Jump to content

Դանիէլ

«Դանիէլ», անգլիահայ գրող եւ բեմադրիչ Կարօ Պէրպէրեանի կարճամետրաժ ֆիլմ, որ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու։ Ֆիլմը կը պատմէ հայ գրող Դանիէլ Վարուժանի կեանքի վերջին ամիսներու՝ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ անոր մահուան պատմութիւնը 31 տարեկանին՝ իր որդւոյն ծննդեան օրը։

«Դանիէլ»-ը առաջին ֆիլմն է, ուր կը պատմուի Հայաստանի մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն մասին, որ ունի նաեւ միջազգային համբաւ։ Ֆիլմը նկարահանուած է լրագրող Արամ Անտոնեանի յուշերուն հիման վրայ, որ 24 Ապրիլ 1915-ին այն 250 մտաւորականներէն մէկը եղած է։ Անոր եւ շարք մը այլ մտաւորականներու Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ արտաքսած էին, որոնց շարքերուն եղած է նաեւ Դանիէլ Վարուժանը։ Մտաւորականներու տեղահանումը պատմութեան մէջ կոչուած է «Կարմիր Կիրակի» անունով։

Ֆիլմը երկու լեզուով է, նկարահանուած՝ վտանգի տակ գտնուող արեւմտահայերէնով (ըստ ԵՈՒՆԵՍԿՈՅԻ[1]) եւ անգլերէնով։ Սաունդթրեքները Ֆիլիփ Գլասի «Glassworks» սիուիտը, որ կը կատարէ Վալենտինա Լիսիտցան, Մայքլ Նայմանի «Out of the Ruins», Ժորդի Սաւալի «Armenian Spirit» եւ Տիգրան Համասեանի «Luis I Luso» ստեղծագործութիւններն են։

Ֆիլմը նկարահանուած է նէօ նուար ոճով՝ նուար ժանրի ֆիլմի նմանութեամբ եւ Օրսոն Ուելսի «Քաղաքացի Քէյնը» եւ Ռուբէն Մամուլեանի «Զորրոյի նշանը» ֆիլմերու ազդեցութեամբ[2][3]։ Ֆիլմին պատմութիւնը կը ներկայացուի պոեզիայի միջոցով։ Նկարահանուած է երկու լեզուով: Վարուժանի բանաստեղծութիւններու տեսարանները ներկայացուած են արեւմտահայերէնով՝ Եղիա Ագիունի կատարողութեամբ, իսկ անգլերէնով ներկայացուած են գրող Պեն Հոճսոնի «Indelible» (անջնջելի) պոեմը՝ բազմակի մրցանակակիր Շոն Պինի կատարողութեամբ։

Ֆիլմի երաժշտութիւնը գրած են Ֆիլիփ Գլասը, Տիգրան Համասեանը, Մայքլ Նայմանը եւ ուրիշներ։ Առանց անոնց հիանալի երաժշտութեան՝ պոեզիան եւ վիզուալը ամբողջական չէին ըլլար։

Կարօ Պէրպէրեանը սկզբնական շրջանին նկարահանումներու համար ընտրած էր Ստամպուլը, ուր ապրած եւ աշխատած է Վարուժանը։ Սակայն նկարահանումի ծրագիրները անհնար էին, եւ Պէրպէրեանը որոշեց ֆիլմը նկարահանել Կիւմրիի մէջ։ Դերասաններուն մեծ մասը Կիւմրիի պետական դրամատիկական թատրոնի դերասաններն են։

Ֆիլմը նկարահանուած է Կիւմրիի երկաթուղային հանգոյցին, Վարդանանց հրապարակին, Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարանին եւ Կումայրի պատմական թաղամասին մէջ, իսկ լրացուցիչ տեսարանները նկարահանուած են Անգլիոյ Պորտսմութ քաղաքին եւ Պորտսմութի համալսարանին մէջ[2]։

Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են պոեզիայի երկու շարք՝ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն։ Վարուժանի պոեզիան արեւմտահայերէնով կ'արտասանէ Եղիա Ագիունը, որ կ'ուղեկցուի Ալիս Սթոուն Պլեքուելի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի թարգմանած անգլերէն ենթագրերով։ Երիտասարդ Վարուժանը ականատես եղած է Համիտեան ջարդերուն, որ մեծ ներգործութիւն ունեցած է անոր պոեզիային վրայ։ Ֆիլմին մէջ կ'օգտագործուին Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատը, որուն մէջ կանխատեսած էին 1915 թուականի իրադարձութիւնները։ «Դանիէլ»-ի տեսարանները կը բացատրուին հարուստ արեւմտահայերէնով, որուն ճամբով բանաստեղծը գրած է կորուստի, սիրոյ, աքսորի եւ մարդկութեան համար խաղաղութեան իր ցանկութեան մասին։

Ֆիլմը կ'եզրափակէ «Ցեղին Սիրտը» ժողովածուի «Նեմեսիս» էպիկական պոեմի հետեւեալ հատուածով[4].

«Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող, Երբ որ երազը կ’ապրի, Երբ որ երազն անմա՜հ է։»

Ֆիլմին մէջ հնչող անգլերէն «Indelible» բանաստեղծութիւնը գրած է Պեն Հոճսոնը, որ կը կարդայ Շոն Պինը։ Այն «Պինի կողմէ ընթերցուող իրականութեան մասին ժամանակակից պատմութիւններ են, որոնք հետագային պէտք է ցուցադրուին ֆիլմին մէջ»[5]։ Անգլերէն հատուածը ունի արեւմտահայերէն ենթագրեր։

2018 թուականի Օգոստոսին կայացած Վտանգի տակ գտնուող պոեզիայի նախագիծի ժամանակ «Դանիէլ»-ը եւ այստեղ օգտագործուած Վարուժանի բանաստեղծութիւնները գրաւած են Ազգային պոեզիայի գրադարանի գրադարանավար եւ բանաստեղծ Քրիս ՄաքՔէյպի ուշադրութեան կեդրոնը։ Հետագային, երբ ան կ'աշխատէր անթոլոկիայի եւ վտանգուած լեզուներով գրուած ստեղծագործութիւններուն վրայ, ՄաքՔէյպը իրեն համար 50 այլ գործերէ առանձնացուցած էր Վարուժանի ստեղծագործութիւններէն «Ողորմութիւն»-ը։ «Ոչնչացման եզրին գտնուող ստեղծագործութիւններ» անթոլոկիայի մասին յայտարարած են 2019 թուականի Մարտին, իսկ հրատարակած են 2019 թուականի Սեպտեմբերին։ Այստեղ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը ներկայացուած է ե՛ւ արեւմտահայերէնով, ե՛ւ անգլերէնով՝ բանաստեղծի կեանքի, գրական լեզուի եւ ոճի մասին պատմող ներածութիւնով։ Գիրքը հանրութեան կողմէ շատ լաւ ընդունուած է եւ պաշտօնապէս ներկայացուած է Southbank Centre-ին մէջ կայացած Լոնտոնի գրական փառատօնին[6]։

  • Շոն Պին՝ ընթերցող
  • Տիգրան Գաբոյեան՝ Դանիէլ Վարուժան - Taniel Varoujan
  • Եղիա Ագիուն՝ Դանիէլ Վարուժանի ձայնային դերակատար
  • Շողակաթ Մլքէ Գալստեան՝ Արաքսեայ Վարուժան
  • Սամուէլ Գրիգորեան՝ Պետրի Պէյ
  • Կարօ Պէրպէրեան՝ բեմադրիչ
  • Կարօ Պէրպէրեան, Պեն Հոճսոն՝ գրողներ
  • Նարէ Տէր-Գաբրիէլեան՝ պրոդիուսր
  • Գուրի Գոլիդաձէ, Պեն Հոճսոն՝ օպերատորներ
  • Մարիամ Դուալիշւիլի՝ օգնական բեմադրիչ
  • Գարիկ Մանուկեան՝ նկարիչ-բեմադրող
  • Տաթեւիկ Այվազեան՝ գրական պրոդիուսր
  • Լորէյն Ուոնթ՝ խմբագիր
  • Ժեսսի Հոճսոն՝ նկարազարդող
  • Մարք Կուրի՝ անիմացիոն տիզայնր
  • Ռիչարտ Հինթոն՝ ֆոլի (ձայնային էֆեկտներու) դիզայնր
  1. «Endangered languages: the full list»։ The Guardian։ 15 Ապրիլ 2011։ արտագրուած է՝ 2 Դեկտեմբեր 2018
  2. 1 2 «Short film about Taniel Varoujan wins two awards at Bermuda Int'l Film Festival»։ Armenpress
  3. «ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ»։ Jamanak
  4. «ՆԵՄԵՍԻՍ»։ Digilib
  5. «Sean Bean Gives Voice to Taniel»։ ․ Նոյեմբեր 2017 թ.
  6. Financial Times (20 Սեպտեմբեր 2019)։ «Poems from the Edge of Extinction — lines on borrowed time»։ Financial Times