Գրիգոր Սաթամեան

Գրիգոր Սաթամեան
Ծնած է 8 Դեկտեմբեր 1940(1940-12-08) (83 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Մասնագիտութիւն դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ

Գրիգոր Սաթամեան (8 Դեկտեմբեր 1940(1940-12-08), Պէյրութ, Լիբանան), արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան: Ցարդ, Գրիգոր Սաթամեան զանազան թատերախումբերու հետ բեմադրած է 72 թատերգութիւններ, խաղացած է 84 ներկայացումներու մէջ եւ հայերէնի թարգմանած է 20 թատերգութիւններ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1959-ին շրջանաւարտ եղած է ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, որմէ ետք յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ չորս տարուան շրջանը աւարտելով՝ ստացած է Պսակաւոր Արուեստից Տիտղոս, Տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։

1964-ին, ՀԲԸ Միութիւնը կրթաթոշակ կը յատկացնէ Գրիգոր Սաթամեանին, որ Անգլիա երթայ եւ ան կը յաճախէ Լոնտոնի ֆիլմարուեստի դպրոցը (London School of Film Technique)։ Աւարտելէն ետք, բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ ընդունուելու նշանաւոր Old Vic Theatre School-էն՝ որու 28 տեղերուն համար դիմած էին 1,700 ուսանողներ: Երկու տարուան ուսանողական շրջանը՝ դերասանութեան կողքին կ՛ընդգրկէր, ձայնամարզութիւն, բեմավարութիւն, մարմնական եւ դէմքի շարժուձեւերու տիրապետութիւն ու վերջապէս բեմադրութիւն՝ Անգլիոյ հռչակաւոր ուսուցիչներէն Ռուտի Շէլիի կողմէ։

Ամերիկեան Համալսարանի թոյլատուութեամբ, կ՛անցնի Պրիսթոլ եւ տարի մը դասախօսելէ ետք՝ կ'որոշէ գաղթել Միացեալ Նահանգներ։

Թատերական փորձառութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք,Գրիգոր Սաթամեան կը միանայ ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան Համալսարանի թատերական ակումբին։ Տարի մը ետք, մաս կը կազմէ նոր հիմնուած Լիբանանեան ժամանակից թատրոնին՝ ուր ելոյթ կ՛ունենայ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

Թատերախումբի Գեղարուեստական Ղեկավար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1968-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը հրաւիրուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին կողմէ՝ աշխատելու որպէս թատրոնի դասախօս։ Միեւնոյն ժամանակ կը նշանակուի ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբի Գեղարուեստական ղեկավար։

Գրիգոր Սաթամեան կը հիմնէ նաեւ երիտասարդներու յատուկ թատերական դպրոց մը՝ ուսուցանելու դերասանութիւն եւ բեմի ետեւ աշխատելու ունակութիւն։ Եօթը տարի կ՛աշխատի որպէս դասախօս եւ բեմադրիչ՝ հայ թէ օտար խումբերու հետ։

British Council-էն ներկայացուցիչ մը՝ տեսնելով աշխատանքս, գնահատական նամակ մը գրած էր Օլտ Վիք թատրոնի Տնօրէնին, որ չուշացաւ զիս հրաւիրելու որպէս թատրոնի դասախօս՝ այդ դպրոցին մէջ։ Տնօրէնը՝ իր հրաւէր-նամակը եզրափակած էր հետեւեալ նախադասութիւնով, «Պրն. Սաթամեան եղած է իմ աշակերտներէս ամէնէն փայլունն ու տաղանդաւորը։» Հաւանաբար միակ հայն էի որ արժանացած էի նման բացառիկ պատիւի մը։
- Գրիգոր Սաթամեան


Հիմնադիր ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան աւելի քան կէս դար ծառայած է հայ մշակոյթին, Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Նիւ Եորք եւ ապա Լոս Անճելըս։ Ան հիմնած է ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր ինչպէս՝ «Արտաշատ»՝ Նիւ Եորքի մէջ, «Յակոբ Պարոնեան»՝ Պոսթընի մէջ, «Ուիլիամ Սարոյեան»՝ Ֆիլատելֆիոյ եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Երուանդ Օտեան»՝ Տիթրոյթի մէջ եւ վերջապէս «Արտաւազդ»՝ Լոս Անճելըսի մէջ։

