Jump to content

Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձան (Երեւան)

Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձանը (Երեւան)

Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձան, կը գտնուի Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքին մէջ։ Տեղադրուած է 2002 թուականին[1]։

Հայ եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, աստուածաբան եւ փիլիսոփայ, հայկական վերածնունդի գրականութեան հիմնադիր, «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքի հեղինակ Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձանը կը գտնուի Սեբաստիա փողոցին մէջ՝ թաղապետարանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ տարածուող Մալաթիա պուրակին մէջ: Կանգնած է եռաստիճան հարթակի վրայ՝ տեղադրուած սրբատաշ ցածրիկ պատուանդանի վրայ: Հիմնուած է թաղապետարանի պատուէրով: Հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 19 Ապրիլ 2002-ին:

Նարեկացին պատկերուած է ոտաբոպիկ, աջ ծունկը ծալած, թեւերը լայն բացած դիրքով. հայեացքը երկինք յառած կը խօսի Աստուծոյ հետ: Հագուստը սքեմ է, գլուխին՝ վեղար, իսկ կուրծքին բացուած գիրքը անոր «Մատեանն» է՝ ժողովուրդին մօտ հեղինակութիւն վայելող «Նարեկ»-ը: Յուշարձանին ներքեւը տեղադրուած 7 պազալտէ սալերուն վրայ փորագրուած են հատուածներ իր գիրքէն:

Արձանին համար իբրեւ շինանիւթ օգտագործուած են պրոնզը, կրանիտը եւ պազալտը: Քանդակի բարձրութիւնը 3.25 մեթր է, լայնութիւնը (թեւերու բացուածքով)՝ 2.8 մեթր է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Գրիգոր Նարեկացու հուշարձան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-22