Գրիգոր Եղիաեան

Գրիգոր Եղիաեան
Ծնած է 25 Մայիս 1833(1833-05-25)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Մայիս 1911(1911-05-08) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Թրիէսթ, Աւստրո-Հունգարիա
Մասնագիտութիւն բարերար

Գրիգոր Եղիաեան, ազգային բարերար, ծնած է 25 Մայիս 1833-ին Պոլսոյ մէջ: Իր ծնողքը Պարսկաստանէն գաղթած է եւ տեղւոյն երեւելի ընտանիքներէն է: Հայրը խունկի եւ խէժի վաճառականութեամբ կը զբաղէր եւ անգամ մը իր ապրանքը փոխադրող շոգենաւը փոթորիկի հանդիպելով՝ բոլոր հարստութիւնը կորսնցուց ու Երուսաղէմ գնաց, հոնկէ Պոլիս եւ յետոյ Գահիրէ անցաւ, ուր Տարպ էլ Կինէնա գտնուող հին դպրոցին մէջ (հոգետուն) Գրիգոր ստացաւ նախնական կրթութիւնը: Եղիաեանի ուսուցիչը եղած է Պետրոս Թաթիկեան Զմիւռնացի: Հոգետունէն ետք յաճախած է Հէմիլդընի անգլիական վարժարանը, ուր տարի մը միայն մնալէ ետք, կ’անցնի Րէֆա պայի École des langues լիսէն, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալով կը դիմէ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնի մը համար. այդ ատեն Արթին պէյը զրպարտած էին թէ Միրիի ապրանքները ծախած եւ մսխած է, որուն վրայ Արթին պէյ բանտարկուած էր Աղեքսանդրիա եւ անկէ փախած էր Փարիզ, իսկ Արթին պէյի եղբայրը Խոսրով պէյ ալ Chef de Cabinet էր: Գրիգոր՝ Խոսրով պէյի կը դիմէ պաշտօն մը ձեռք անցընելու համար, այս վերջինը շատ կ’աշխատի, բայց իրեն կը պատասխանուի- «Մենք հայերուն ծառերը արմատախիլ ընել կ’ուզենք, դուք կ’ուզէք որ նոր ծիլե՞րը խնամէք»:

Այն ատեն պաշտօնատուները զատ-զատ չէին, ամէնը մէկ կը գտնուէին փոխարքային պալատան մէջ: Խոսրով պէյ կը յանձնարարէ Ռուսական հիւպատոսարանին, ուր թարգմանի պաշտօն կը ստանձնէ: 1878-ին Ռուսական հիւպատոսարանին Քանչէլէր կ’անուանուի, պաշտօն՝ որ կը վարէ մինչեւ 1880, իսկ անկէ ետքը մինչեւ 1887 իբր փոխ հիւպատոս Եգիպտոսի: Իր այդ պաշտօնին մէջ կարգ մը կարեւոր գործառնութիւններ իր ձեռքով եղած են՝ նախկին հիւպատոս Տը Լէքսի ժամանակ, որմէ շատ սիրուած էր իր դիւանագիտական արտակարգ կարողութեանը համար:

Պատուուած էր Շիր Խուրշիտ կարմիր ժապաւէնով եւ երկրորդ աստիճան կանաչ ժապաւէնով, Մէճիտիյէ երկրորդ, Օսմանիէ երրորդ, Մօնթէնէկրօ Տանիէլօ պատուանշանին երրորդ աստիճանով, Շըվալիէ տէլլա Քօռինա տ’Իթալիա, Սէնթ Էսթանիստլաւ եւ Ռուսական երրորդ աստիճան, Քրու Ռուժ տը Րիւսի, եւայլն, եւայլն:

Գրիգոր Եղիաեան իշխաններու եւ պետական անձնաւորութեանց հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով կրցած է օգտակար հանդիսանալ իր համայնքին:

Ռուսական հիւպատոսարանը մտնելէ առաջ՝ երկար տարիներ փաստաբանութեամբ զբաղած է, իբր իրաւագէտ՝ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Ազգային առաջնորդարանին: 1863-ին գաւառակ ժողովոյ անդամ եւ Ատենապետ, նաեւ Հ. Բարեգործական Ընդհ. Միութեան հիմնադիր անդամներէն էր եւ Կեդր. Ժողովի խորհրդական էր:

Ինք եկեղեցասէր ու բարեպաշտ՝ եկեղեցւոյն շատ մը նուիրատուութիւններ ըրած է: Մարմինայի եկեղեցին նորոգած եւ եկեղեցական պիտոյքները հոգացած է:

Հնագէտ եւ հետաքրքիր՝ իր տան մէջ ճոխ թանգարան մը ունէր:

8 Մայիս 1911-ին Թրիէսթէի մէջ վախճանեցաւ՝ եւ մարմինը զմռսուելով փոխադրուեցաւ Գահիրէ, ուր փառաւոր ազգային յուղարկաւորութեամբ մը թաղուեցաւ Մարմինայի գերեզմանատան մէջ:

Եղիաեան իրեն կտակարար կարգած էր Պողօս փաշա Նուպարը եւ թողած է 180.000 ոսկւոյ հարստութիւն մը, որուն 60.000 ոտկին ազգին կտակած է զայն բաժնելով այլեւ այլ հաստատութեանց:

Ասկէ զատ ազգին կտակած է Շուպրայի ապրանքը, Իսմայիլէի երեք տուները, Կիրկէի մէջ շինութեան հող մը, բոլոր կարասիքը, հնչուն դրամ, արժեթուղթերը եւայլն, որոնց արժէքն են 60.000 ոսկի: Ասոնք քանի մը տարիէն ծախուելով իր անունով եկեղեցի մը կառուցուեցաւ Գահիրէի մէջ:

Գլխաւորապէս առանց զաւանանքի խտրութեան Եգիպտահայ ուսանողին եղած կտակը հայ գաղութին օգտակար եղած է: Իր կենդանութեանը Հ. Բ. Միութեան նուիրած է 200 ոսկւոյ գումար մը:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 668: