Գրիգոր Քհնյ. Տէր Սահակեան

Գրիգոր Քհնյ. Տէր Սահակեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Տէորթ Եոլ
Մահացած է 1945
Մասնագիտութիւն հոգեւորական

Տ. Գրիգոր Քահանայ Տէր Սահակեան (1880 - 1945), ծնած է Տէօրթ եոլցի ծնողքէ, Տէօրթ Եոլի մէջ, 1880-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Միացեալ Ընկերութիւն վարժարանը, ապա անցած է Ատանա ու յաճախած Աբգարեան վարժարանը։

1895-ի քաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերումով, ան հարկադրուած է ձգել դպրոցը վերջին տարուան կիսուն ու զրկուած վկայականէն։ Ւր ապրուստը ապահովելու ու կեանքը կերտելու հեռանկարով, նետուած է ազատ ասպարէզ։ Իբրեւ թրքերէն լեզուի տիրապետած երիտասարդ, հետեւած է վաճառականութեան։ Տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, դարձած է ինքնաբաւ, ընտրած է իր կեանքի ընկերը եւ պսակուած Տէօրթ Եոլի մէջ։

1915-ի Մեծ Եղեռնին, տարագրուած է դէպի Հորան ու ժամանակ մը ետք դէպի Ժպէլ Տրուղ։ Շնորհիւ իր ճարպիկութեան, ազատած է զինուորութենէն եւ զբաղած առեւտրրական գործերով, ապահովելով իր հանապազօրեայ հացը։

Տարագրութենէն ետք, վերադարձած է իր ծննդավայրը։ Տէօրթ եոլցի հայրենակիցները եւ տեղւոյն թաղականութիւնը իր լաւ վարք ու բարքը եւ ծառայասէր ոգին նկատի առնելով, զինք որոշած են քահանայութեան յարմար թեկնածու։ Ան առանց հակառակելու Ժողովուրդին ու ազգայիններու կամքին համակերպած է ու ընդունած քահանայական կարգի կոչման հրաւէր։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Տեօրթ Եոլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 1919-ին Տ. Եղիշէ Եպիսկոպոս Նարոյեանի ձեռամբ վերակոչուելով Տէր Գրիգորի։

Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրանալէն ետք, Տ. Գրիգոր հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Գրըգ Խանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Իբրեւ երիտասարդ հոգեւորական, Տէր հայրը եռանդով լծուած է հովուական աշխատանքի։

Լաւապէս սերտելէ ետք այս փոքրաթիւ գաղութին կարելիութիւններն ու գործօն տարրերը, զանոնք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբած է, անոնց գործակցութեան անվերապահ աջակցութիւնը ապահոված ու ձեռնարկած կազմակերպական աշխատանքի։ Զարկ տուած է դպրաց դասի անդամներու բաղմացման եւ զօրացման եկեղեցւոյ պայծառացման ու բարեզարդման։

Ան մեծ կարեւորութիւն տուած է նաեւ շրջակայ հայկական գիւղերուն ազգաբնակչութեան։ Եւ յաճախակի հովուական այցելութիւններով հոգեւոր մխիթարութիւն տուած է անոնց եւ մեր եկեղեցական-ազգային աւանդութիւններուն հանդէպ՝ մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ստեղծած։ Եկեղեցւոյ ու գաղութին շահերէն թելադրուելով՝ մշակած է բարւոք յարարերութիւններ պետական պատասխանատուներուն հետ։

Իր անձնուէր ծառայութեան համար Տէր Գրիգոր Գրըգ Խանի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած է։ Տարիներու փորձառութիւնը զինք վարչական գործերու հմուտ դարձուցած է։ Իր օրով գաղութին ազգային-ժողովական կեանքը ընթացած է խաղաղ ու ներդաշնակ։

1939-ին, երբ Սանճագ-Իսկէնտէրունը կր միանայ Թուրքիոյ, Տէր հայրը իր Ժողովուրդին հետ կը լքէ Գրըգ Խանը։ Ամբողջ շրջանը կր պարպուի հայութենէն։ Ան իր ժողովուրդին նման կր դառնայ գաղթական ու անոնց ընկերակցութեամբ կը գաղթէ Լիբանան եւ կը հաստատուի Սայտա-Սուրի շրջանը։ Ան դժուարին պայմաններուն մէջ միշտ կը մնայ իր հօտին հետ։ Տարիներ այնտեղ ծառայելէ ետք կը վախճանի 1945-ին եւ մարմինը կ՛ամփոփուի հայոց Ազգային Գերեզմանատան[1] մէջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 109։