Գրիգոր Ամիրեան

Գրիգոր Ամիրեան
Ծնած է 20 Յունիս 1888(1888-06-20)
Ծննդավայր Բաբերդ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Օգոստոս 1964(1964-08-01) (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Յեղափոխական, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Սիրանուշ Կարապետեան
(1896–1975)
Երեխաներ Քրիսթինէ (1924–2010)
Սեպուհ (1925-2013)
Դրօ

Գրիգոր Ամիրեան (20 Յունիս 1888(1888-06-20), Բաբերդ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Օգոստոս 1964(1964-08-01), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ յեղափոխական գործիչ, մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ Տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Ամիրեան ծնած է 20 Յունիս 1888-ին Թուրքիոյ Պայպուրդ քաղաքին մէջ։ Ամիրեաններու ընտանիքը բաւական ազդեցիկ էր Պայպուրդի մէջ։ Գրիգոր մեծցած է համիտեան ջարդերու ընթացքին, որ հայոց պատմութեան ամէնէն գէշ դրուագներէն էր։ 1895–ի սկզբը սուլթան Ապտուլ Համիդ II հրամայեց ոչնչացնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայկական շրջանները՝ հայերու համատարած ջարդեր իրագործելով։ Ան հրաման տուաւ, որ թրքական զօրքի մեծաքանակ մէկ մասը հսկողութեան տակ պահէ Պայպուրդը, քանի որ այս մէկը Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան մասին մէջ ամէնէն շատ բնակուած հայկական քաղաքներէն մէկն էր։ Երբ թրքական զօրաբանակը քաղաք մտաւ, 26 Հոկտեմբեր 1895–ին զանգուածային ապստամբութիւններ տեղի ունեցան։ Անողոք պայքարէն ետք ինքնապաշտպանութեան հայ մարտիկները պահանջեցին ոտնձգիչներու հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել։ Եղիա Ամիրեան՝ Գրիգորի հայրը, քաղաքի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ, որպէսզի օսմանեան պաշտօնեաներու հետ զինադադարի բանակցութիւններ վարէ։ Սակայն անոր կրակեցին եւ ճամբուն վրայ ձգեցին որպէսզի մեռնի։ Յաջորդ օրը ան ի վերջոյ գտնուեցաւ եւ պատշաճ կերպով հողին հանձնուեցաւ։

Գրիգոր Ամիրեան կրթութիւն ստացած է տեղի հայկական դպրոցին մէջ, ապա գացած է Թրքական բանակի ռազմական ակադեմիա՝ ուսանելու։ 1908–ին ան աւարտած է ակադեմիան եւ ստացած է լեյտենանտի (աղա) կոչում։ Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին ծառայած է, որ տեւած է 1912–էն մինչեւ 1913: Վաղ 1913-ին Ամիրեան ձերբակալուած է Պուլպար զինուորներու կողմէն եւ բանտարկուած է։ 1913-ի կեսերուն Լոնտոնի դաշնագիրի կնքումէն ետք Ամիրեան եւ շատ ուրիշներ ազատ արձակուած են։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1914-1915–ններուն Ամիրեան ծառայած է որպէս զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի անձնական թիկնապահ եւ օգնական։ Ան նաեւ Դրաստամատ Կանաեանի (առաւել յայտնի որպէս Զօրավար Դրօ) մօտ ընկերն էր։ 28 Յունիս 1914-ին Կաւրիլոյ Փրինցիփը որոշում կը կայացնէ, որ առմիշտ փոփոխութիւն կը մտցնէ Եւրոպայի քարտէսի մէջ՝ աւստրիա-հունկարական գահի ժառանգորդ էրցհերցոգ Ֆրանց Ֆերդինանտին սպաննելով: Կաւրիլոյ Փրինցիփը «Սեւ ձեռք» կազմակերպութեան անդամ էր, որ այսպիսի ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէր, որպէսզի Պոսնիոյ եւ Հերզեկովինայի ազատագրման նպաստէր։ Մէկ ամիս ետք Եւրոպայի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմը կը բռնկի։ 1915–էն պատերազմը Օսմանեան Կայսրութիւն կը հասնի եւ պատճառը կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն պատճառաւ կը զոհուին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր։ Ամիրեան ջախջախիչ ապրումներ կ՛ունենայ կոտորածներուն պատճառաւ։ Անոր ընտանիքը Պայպուրդէն կը տեղահանուի եւ ստիպուած կ՛աքսորուի, մինչ այդ վրայ կը հասնէր մահը։ Երբ Ամիրեան ընտանիքը եւ հազարաւոր այլ ընտանիքներ Երզնկա կը հասնին, Գրիգորի մայրը՝ Վարդանուշը, ինքն իրնեն կը նետէ Տիգրիս գետը։ 50 անձերէ բաղկացած ընտանիքը ոտքով կ՛անցնի ամբողջ Օսմանեան կայսրութիւնը, մինչ բոլորն ալ կը զոհուին։ Միակ անձը որ ողջ կը մնայ Ամիրեաններու ընտանիքէն Հեղանուշն էր՝ Գրիգորի աւագ քոյրը։ Հեղանուշ կը յաջողի փախչիլ՝ նախքան օսմանցի զինուորներու Պայպուրդ հասնիլը։

Անդրանիկ Օզանեան

17 Ապրիլ 1916-ին ռուս ժեներալ Վ. Պ. Լեախով զանգուածային յարձակում կը գործէ Պայպուրդի վրայ, որպէսզի այնտեղ տեղակայուած թուրք եւ գերմանացի զիուորներուն դուրս քշէ քաղաքէն, եւ կը յաջողի այնպէս ալ իրագործել։ Նոյն ատեն Ամիրեան կը ծառայէր հայկական առաջին կամաւորական գունդին մէջ։ Վերջինս կռիւներ կը մղէր Ռուսաստանի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ ամբողջ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, կազմուած էր 1200 տղամարդերէ։ Ամիրեան հրետանային բաժինի հրամանատարն էր եւ ծառայած է սպարապետ Թովմաս Նազարբեկեանի, Դրաստամատ Կանաեանի, Անդրանիկ Օզանեանի գլխաւորութեամբ։ Նիքոլայ II ցարի հրաժարականէն եւ Պրեսթ-Լիթովսկիի հաշտության պայմանագրի կնքումէն ետք հայկական առաջին կամաւորական գունդը կը կազմալուծուի։ Այս բոլորի պատճառը այն էր, որ հայկական ուժերը Ռուսական կայսրութեան կողմէ կը համալրուէին ու հաշտութեան պայմանագիրի կնքումէն ետք Ռուսական կայսրութիւնը արդէն պաշտօնապէս պատերազմէն դուրս էր, եւ կամաւորական գունդի բոլոր պաշարները սպառեցան։ Չնայած Ռուսաստանի կողմէն գունդի պաշտօնական արձակմանը՝ Ամիրեան եւ կամաւորական գունդը իր գործը շարունակեց առանց Ռուսաստանի աջակցութեան՝ անոր փոխարէն Անգլիոյ կայսրուեան օգնութեան վրայ վստահելով։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Գրիգոր Ամիրեան (1986). Յուշեր (Memories)
  • Գէորգ Մարտիկեան (1955). Ամերիկայի երգը
  • Սիմոն Վրացեան (1960). Կեանքի ճանապարհներով
  • Անդրանիկ Չալաբեան (1988). Դրօ
  • Միսաք Թորլաքեան (1963). Օրերուս հետ
  • Մանուկ Կրզուլեան (2002). Դրօ. հայ ազատագրական պայքարի անմահ զինուորը

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]