Jump to content

Գրքասէրը (քանդակ)

«Գրքասէրը», քանդակ մըն է, որ կը գտնուի Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին «Ընթերցասէրը» պուրակին մէջ: Այս պուրակը կը յաւակնի դառնալ երիտասարդ ընթերցասէրներու սիրելի անկիւնը:

Քանդակը տեղադրուած է 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արցախի հերոս, 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած, մեծ ընթերցասէր Ալեն Մարգարեանի կերպարով: Քանդակին հեղինակն է Մկրտիչ Մազմանեանը:

«Ընթերցասէրը» պուրակին միտք բանին կ’ամբողջացնէ խորհրդանշական գրուածք մը`

«Կեանքի իմաստը վաղուայ օրուան աւելի լաւը լինելու հաւատի մէջ է…»:

Այս էր Արցախի հերոս, մեծ ընթերցասէր, «Ոսկէ արծիւ» շքանշանակիր Ալեն Մարգարեանի գաղափարախօսութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2025-10-02։ արտագրուած է՝ 2025-12-08