Գրիգոր Սաթամեան միակ բեմադրիչ Սփիւռքէն՝ հրաւիրուած Սովետական Հայաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1972-ին, Երեւանի Տրամաթիկական թատրոնի ղեկավար Հրաչեայ Ղաբլանեան կը հրաւիրէ ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբը, որ իր ելոյթներով հանդէս գայ Հայաստանի քանի մը քաղաքներուն մէջ։ Երկու թատերգութիւններով՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» հանդէս կու գան նախ Երեւանի Սունտուկեանի անուան Պետական թատրոնին մէջ եւ ապա կը շրջին Արտաշատ, Էջմիածին, Կիրովական եւ Լենինական քաղաքները ու իրենց աւարտական ելոյթը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի Տրամաթիկական թատրոնին մէջ։

Ելոյթներէն ետք, Վարպետ Բեմադրիչ Վարդան Աճեմեան փորձեց համոզել զիս որ մնամ Երեւան եւ աշխատիմ որպէս դերասան-բեմադրիչ Սունտուկեան թատրոնին մէջ։ Նոյն հրաւէրը ստացայ նաեւ Հրաչեայ Ղաբլանեանէն, որ աշխատիմ Երեւանի Տրամաթիկական թատրոնին մէջ։ Պատասխանս նոյն էր, թէեւ մեծ պատիւ էր ինծի համար՝ սակայն պայմանագրուած էի աշխատելու Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։ Դժբախտաբար պայմանագրութիւնս չվերջացած, Վարդան Աճեմեան կնքեց իր մահկանացուն։
- Գրիգոր Սաթամեան


Գրիգոր Սաթամեան ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբի ելոյթը Եւրոպա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1975-ին՝ նոյն թատերախաղերով՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» հանդէս եկան Լոնտոնի, Փարիզի եւ Նիկոսիոյ բեմերուն վրայ։

Նիւ Եորքի ՀԲԸ Միութեան Գեղարուեսատական Տնօրէնի պաշտօն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1976-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը, ուր կը միանայ «Քոլոնարզ Թիեթըր Լեպ» թատերախումբին, որպէս անոր բեմադրիչներէն մին։ Այս թատերախումբին հետ իր առաջին թատերգութիւնը բեմադրելէ ետք, ան կը հրաւիրուի երեք անգամ բեմադրելու «Հոփ Սամըր Ռեփերթուար Թիեթըր»ին համար, Միշիկընի մէջ։ Տարի մը ետք կը միանայ ՀԲԸՄ-ի անձնակազմին:

ՀԲԸ Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակային Վարչութեան ատենապետուհի Արմինէ Սապահ-Կիւլեանի ժողովի հրաւէրով եւ առաջարկով, որուն ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պերճ Սեդրակեանը՝ Գրիգոր Սաթամեան կը ստանձնէ Գեղարուեսատական Տնօրէնի պաշտօնը՝ 4 Ապրիլ 1978-ին։

Նիւ Եորք եղած շրջանին, կը հիմնէ վեց թատերական խումբեր։ Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Տիթրոյթի, Ֆիլատէլֆիոյ, Պուէնոս Այրէսի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Կը հիմնէ նաեւ Նիւ Եորքի միակ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրը «Spotlight Armenians” անուան տակ, որուն վարիչ տնօրէնն ու խօսնակն էր Գրիգոր Սաթամեան ամբողջ երկու տարի։

Նիւ Եորք եղած շրջանիս, առիթը ունեցայ ծանօթանալու եւ մտերմանալու Ուիլիամ Սարոյեանի հետ։
- Գրիգոր Սաթամեան


Գրիգոր Սաթամեան կը տեղափոխուի հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988-ին կը տեղափոխուի հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը եւ իր թատերական գործունէութիւնը կը շարունակէ «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ։

1989-ին կը բեմադրէ Մարսէլ Փանիոլի «Հացագործին Կինը» գործը, խաղարկութեամբ հայրենի վաստակաշատ դերասան Մհեր Մկրտչեանի ու իր Տիկինը Թամարա Յովհաննէսեանի. նաեւ միաժամանակ, Մկրտչեանի բեմադրած Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ին մէջ կը մարմնաւորէ Կիպարի դերը։

