Jump to content

Դարանաղի (գաւառ)

Դարանաղի, գաւառ Մեծ Հայքի Բարձր Հայք աշխարհին մէջ[1]։ Կը համապատասխանէ ուշ ժամանակներու Կամախին (Քեմախ)։ Յայտնի էր իր արգաւանդ հողերով եւ հանքային ջուրերով։

Գաւառը պատմութեան մէջ յիշատակուած է տարբեր անուանումներով՝ Աղեաց գաւառ, Դարալիստէ, Դարանա, Դարանալիս, Դարանաղ, Դարանաղէ, Դարանաղիկ, Դարանաղիք, Դարանաղեաց աշխարհ, Դարանաղեաց գաւառ, Դարանաղեաց երկիր, Դարանաղեաք, Դարանիսա, Դարեաց գաւառ։

Լատիներէն աղբիւրներուն մէջ նոյնացուած է Անալիպլայի հետ, որ կը համարուի 7-րդ դարու «Աշխարհացոյց»-ի Աղիւն կամ Առիւծ գաւառը։ Հարուստ էր աղահանքերով, որուն պատճառով ալ անոր անունը սովորաբար կը կապեն աղի հետ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը տարածուէր Արեւմտեան Եփրատի հովիտին մէջ։ Հին ժամանակ կը մտնէր Ստրաբոնի յիշատակած Ակիլեսէնէի (յետագային՝ Եկեղեցեաց գաւառ) կազմին մէջ։

Իր տարածքով կը համապատասխանէ այժմեան Թուրքիոյ Կամախի շրջանին, կը գտնուէր Երզնկայէն հարաւ-արեւմուտք։ Հրաբխային սարահարթ է, ունի սառնորակ աղբիւրներ, հարուստ է հանքային ջուրերով։ Պատմաաշխարհագրական վայրերէն նշանաւոր են Թորդան գիւղը եւ Անի ամրոցը։

Գաւառի կեդրոնը Անի աւանն էր՝ Արեւմտեան Եփրատի աջ ափին, որուն մօտ կը գտնուէր Կամախը՝ նոյն գետի ձախ ափին։ Միւս պատմական վայրերէն են Սեպուհ լեռը, Մանիա այրքը եւ Թորդան աւանը։

Հայ պատմագիրներէն Դարանաղի գաւառը առաջին անգամ յիշատակած է Փաւստոս Բիւզանդը, որ այդ Եկեղեցեաց գաւառները համարած է Լուսաւորիչի տոհմի սեփականութիւնը։

Հեթանոսութեան շրջանին Դարանաղի գաւառը կրօնական մեծ կեդրոն էր․ այստեղ կը գտնուէին (Անի ամրոցին մէջ) Արամազդ աստուծոյ մեհեանը, Արշակունի թագաւորներու պանթէոնը[2]։ Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի, 4-րդ դարու 2-րդ կէսին՝ 360 թուականին, երբ Սասանեան Շապուհ II արքայի զօրքերն աւերած են Արշակունեաց դամբարանը, անոնք միայն չեն կարողացած քանդել Սանատրուկի շիրիմը Դարանաղեաց Անի բերդին մէջ՝ Արշակունիներու հանգստարանին մէջ, որ «հսկայաշէն, հաստապինդ եւ ճարտարագործ կառուցուածք էր»[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը»
  2. Թ.Խ. Յակոբյան, Ստ.Տ. Մելիք-Բախշեան, Հ.Խ. Բարսեղեան։ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1988։
  3. Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, հատոր 1, գլուխ երեսուներորդ, Հայաստանի քաղաքական վիճակը մ․ թ․ II դարուն։ էջեր 766–767: