Գրական երկի լեզու
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գրական երկի լեզու
Յօրինուածքի կողքին, երկի մը ձեւային յատկանիշներէն՝ էական է մանաւանդ արտայայտութեան գործիքը՝ լեզուն։
Գրական երկը միայն լեզուն ունի իբր «շինանիւթ»։ Այս լեզուն պիտի կոչենք գրականութեան լեզու կամ գեղարուեստական լեզու (չշփոթենք «գրական լեզու» կոչուածին հետ, որ բոլոր մշակուած մարդոց կողմէ գործածուող «մաքուր» լեզուն է)։
Գեղարուեստական լեզուն կը տարբերի գրագէտէ գրագէտ՝ կազմելով ամէն գրագէտի մասնայատկութեան, ինքնատպութեան գլխաւոր տարրը, նաեւ անմիջականօրէն նկատելին։
Անիկա ունի նաեւ որոշ առարկայական յատկանիշներ։
Առարկայական այդ յատկանիշներէն՝ պատկերակերտումի յատկանիշներ պիտի կոչենք հետեւեալները։
Համեմատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկու իրերու կամ երեւոյթներու միջեւ նմանութեան կապի հաստատումն է, նկարագրութիւն մը աւելի վառ դարձնելու նպատակով։ Օրինակ՝ պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ, ուրուականի պէս կ’անցնիս (Դ․ Վարուժան)։
Համեմատութիւնը երբեմն կը սահմանափակուի երկու բառի շուրջ, սակայն երբեմն անիկա կը ծաւալի, կը դառնայ բառային եւ պատկերային երկու համակարգերու համեմատութիւն։ Այսպէս, Վահան Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուին», քերթուածը իր ամբողջ կառոյցով կը դառնայ զուգահեռ երկու շարքէ բառ-պատկերներու համեմատութիւն մը։
Մակդիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր պարզագոյն, ոչ-գրական ձեւին մէջ, ածական-որոշիչն․ մինչ «մակդիր» բնորոշումով հոս պիտի հասկանանք յատկանիշի մը գեղարուեստական տարազումը, որ անսովոր կերպով խօսուն է, էական կամ ընդհանրական յատկանիշ մը կը մատնանշէ, մինչեւ իսկ առանձինը փոխաբերութիւն կազմելու ուժգնութեամբ։ Այսպէս քերթուածի մը «Հոգիս փարախն է բացուող ընդդէմ իր քաղցր հօտին» տողին մէջ քաղցր բառը գրական գործածութեամբ մակդիր է (ոչ ինչպէս պիտի ըսէինք քաղցր խմիչք)։
Փոխաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիտենք արդէն, որ լեզուա-ոճային այս ձեւը բառ մը կը գործածէ բառարանային իր իմաստէն դուրս, տարբեր, գրագէտին իսկ կողմէն անոր տրուած իմաստով մը, որոշ շրջագրութեան մը մէջ։ Այսպէս է քերթուածի՝ Աջիցս Եփրատ, ձախիցս Տիգրիս, ահեղ ձէներով, սաղմոս կարդալով անցան գնացին․․․ տողին մէջ, կամ՝ Ան մեծցուց աղջնակը, անոր բարակուկ մարմնին մէջ սիրելով իր արիւնը նախադասութեան մէջ։
Փոխաբերութիւնը որոշ նմանութիւն ունի համեմատութեան հետ, կրնանք ըսել, որ անիկա կրճատուած, խտացած համեմատութիւն է, ուր բաղդատուող եզրերէն մէկը այլեւս չի տեսնուիր։
Փոխաբերութիւնը երբեմն կը ծաւալի մէկ բառէ անդին, կը դառնայ փոխաբերական ամբողջ համակարգ մը։ Այսպէս է, օրինակ «Բիւրեղի Դիւթանք» քերթուածին մէջ, ուր բիւրեղ մը շարժող մանուկը եւ աւարտին մօտ երեւցող քերթողը «կը փոխաբերեն» իրար։
Շրջասութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը կայանայ իր մը, երեւոյթ մը քանի մը բառերէ կազմուած լեզուական դարձուածքով մը անուղղակի «անուանելու» մէջ, փոխանակ իր անունով կոչելու։ Այսպէս, երբ Պարոնեան կը գրէ․ «Տիրասէր» բառը, որ կը գործածես, անախորժ կը հնչէ սահմանադրութեան եւ ազատութեան դարուս մէջ, պարզ «մեր դարուն» ըսելու տեղ շրջասութիւն գործածած կ՛ըլլայ․ կամ երբ կը գրէ՝ Աւազակները կը մերկացնեն իրենց պաշտօնակիցը, փոխանակ գայմագամի։
Չափազանցութիւն, մեղմաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասոնցմէ առաջինը անձ մը, երեւոյթ մը չափէ անդին մեծցնելն է, իսկ երկրորդը հակառակը փոքրացնելը։ Կրնան ամփոփուիլ մէկ բառ-բնորոշումով, ինչպէս եւ ծաւալիլ ամբողջ նկարագրութան մը վրայ, բազմաթիւ յաջորդական բառ-բնորոշումներով։ Այսպէս երբ Սիամանթօ կ՛ըսէ Ափ մը հողէդ ՝ ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ, մէկ արտայայտութեան մէջ կը միացնէ մեղմաբանութիւն եւ չափազանցութիւն։
Խորհրդանիշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատկեր մըն է, որ կը բովանդակէ աւելի խոր, մտով ու երեւակայութեամբ միայն ըմբռնելի երկրորդ իմաստ մը։ Այսպէս բանաստեղծը հուրը իբր խորհրդանիշ կը գործածէ, երբ «Փարուանա»յի իշխանուհիին բերնով կ՛ըսէ՝ Ես նրանից հուր եմ ուզում,// Անշէջ հուրը սրբազան․․․։
Տեսանք, որ խորհրդանիշը, արտայայտութեան լեզուական ձեւ մըն է, ուղղակի կապ չունի խորհրդապաշտութեան հետ, որ գրական ուղղութիւն մըն է, դպրոց մը։
Այլաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդանիշի մէկ մասնաւոր, պարզագոյն կիրարկումն է, որ կը կայանայ բնութեան եւ կենդանական աշխարհի տարրերու միջոցով ներկայացնել մարդերը։
Բառամթերքի/շարահիւսութեան յատկանիշներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կան նաեւ բառամթերքի/շարահիւսութեան եւ արտասանութեան յատկանիշները, որոնք բաւական պարզ են։ Թուենք եւ տանք օրինակներ․
- Կրկնում (բառի, բառախումբի), օրինակ՝ Մէկը ․․․ մինը․․․․
- Աստիճանաւորում․ օրինակ՝ Եւ թախիծ, եւ տրտունջ, եւ տանջանք
- Զեղչում․ օրինակ Ո՜տայր, ո՜տայր ինձ․․․ զեղչուած են ծուխն ծխանի բառերը
- Հակադրում․ օրինակ՝ միշտ իրար հետ, բայց միշտ բաժան եւ հեռու։
Արտասանական-հռետորական ձեւերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հարցում․ օրինակ՝ Ու լուսաւոր առաւօտները իմ հոգու /ո՞վ դարձըրեց մի անկըրակ իրիկնաժամ։
- Բացականչութիւն. օրինակ՝ Օ, հեռու ընկեր իմ, օ,Վահան Տէրեան։
- Ժխտում. օրինակ՝ Թող ոչ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի...
- Դիմառնութիւն, օրինակ՝ Գնա, քարաւան, մենք ի՞նչ ենք թողել...
Բառապաշարային մասնաւոր տարրերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Օտարաբանութիւններ. օրինակ՝ Աղա, զաւոդն այրւումէ
- Հնաբանութիւններ. օրինակ՝ Ընդ եղեգան փող ողբ ելանէր
- Նորաբանութիւններ. օրինակ՝ Անոնք պատի պէս լուռ՝ իրենց վատ պատութիւնը պիտի ցցեն... կամ՝ Երեւան մայրագիւղի հռչակաւոր շուկան։