։

Վարչական շրջանին մէջ կը գործէ 5 նախադպրոցական հաստատութիւն, 6 հանրակրթական դպրոց, Աւետ Տէրտէրեանի անուան արուեստի դպրոց, 1 գրադարան, 1 շախմատի դպրոց, 1 լողաւազան, Արդարադատութեան ակադեմիա։ Ինչպէս նաեւ կը գործեն առեւտուրի, հանրային սնունդի եւ սպասարկումներու 298 փոքր եւ միջին կեդրոններ։

Դաւթաշէնի մէջ կը գործէ նաեւ 1 բժշկական կեդրոն, Անձնագիրերու եւ վիզաներու վարչութիւնը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային օլիմպիական կոմիտէն։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դաւթաշէնը յայտնի եղած է Առաջին գիւղ անուանումով։ Ընդգրկուած եղած է Երեւանի Շահումեան շրջանի կազմին մէջ եւ կը գտնուի Հրազդան գետի աջ ափին։ 1939-ին Հայաստանի մէջ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսի 1000-ամեակը տօնելու օրը գիւղը վերանուանուած է Դաւթաշէն։ Տարածքը մինչեւ օրս կը կրէ այդ անունը։

Խորհրդային տարիներուն Երեւան քաղաքը շարունակեց աճիլ, զարգանալ, իր տարածքը ընդլայնել՝ շրջապատի արուարձանները իր մէջ ընդգրկելով։ Այդ ընդարձակման ընթացքին Հրազդան գետին վրայ կառուցուեցան քանի մը կամուրջներ, որոնք Շահումեանի շրջանը սերտօրէն կապեցին քաղաքին հետ։ 1970-ական թուականներուն Դաւթաշէն գիւղը Երեւանի մաս դարձաւ։ 1984-ին Հայկական ՍՍՀ Երքաղսովետի գործկոմի որոշումով՝ յատկացուեցաւ 223,0 հա հողամաս՝ Դաւթաշէն բնակելի թաղամասի շինարարութեան համար։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, երբ 80-ական թուականներուն Երեւանը բաժնուած էր 8 վարչական շրջաններու, այժմեան Աջափնեակն ու Դաւթաշէնը Մաշտոցի շրջանի կազմին մէջ էին:

1996-ին «Վարչատարածքային բաժանման մասին» Հայաստանի օրէնքի ընդունումէն ետք Դաւթաշէնը կը դառնայ Երեւան քաղաքի թաղային համայնք։ Իսկ «Երեւան քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» Հայաստանի օրէնքն ուժի մէջ մտնելէն ետք 2009-ին կը դառնայ վարչական շրջան։

Երբ կազմաւորուած է Դաւթաշէն համայնքը՝ 1996-1999 թթ., զայն ղեկավարած է Ռուբէն Գէորգեանը, 1999-2008 թթ.՝ Սուրիկ Ղուկասեանը, 2008-2012 թթ.՝ Արթուր Գէորգեանը, 2012-2018 թթ.՝ Ռուսլան Պաղտասարեանը, իսկ 2018֊2021 թթ՝ Միքայէլ Թումասեանը։

2021 թուականին Երեւանի քաղաքապետարանի Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավար նշանակուած է Սաշա Կատուալեանը[1]։

Քոյր եւ գործընկեր քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դաւթաշէն վարչական շրջանը գործընկեր է Շիրակի մարզի Արթիկ քաղաքին եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքին հետ։

Դաւթաշէն վարչական շրջանը ունի քոյր քաղաք՝ Ֆրանսայի Անտոնի քաղաքը, որուն հետ քոյրացման արձանագրութիւն ստորագրուած է։

Դաւթաշէնի կից Հրազդանի կիրճը եւ Դաւթաշէնի մէկ մասը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]