Մեր լաւագոյն նախաձեռնութիւնն էր Հայաստանէն հրաւիրել հռչակաւոր դերասան-բեմադրիչ Մհեր Մկրտիչեանն ու իր Տիկինը Թամարա Յովհաննէսեանը, որոնք ՀԲԸ Միութեան «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ ներկայացուցին Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ն ու Մարսէլ Փանիոլի «Հացագործին Կինը»։ Այս երկու թատերախաղերով մենք շրջեցանք Ֆրէզնօ, Ֆիլատէլֆիա, Նիւ Եորք եւ Պոսթոն քաղաքները՝ մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով ամէնուրեք։
- Գրիգոր Սաթամեան


1992-ին, դարձեալ «Արտաւազդ»ի հետ, «Ուաթֆայըր» թատերասրահին մէջ անգլերէն լեզուով բեմ կը բարձրանայ Էտուըրտ Աշի «Մենզ Պեսթ Ֆրենտ» եւ Մըրի Շիզկըլի «Փուշքարթ Փետլըրզ» ներկայացումներուն մէջ՝ բեմադրութեամբ Փիթըր Մանուկեանի։

Կարեւոր դերերով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ամերիկեան ֆիլմերու մէջ, որոնց շարքին՝ «Assignment Berlin», «Subterfuge», «One More Step», «Enemies of Laughter», «After Freedom», «Pomegranate», «Must Love Dogs» եւ «Summerland», ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ հեռատեսիլի յայտագիրներուն մէջ. «Suddenly Susan», «The Naked Truth», «Team Knight Rider», «Mad TV», «Alias», «24»:

Ապա, Գրիգոր Սաթամեան եւ մայէսթրօ Վաչէ Պարսումեան միասնաբար կը բեմադրեն Տիգրան Չուխաճեանի երեք օփերաները՝ «Արտաւազդ»ի եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան համագործակցութեամբ. «Զուարթ»՝ 2003-ին, «Լեպլեպիճի Հօր Հօր Աղա»՝ 2004-ին եւ «Զեմիրէ»՝ 2008-ին։

Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթ կ՛ունենայ Անգլիոյ, Նիւ Եորքի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Հեռատեսիլի դրուագներէն մաս կը կազմէ՝ “Suddenly Susan”, “The Team Night Rider”, “Mad TV”, “24” եւ “Alias”-ին։

Իսկ ֆիլմերէն մաս կը կազմէ՝ “Assignment Berlin”, “Chickpeas”, “After Freedom”, “Must Love Dogs”, եւ «Summerland»ին։ Գալով բեմի վրայ խաղարկութեան, մաս կը կազմէ՝ Ճօ Քինկի բեմադրութեամբ, Շիրվանզատէի «Չար Ոգի» եւ Նշան Փարլաքեանի «Մեծ Մայր, Աղօթէ Ինծի Համար» թատերգութեանց մէջ։

Ինծի համար իսկապէս մեծ հաճոյք էր գործակցիլը Պրուք Շիլտի, Քէթհի Կրիֆֆինի, Ճան Քուսէքի, Տայան Լէյնի, Քրիսթոֆըր Փլամըրի, Թիա Լիոնիի, Ճորճ Ուէնտի նման հռչակաւոր աստղերու հետ։ Իսկ յիշողութեանս մէջ անմոռանալի պիտի մնայ վեթերան դերասան Սեդրակ Վարդեանի հետ մեր հանդիպումը՝ հայազգի մեծանուն բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի հետ, Պէվըրլի Հիլզի իր բնակարանին մէջ։ Ան հետաքրքրուած էր գիտնալ Սփիւռքի մէջ հայ թատրոնի գործունէութեան մասին եւ առ այդ սրտանց գնահատեց մեր ներդրումը՝ վառ պահելու մշակութային մեր ժառանգը։
- Գրիգոր Սաթամեան


Հոլիվուտի մէջ՝ հայ մը աւելի մեծ տարբերութիւն պիտի չընէ, սակայն անձ մը աւելի հայ թատրոնի եւ մշակոյթի մէջ՝ հսկայ տարբերութիւն պիտի ընէ։ Ես տակաւին իմ յարաբերութիւններս չեմ խզած իրենց հետ, այն իմաստով որ երբ պէտք ունենան, կը կանչեն զիս։ Ես կ՛ուզեմ որ նոր սերունդը հետաքրքրուի մուտք գործելու՝ արհեստավարժ այդ ասպարէզին մէջ եւ եթէ հարկը պահանջէ, պատրաստ եմ օգնելու անոնց։
- Գրիգոր Սաթամեան


