Գրիգոր Ակոբեան

Գրիգոր Ակոբեան
Ծնած է 14 Դեկտեմբեր 1942(1942-12-14)[1] (81 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Քանատա
Կրթութիւն Քոնքորտիա Համալսարան
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Կայք agopian.ca(անգլերէն)

Գրիգոր Ակոբեան (14 Դեկտեմբեր 1942(1942-12-14)[1], Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ քանատաբնակ անուանի գեղանկարիչ[2]:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի եւ Քանատայի մէջ իր բնակութիւնը հաստատած Գրիգոր Ակոբեան նկարչական արուեստին մէջ մեծ վաստակ ունի շուրջ 50 տարիներու վրայ տարածուած իր ստեղծագործութիւններով եւ բազմաթիւ ցուցահանդէսներով:

Ես ճանչցուած եմ որպէս գերիրապաշտ արուեստագէտ: Նուռին հետ ձուկ, պարան, բանալի դրած եմ, նուռը փշրուած եւ օդին մէջ նեկայացուցած եմ: Ուրեմն գործերուս մէջ միշտ իրապաշտութիւն , գերիրապաշտութիւն, վերացականութիւն կայ:[3]
- Գրիգոր Ակոբեան


Ցուցահանդէս եւ ստեղծագործական ոճը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեղծագործական բոլոր փուլերուն՝ ստեղծագործական կեանքին մէջ Գրիգոր Ակոբեան քանի մը անգամ յետադարձ ակնարկ մը նետելով գործերուն վրայ` ցուցահանդէս կազմակեպած է: Ամէնէն հին գործը 1966 թուականի է, իսկ ամէնէն նորը` 2017-ի:

Գործերուս մեծամասնութիւնը իմ անձնական հաւաքածոյէս է, որ շատեր չեն տեսած: Գործերուս մէջ կայ կայ փրինթինկ կրաւիւր, այստեղ տպագրութիւնը նոյն բառը չէ, որովհետեւ ձեռքով տպած եմ ես: Ամէն մէկ օրինակէն ամէնէն շատ 6-7 հատ ունիմ: Իմ կրաւիւրներս թիւով 6-7 հատ են, շարք մը կայ, որմէ տասը հատ ըրած եմ: Ամէն մէկէն մէկ-երկու հատ պահած էի:[3]
- Գրիգոր Ակոբեան


Երբ գործ մը տարիներ աշխատիս ու կատարելագործութեան հասցնես, ստորագրութեան պէտք չես ունենար: Տեսնողը կը գիտնայ, որ անոնք գործերդ են: Ես անոնցմէ չեմ, որ 30-40 տարի նոյն ոճը կը գործածեմ: Ես երբեք նոյն ոճը չեմ ըրած գործերուս մէջ։ Գործս շարունակականութիւն ունի: Մէկը 60-ական, 70-ական եւ վերջին գործերս երբ տեսնէ, շարունակականութիւն մը անպայման կը նշմարէ: Ես պտուղներ նկարեցի`նուռ, կիներ, հաւկիթ, ծառ, վերջին գործերս ձիեր են: Ձիին մէջ իմ գերիրապաշտ գործերս են: Երկու-երեք օր իրարու ետեւէ յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս հայրս ինծի կարուսել կը տանէր: Այդ ձիերը առի եւ գերիրապաշտ գործերուս մէջը դրի:


Իր ձեռքով թուղթ շինած եւ արժանացած է Քեպեքի արուեստի կազմակերպութեան մրցանակին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսկ նորութիւնը, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ չկայ եւ Եւրոպա ալ շատ քիչ կայ, այն է, որ ես ձեռքովս թուղթ շինած եմ:[3]
- Գրիգոր Ակոբեան

Չիները 2200 տարի առաջ թուղթի գիւտը կատարած են: Մինչեւ այսօր շատ բան չէ փոխուած: Իրենք կ՛առնէին յատուկ բոյսերը եւ կը ծեծէին, ապա հեղուկ մը կը պատրաստէին, որմէ ետք կը ճնշէին, ապա դուրսը կը դնէին, որ չորնայ եւ թուղթ մնայ: 1989-ին, երբ Մոնրէալ գացի երկու ցուցահանդէս ունէի` մէկը Մոնրէալ, միւսը` Թորոնթօ, 3 տարի հոն մնացի եւ չկրցայ վերադառնալ հոս:

Ես միշտ ալ հետաքրքրուած էի, թէ ինչպէ՛ս կը շինեն թուղթը: Գացի եւ թուղթ շինելու դասընթացի մը հետեւեցայ: Ձեռքով պատրաստուած այդ թուղթին վրայ ի՛նչ գոյն ալ դնես, կը վազէ, չես կրնար կեցնել: Ես ուզեցի գոյնը կեցնել: Ձեռքով շինուած թուղթին վրայ դեռ մէկը չէ կրցած գոյնը կեցնել: Ես կեցուցի, յաջողեցայ: Քանի մը ամիս վերջ զարմացան, թէ ինչպէ՛ս կրցայ ընել այդ իրագործումը : Ինծի մրցանակ տուին Քեպեքի արուեստի կազմակերպութենէն, այս մէկը գիրքիս մէջ ալ դրած եմ: Ատոր վրայ ինծի դպրոցի մը վարի յարկը տեղ տուին, որ մէկ ամիս աշխատիմ, որովհտեեւ, երբ թուղթը հանես ջուրէն, մէկ շաբաթ պիտի նստի, որ ջուրը շոգիանայ, ու թուղթը մնայ:[3]
- Գրիգոր Ակոբեան


«ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին նուիրեց «Այբ» գիրին շուրջ զարգացուցած իր արուեստի նոր գործը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10 Յունիս 2019-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց վաստակաշատ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը: Արուեստագէտը այս առիթով Կաթողիկոսարանի «ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին նուիրեց «Այբ» գիրին շուրջ զարգացուցած իր արուեստի նոր գործը:

Իբրեւ գնահատանք նկարչական բնագաւառին մէջ իր բերած կարեւոր նպաստին։

Հրատարակուած ալպոմներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքս երկու հատոր է, իւրաքանչիւրը` 180 էջ: Գիրքերուն մէջ ներկայացուցած եմ թանգարաններուն մէջ տեղադրուած գործերս, յետոյ` ստացած մրցանակներս, անկէ ետք ներկայացուցած եմ հին գործերս: Իրականութեան մէջ բոլոր գործերս չեմ կրնար գիրքին մէջ դնել: Անոնք թերեւս 10 հատոր կը կազմեն եւ աւելի: Ասիկա առաջին գիրքս է, կրցածիս չափ իմ ճաշակիս ըրի: Զոյգ հատորներուն մէջ ներառած եմ նաեւ կրաֆիք գործերս:[3]
- Գրիգոր Ակոբեան


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]