Jump to content

Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբելեան

Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբելեան
Ծնած է 1738
Մահացած է 17 Յունիս 1812(1812-06-17)
Մահուան վայր Զմմառ, Քեսըրուանի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[1]
Մասնագիտութիւն պատրիարք, Eastern Catholic priest և Կաթոլիկ եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք

Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբելեան (1738 - 17 Յունիս 1812(1812-06-17), Զմմառ, Քեսըրուանի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան), Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հինգերորդ կաթողիկոս պատրիարք։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է Քիլիսցի, Անտոնեան Միաբանութենէն: «Այր սքանչելի եւ ըստ սրտին Աստուծոյ» վկայած են իր պատմագիրները:

Գրիգոր Ե.-ի օրով, Պատրիարքական թեմերու մէջ աշխատած է քիչ մը ամէն կարգի կղերական, կրօնաւոր, միսիոնար, վարդապետ, ամուսնացած քահանայ: Բոլորը տոգորուած են հովուական եռանդով, սակայն չեն ունեցած նուիրապետական խիստ կապեր, ոչ ալ միաձեւ դաստիարակութիւն:

Հասունցած էր ժամը՝ կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեւի բերելու: Պէտք էր պատրիարքական կղերանոց մը հաստատել: Ու ասիկա եղաւ Գրիգոր Ե. Քիւբելեանի մեծապէս կազմակերպչական գործունէութիւնը: Ծրագիրը մեծղի ու ծախսոտ էր, եւ գլուխ եկաւ նախախնամութեամբ:

1791-ին, Գրիգոր Պետրոս Ե.-ի ջանքերով եւ Ս. Աթոռին անվերապահ քաջալերանքով՝ բարձրացած հին ընծայարանը որպէս ամբողջացուցիչ մաս Զմմառու վանական վիթխարի համալիրին ներքոյ, մեծ սատար հանդիսացած է հայ ժողովուրդին ի նպաստ տարուած առաքելական գործին, մանաւանդ երբ Անտոնեան հայ միաբաները հետզհետէ թիւով կը նուազէին եւ տակաւ կը քաշուէին իրենց առաքելական վայրերէն: Այդ օրերուն, Պատրիարք Հօր ամենամեծ մտահոգութինն եղած է Միաբանութեան Նորընծայարանը[2]:

Մատրաս բնակող երկու հայ կաթողիկէ գոհարավաճառներ՝ Միքայէլ Յովհաննէս Բաբումեանին ու Եդուարդ ՌաՖայէլ Ղարամեանցին բարերարութեան շնորհիւ, Գրիգոր Ե. Քիւբելեան յաջողեցաւ աթոռի կղերանոցը կառուցել, 1797-1810 թուականներուն: Ան մշակեց նաեւ դպրեվանքի ներքին կանոնագիրքը, դասացուցակը եւ բարեպաշտական հրահանգները:

Իր օրով, 52-ի բարձրացաւ վանական հասարակութեան թիւը, որոնց մէջ 4 եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 10 քահանայ եւ նորընծաներուն ու աշխատաւոր եղբայրներու բազմութիւնը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]