Գրիգոր Սաթամեանի գործունէութեան Յիսնամեակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

30 Հոկտեմբեր 2011-ին՝ ՀԲԸ Միութիւնը կը պատուէ Գրիգոր Սաթամեանին՝ տօնելով թատերական գործունէութեանս յիսնամեակը։

Մենախօսութիւններ (One Man Show)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կատակախառն մենախօսութիւնը առաջին անգամ ինք կը ներմուծէ հայկական արուեստի պատմութեան մէջ, 1984-ին՝ Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Ցարդ՝ հանդէս եկած է երկտասնեակ մը մենախօսութիւններով, Ամերիկայի մէջ եւ Ամերիկայէն դուրս։ Այդ մենախօսութիւններով, սատարած է բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններու նիւթական կարիքներուն։ Արխիւներուն մէջ կան եօթը մենախօսութիւններու տեսաերիզները եւ այժմ կ՛աշխատի ութերորդը արտադրելու համար։

Այդ օրէն ի վեր, Գրիգոր Սաթամեան իր զուարճալի մենախօսութիւններով այցելած է Ամերիկայի գլխաւոր նահանգները, աւելի քան 100 ելոյթներով, որոնց իւրաքանչիւրին ներկայ եղած են 250-700 հանդիսատեսներ։

Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրած թատերախաղերն ու դերակատարութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան բեմադրած է 83 թատերախաղեր եւ դեր ստանձնած է 86 թատերախաղերու մէջ, չորս լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։

Գնահատագիրներ եւ ոսկէ շքանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Սաթամեան կը ստանայ գնահատագիրներ Սուրբ Էջմիածինէն, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութենէն, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական պաշտօնատարներէն ու հայկական կազմակերպութիւններէն։

Արդարեւ, չորս թատերական եւ մշակութային հաստատութիւններ կը մեծարեն Գրիգոր Սաթամեանին, որպէս անխոնջ խնկարկու՝ հայ թատրոնին ու մշակոյթին։

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2011-ին պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական եւ մշակութային գործունէութեան Ոսկեայ յոբելեանը, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակային յանձնաժողովին։ Յոբելեարը յուշանուէրներով պարգեւատրեցին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովը, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակային յանձնաժողովն ու «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութիւնը։

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը զինք պարգեւատրեց ոսկեայ մետալով, իսկ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ «Ուիլիամ Սարոյեան» մետալով։ Սոյն առիթով հայրապետական օրհնութեան կոնդակ մը գրած էր Գարեգին Բ. կաթողիկոս։

18 Օգոստոս 2013-ին, ձեռամբ Երեւանի Յակոբ Պարոնեան թատերախումբի Գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆէսոր Երուանդ Ղազանչեանի՝ կը ստանայ հետեւեալ մետալները։

  • Հայաստանի Թատերական Գործիչներու ոսկէ մետալ
  • Հայաստանի Թատերական Գործիչներու Արտաւազդ Մրցանակ
  • Ֆրիտիոֆ Նանսէնի Ոսկեայ Յուշամետալ
  • Հայ Երգարուեստի Միութեան Հասարակական Կազմակերպութեան Գոհար Գասպարեան Յուշամետալ

Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2017-ը պատմական օր մը հանդիսացաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի համար։ Այդ օր ան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Սբ. Սահակ-Սբ. Մեսրոպ շքանշանին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարցազրոյց Գրիգոր Սաթամեանի հետ

Գրիգոր Սաթամեան՝ Ի Պատուի

ՀԲԸՄ Սաթամեան Թատերախումբ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.

ՍԱԹԱՄԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ…

ՀԲԸՄ «Գրիգոր Սաթամեան» Թատերախումբը Հանդէս Պիտի Գայ «Թենոր Մը Կ՛ուզուի» Կատակերգութեամբ

«Գրիգոր Սաթամեան» Թատերախումբ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.

ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԻ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ Գրիգոր Սաթամեան