Jump to content

Գրիգոր Բ. Վկայասէր

Գրիգոր Բ. Վկայասէր
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 3 Յունիս 1105(1105-06-03)[1]
Մահուան վայր Կարմիր վանք (Քեսուն), Քեսուն, Եփրատես[1]
Մասնագիտութիւն հոգեւորական
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի[1]

Գրիգոր Բ. Վկայասէր (աւազանի անունով Վահրամ, աշխարհիկ անունը Անձրեւ[2], անհայտ[1] - 3 Յունիս 1105(1105-06-03)[1], Կարմիր վանք (Քեսուն), Քեսուն, Եփրատես[1]), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, 1066 թուականէն։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վկայասէր որդին է Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիին: Ծննդեան թուականը անյայտ է: Ան եղած է բիւզանդական պաշտօնեայ՝ վարելով Միջագետքի դուքսի պաշտօնը (1059)։ Որոշ ժամանակ անց հրաժարած է այդ պաշտօնէն եւ վանական դարձած է։

Ան փայլուն կրթութիւն ստացած է, եւ հմուտ՝ գիտութիւններու մէջ, յատկապէս Աստուածաշունչ Գիրքերու ուսմամբ: Կիրակոս Գանձակեցին իր մասին կը գրէ, թէ ողջ Հայոց աշխարհը զայն հայրապետ կարգած է: 1066-1105թ թուականներուն Խաչիկ Բ. Անեցի կաթողիկոսին յաջորդած է եւ Կաթողիկոս ձեռնադրուած է Ծամնադաւի մէջ[3]:

Ան հեղինակն է Տօնամակին, Հայ Եկեղեցւոյ Soնացոյցին բարեկարգիչը, մեծ վկայագիրը, ներբողագիրը, Մաշտոցը ճոխացնողը, Սուրբ Գիրքի մեկնիչը, միանձանց վարքերու թարգմանիչը, ու միանձնական կարգերու բարենորոգիչը:

Գրիգոր յունարենէն, ասորերէն եւ լատիներէն լեզուներէն թարգմանած է սուրբերու վկայութիւններ, որու համար ստացած է Վկայասէր մականունը: 1066 եւ 1072 թուականներուն Կոստանդնուպոլիս գացած է մարտիրոսներու վկայաբանութիւնները հաւաքելու եւ հայերէն թարգմանելու:

Այնուհետեւ զանոնք «Տօնամակ» կամ «Տօնացոյց» կոչուող ժողովածուներուն մէջ ամփոփած է, որոնք աւելի ուշ յայտնի էին «Յայսմաւուրք» (Վարք Սրբոց) անունով: Ինչպէս նաեւ ուրիշ եկեղեցական կարգաց եւ գրեանց լրմունքը. ինչպէս Մաշտոցի քանի մը կարգեր, իրագործելով Ոտնլուայ կանոնի նոր թարգմանութիւնը եւ ընդլայնումը: Ս. Գրոց Մեկնութեան գիրքեր, զոր օրինակ Յովհան Ոսկիբերանի՝ Յովհաննու Աւետարանին մեկնութիւնը:

Վկայասէրը հայկական եկեղեցական պաշտօներգութիւնը ու մասնագիտացուած երգաստեղծութիւնը նորոգելու մասնակից դարձած է: Կիրակոս Գանձակեցի հաղորդած է թէ Հայոց Կաթողիկոսը Հռոմ ալ գացած է երկրպագելու Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու նշխարներուն:

Հրեշտակութիւն մը առ Գրիգոր Է. սրբակենցաղ եւ անվեհեր Պապը, կատարուած շուրջ 1074-ին, ի յարգանս սուրբ Առաքելոց եւ ի վերահաստատութիւն առաքելական միութեան, սուրբ Հայրերու լուսեղէն շաւիղին հետեւողութեամբ, ինչպէս կ'ակնարկէ Պապը իր 7 Դեկտ. 1074թ. թուղթին մէջ առ Հենրիկոս Դ. եւ 6 Յունուար 1080-ին գրուած՝ առ նոյն ինքն Գրիգոր Բ. Վկայասէր, իրագործեցին երբեմնի այս երազը: 1074 եւ 1085թ թուականներուն ճանապարհորդած է Եգիպտոս։

Յայտնի է թէ ոչ միայն Վկայաբանութիւն կամ Սրբոց վարքեր թարգմաներ եւ հաւաքեր է, ամբողջացնելով Յայսմաւուրքը, այլ թէ տէրունական եւ թէ սրբոց տօնից պատշաճ ներբողները եւ Ճառերը Ճառընտիրներու մէջ ամփոփած է. այս է մեծ Վկայասիրին գլխաւոր գործն մեր դպրութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ, ըստ Մ. Օրմանեանին:

Հայրապետը թարգմանած է նաեւ Պրոկղին գրած Ոսկեբերանի ներբողը եւ սուրբ Եփրեմի ճառը: Այն իրողութիւնը, որ Ոսկեբերանի վարքը թարգմանուած է 1104-ին, ցոյց կու տայ, թէ գրական աշխատանքին նուիրուած Հայոց Կաթողիկոսը մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ անխոնջ շարունակած է իր թարգմանական գործունէութիւնը:

Եթէ Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ ան իր թարգմանութիւններու համար նիւթեր հաւաքած է, ապա թարգմանական հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է Հայաստան վերադարձին՝ բազմաթիւ գիրքեր բերելով Կոստանդնուպոլսէն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։