Գրիգոր Ճիզմէճեան
| Գրիգոր Ճիզմէճեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 17 Հոկտեմբեր 1904 |
| Ծննդավայր | Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
| Մահացած է | Մայիս 1966 (61 տարեկանին) |
| Մահուան վայր | Փարիզ |
| Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Գրիգոր Ճիզմէճեան (17 Հոկտեմբեր 1904, Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - Մայիս 1966, Փարիզ), հայ բանաստեղծ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Սկիւտարի բարձունքին, Շաւարշ Միսաքեանի, Սիամանթոյի, Վահան Թէքէեանի եւ Մելքոն Կիւրճեանի բնակարաններուն առընթեր է։
Նախնական ուաումը ստացած Է Ներսէսեան Վարժարանի, իսկ երկրորդականը՝ Պէրպէրեան Վարժարանի մէջ, զոր աւարտած է 1924-ին:
Ուսանողական շրջանին իսկ գրական մեծ ընդունակութիւն ցոյց տուած է եւ բազմաթիւ առիթներով իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «ճակատամարտ»-ի կիրակնօրեայ թիւերուն մէջ, դժուարահաճ Միսաքեանի խմբագրապետութեան օրով։
Ճիզմէճեանին հայրը զինք ղրկած է Փարիզ իր հակումներուն համապատասխան մասնագիտութեան մը հետեւելու համար։ Փարիզի համալսարանին մէջ ան հետեւած է քաղաքական եւ իմաստասիրութեան գիտութեանց ու գրականութեան դասընթացքին եւ զայն աւարտած «ԼիսանսիԷ էս Լէթրը» տիտղոսով։
Ճիզմէճեան, իտէալիստ երիտասարդ, ի վիճակի չէ եղած ազգային գրական կեանքը ապրելով անհատական դիրքի մը տիրանալ եւ ինքնաբաւ դառնալ։ Չէ կրցած նաեւ առեւտրական ասպարէզին հետ հաշտուիլ։ Գիշեր-ցերեկ չարաչար աշխատելով ֆիզիքապէս քայքայուած է։
Գրիգոր Ճիզմէճեան սփիւռքի առաջին սերունդի ամէնէն պատրաստուած մտաւորական ուժերէն կարելի է համարել։ Ունի բանաստեղծութիւններ եւ ընկերային-իմաստասիրական կնիքով աշխատասիրութիւններ, մեծ մասամբ ցրուած պարբերականներու մէջ։
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր մահացած է Փարիզ։ Հինգշաբթի, 12 Մայիս 1966-ին, Փարիզի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծ Գրիգոր Ճիզմէճեանի յուղարկաւորութիւնը: