Jump to content

Գրիգոր Խալաթեանց

Գրիգոր Խալաթեանց
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1858(1858-09-15) կամ 1858[1]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Փետրուար 1912(1912-02-08)[2]
Մահուան վայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան և Մոսկվայի համալսարանի պատմաբանասիրական ֆակուլտետ?
Կոչում փրոֆեսոր
Մասնագիտութիւն պատմաբան, հայագէտ, բանասէր, մշակութային գործիչ, դասախօս, լեզուաբան, բանահաւաք, գրականագէտ, արեւելագէտ և գրականագետ
Աշխատավայր Լազարեան Ճեմարան
Անդամութիւն Մոսկուայի Կայսերական Հնագիտական Ընկերութիւն

Գրիգոր Խալաթեանց (15 Սեպտեմբեր 1858(1858-09-15) կամ 1858[1], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 8 Փետրուար 1912(1912-02-08)[2], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, մանկավարժ եւ մշակութային գործիչ։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1903), փրոֆեսէօր (1906)։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի)։ 1868-1877 թուականներուն ուսումը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ, իսկ երեք տարի (1877-1880) բժշկութեան հետեւելէ ետք Մոսկուայի համալսարանին մէջ, 1884-ին աւարտած է պատմա-լեզուաբանական ճիւղը։ Երկու տարի կատարելագործուելէ ետք Գերմանիոյ մէջ, 1886-1912ին հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է Լազարեան ճեմարանին մէջ։

1890-ին հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ եղած է, իսկ 1897-1903-ին՝ ճեմարանի տեսուչ։

Խալաթեանց գործօն կերպով մասնակցած է տարբեր քաղաքներու հայ մշակութային կեանքին եւ նպաստած՝ հայագիտութեան զարգացման Ռուսաստանի մէջ։

Աշխատակցած է հայ եւ օտար պարբերական մամուլին։ Աւելի քան 30 գիտական աշխատութիւն գրած է (աշխարհաբար, գրաբար, ռուսերէն եւ գերմաներէն) հայ ժողովուրդի պատմութեան, մատենագրութեան, բանասիրութեան եւ ազգագրութեան վերաբերեալ։

Ան թարգմանած է Գարեգին Սրուանձտեանցի յայտնաբերած «Սասունցի Դաւիթ» տարբերակը ռուսերէնի (1881) եւ գերմաներէնի (1886)։

Հայ պատմիչներուն նուիրուած աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խալաթեանց առանձնապէս հետաքրքրուած է Մովսէս Խորենացիով։ Զբաղած է Խորենացիի, Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի երկերու աղբիւրներուն ու անոնց փոխադարձ կապերուն քննութեամբ, ուշադրութիւն դարձնելով անոնց մէջ առկայ որոշ նմանութիւններու, որոնք կը բխին միեւնոյն նիւթերու բովանդակութենէն եւ զանոնք համարած է նոյնութիւններ կամ արտագրութիւններ եւ փորձած է անոնց լուսաբանութիւնը, իյնալով ծայրայեղութիւններու մէջ։ Այս մասին գրած է զանազան աշխատութիւններ, ինչպէս.

  • «Ղազար Փարպեցի եւ գործք նորին» (1883),
  • «Մովսէս Խորենացի եւ իւր աղբիւրները» (1896),
  • «Հայոց վէպը Մովսէս ԽորենացուՊատմութեան մէջ» (1896, ռուսերէն),
  • «Մովսէս Խորենացու նորագոյն աղբիւրների մասին» (1898)։

Խալաթեանցի գլուխ գործոցը կը համարուի «Հայ Արշակունիները Մովսէս Խորենացու «Հայոց պատմութեան» մէջ» (1903, ռուսերէն) մեծածաւալ աշխատութիւնը, որ նուիրուած է հայ Արշականունիներու եւ անոնց մասին Մովսէս Խորենացիի տեղեկութիւններուն առնչութիւններու խնդրին։ Այս աշխատութեան համար, հեղինակը դոկտորի կոչումը ստացած է Ս. Փեթերպուրկի կայսերական ակադեմիայէն։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած է նաեւ «Ակնարկ Հայաստանի պատմութեան» (1910, ռուսերէն) մեծարժէք երկը, որուն մէջ Խալաթեանց շարադրած է երկրի քաղաքական ու տնտեսական պատմութիւնը հնագոյն շրջանէն մինչեւ Հայաստանի քրիստոնէացումը։

«Հայ ժողովրդական հեքիաթների ընդհանուր ուրուագիծ» աշխատութեան մէջ (1885՝ ռուսերէն, 1886՝ գերմաներէն), Խալաթեանց աշխատած է ցոյց տալ հայոց, սլաւոնական եւ գերմանական ժողովրդական հեքիաթներուն միջեւ կապը։

Գիտութեան համար չափազանց արժէքաւոր էին «Ա. եւ Բ. Մնացորդաց գրքերի նորագիւտ հայ թարգմանութիւնը» (1896) եւ «Գիրք Մնացորդաց ըստ հնագոյն հայ թարգմանութեան» (1899) երկերուն հրատարակութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում են Սուրբ Գրոց հայ թարգմանութեան պատմութեան լուսաբանութեան համար։

«Ծրագիր հայ ազգագրութեան եւ ազգային իրաւաբանական սովորութիւնների» (1887) գործին մէջ, Խալաթեանց մատնանշած է այն ուղին, որով պէտք է ընթանայ ազգագրագէտ-բանահաւաքը։

Անոր նախաձեռնութեամբ հիմնուած է «Էմինեան ազգագրական ժողովածու»ն, որուն առաջին ութը հատորներուն խմբագիրը եղած է։

Մահացած եւ թաղուած է Թիֆլիս[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։