Գրիգոր Քհնյ. Խաչատուրեան

Գրիգոր Քհնյ. Խաչատուրեան
Ծնած է 1883
Մահացած է 1942

Գրիգոր Քհնյ. Խաչատուրեան (1883-1942), Տ. Գրիգոր քհնյ. Խաչատուրեան՝ աւազանի անունով Ռուբէն, ծնած է Պրուսայի Մուրատչա գիւղը 1883-ին։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնր ստացած է ծննդավյայրի վարրժարանը ապա յաճախած է Ուսումնասիրաց Միութեան դպրոցը աւելի քան երեք տարիներ։ 1899-ին, ընտանեք փոխադրուած է էսկի Շէհիր։ Ան մտած է կեանքի ազատ ասպարէզ։ Նիւթական պայմզնները բարելաւելէ ետք, Ռուբէն պսակուած կ հայրենակից ընտանիքի դուստրի մը հետ, Նալլրխանցի Տէբ Գալուստ Քահանայի ձեռամբ 1910-ի-ն։

Ա. Համաշխարհային ընդհանուր պատերազմին, ան զինուորագրուած ու չորս տարիներ թրքական բանակի հիւանդանոցի մը մէջ ծաոայած է։ Ւսկ 1918-ի զինադադարին ազատ արձակուելով՝ վերադարձած է էսկի Շէհիր, ուր եօթ ամիս մնալէ ետք, Մուրատչայի իր Հայրենակիցներն ու յարակից ֊ գիւղերու վերապրող Ժողովուրդը՝ Ռուբէնի լաւ վարքն ու բարքը եւ եկեղեցասէր ու ազգասէր ոգին նկատի աոնելով՝ որոշած են զինք քահանայ ձեոնադրել տալ։

Նիկոմիզիոյ առաջնորդ Տ. Ստեփան Արք. Յովակիմեան, Ռուբէնը ձեռնադրած է քահանայ իր իսկ ձեռամբ՝ ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ, զայն վերակոչելով Տէր Գրիգոր, 1919-ին։

Հազիւ մէկուկէս տարի քահանայագործած, 1912-ին, լեմալական կառավարութիւնը նոր հրամանագիր մը կը հանէ վերապրող հայերը տարագրելու դէպի Միխալըճ կոչուած շրջանը։ Հոն մօտ երկու ամիս դժոխային պայմաններու մէջ մնալէ ետք, այլ հրամանագրով մը կը քշուին նախ Գըրշէհիր ու ապա Քէսիկին Մատէն կոչուած անծանօթ վայրը։

Այնուհետեւր, Տէր Հօր գլխաւորութեամբ բազմաչարչար այս ժողովուրդը տարագրուած է դէպի Սեբաստիա։

Սակայն, թուրք ոստիկանաթիւնը՝ ժողովուրդը առանց հոգեւոր հովիւի ու ղեկավարի ձգելու չարամտութեամբ՝ տէր հայրը ամբաստանած է իբրեւեւ յոյներու հետ գործակցոդ։ Զայն ձերրակալած ու բանտարկած է։ Ապա, բանտէ բանտ փոխադրելով զայն յանձնած է՝ Քեախթայի քիւրտ աշիրաթներուն, որոնց մէջ մէկ ամիս մնալէ ետք, տեղւոյն զինուորական բաժամունքի նախագահին հրամանով՝ Տէր Հայրը զինուորագրուած է եւ բանուորական դասակարգին ծառայելու համար Սեւերկէն փոխադրուած է դէպի Տիգրանակերտ[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 126-129։