Jump to content

Գրական Ուղղութիւններ (Դպրոցներ)

Գրական Ուղղութիւններ (Դպրոցներ), Գրական ուղղութիւնները երեւան կու գան քաղաքական - տնտեսական յեղաշրջումներու կամ նշանակալի փոփոխութիւններու հետեւանքով՝ իբրեւ նոր փիլիսոփայութեան արտայայտութիւն։ Գրական ուղղութիւնները կը կազմաւորուին ընկերային կեանքի տուեալ շրջանին էական հարցերը, ընդհանուր պատկերը ստեղծագործութիւններու մէջ պատկերելու ու արտայայտելու հիման վրայ։

Գրական ուղղութեան մը հետեւող հեղինակները կ՛ունենան գաղափարական նպատակներու նմանութիւններ եւ այդ գետնին վրայ կրնան կազմել խմբակներ, հրատարակել իրենց սկզբունքները, բայց կրնան նաեւ գործել անհատաբար։ Հետագային, գրաքննադատներ կրնան համախմբել անոնց գաղափարական, մեթոտական ընդհանրութիւնները եւ զանոնք դնել մէկ անուան տակ։

Հեղինակ մը կրնայ տարբեր դպրոցներէ յատկանիշեր կրել իր ստեղծագործութիւններու մէջ։ Նոյն գրական ուղղութիւնը կրնայ նաեւ իր մէջ միատարր չըլլալ եւ տարբեր հոսանքներ ունենալ։

Աւելի տեւական գրական ուղղութիւններէն են դասականութիւնը, իրապաշտութիւնը, վիպապաշտութիւնը, խորհրդապաշտութիւնը, տպաւորապաշտութիւնը, գերիրապաշտութիւնը։ Նշեալները ունեցած են նաեւ իրենց ճիւղերը, հոսանքները։ Անոնք միայն գրականութեան յատուկ չեն, այլ նաեւ արուեստի միւս ճիւղերուն, հետեւաբար կը կոչուին նաեւ արուեստի ուղղութիւններ։

Դասականութիւնը իր կատարեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ ԺԷ. դարուն, ֆրանսական արուեստին մէջ։ Ան ծնունդն էր միապետական կարգերու եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումին կը ձգտէր։ Իբրեւ արուեստի բացարձակ կատարեալ չափանիշեր անոնք կ՛ընդունէին հին յունականն ու հռոմէականը եւ կը ձգտէին նմանիլ անոնց։ Յաճախ տիպարներ եւ նիւթեր կ՛առնէին հին յունական դարաշրջանէն։

Կեանքը կը դիտուէր միակողմանիօրէն՝ սկզբունք ունենալով պատկերել միայն «գեղեցիկ իրականութիւնը»։ Հետեւաբար, դասական հեղինակները իրենց հերոսները կը վերցնէին բացարձակապէս վերնախաւէն ու կը մշակէին վեհութիւն ներշնչող սեռեր (ողբերգութիւն, ներբող, հերոսական վիպերգ եւ այլն)։ Կեանքի պատկերումին մէջ կը կարեւորուէր տրամաբանութիւնը, ետին մղելով զգացական տարրերը։ Գլխաւոր հերոսը կը դրուէր երկընտրանքի դիմաց եւ ան անվարան անձնական երջանկութիւնը կը զոհէր յանուն վեհ, բարձր գաղափարական իտեալին։ Տիպարները միակողմանի էին՝ միայն դրական կամ միայն ժխտական եւ գործողութիւնը կ՛ընթանար այդ հաստատելու համար։

Հայ գրականութեան մէջ դասականութիւնը արտայայտութիւն ունեցաւ Մխիթարեաններուն քով։ Նշանաւոր գործ էր Արսէն Բագրատունիի «Հայկ Դիւցազն» վիպերգը՝ գրուած դասական գրաբարով։

Վիպապաշտութիւն (romantisme)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտութիւնը կամ ռոմանթիզմը ձեւաւորուեցաւ ԺԸ. դարուն, Ֆրանսաի մէջ։ Այս սեռին զարգացումը սերտ առընչութիւն ունէր 1789-ի Ֆրանսական Յեղափոխութեան ծանր հետեւանքներուն հետ։ Յեղափոխութիւնը չարդարացուց ժողովուրդին ակնկալած «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն»-ը յեղափոխութեան կարգախօսը, որ լուսաւորիչներու երազանքին ծնունդն էր։ Միապետական կարգը կործանելու համար ժողովուրդը առաջնորդած դրամատէր դասակարգը յաղթանակէն ետք չբարելաւեց ժողովուրդին կեանքի պայմանները։ Ընդհանուր հիասթափութեան հայելիները դարձան արուեստագէտները՝ արտայայտելով տագնապ, նոր ու արդար հասարակարգի բուռն երազանք։ Այս նոր գաղափարախօսութիւնն ալ արուեստի մէջ ծնունդ տուաւ ռոմանթիզմին։

Ժխտելով տիրող ընկերային կարգերը, ռոմանթիկները կը պատկերէին իրենց երեւակայած իտէալական աշխարհը։ Անոնց հերոսները հեղինակային բարձր իտէալներ ունէին, պատրաստ՝ իրենց անձնականը զոհելու եւ պայքարելու ազատութեան ու արդար հասարակարգ կերտելու համար։ Անոնք կը գործեն ոչ թէ հանգամանքներու համաձայն, այլ հեղինակային նախանշուած նպատակը իրագործելու համար ու երբեմն կը դառնան հեղինակի գաղափարները բարձրացնողը։ Ի տարբերութիւն դասականներուն, այստեղ կ՛իշխէ զգացականութիւնը եւ հեղինակին ուղղակի վերաբերմունքն ու միջամտութիւնները։

Ռոմանթիկ գրողները իրենց հերոսները վերցուցին հասարակ դասակարգերէ, ու չխորշեցան վեհին ու գեղեցիկին զուգահեռ ներկայացնել նաեւ տգեղն ու այլանդակը։ Անոնք գրականութեան տուին ազգային ոգի՝ միաժամանակ ըլլալով համատիեզերական ազատութեան ու արդարութեան ջատագովներ։

Հայ գրականութեան մէջ ռոմանթիզմը արտայայտութիւն գտաւ ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն։ Հայ ռոմանթիկ գրողները (Աբովեան, Ալիշան, Րաֆֆի, Պատկանեան, Դուրեան եւ ուրիշներ) իբրեւ գեղագիտական իտեալ ունեցան հայրենիքի ազատագրութեան երազանքը։

Իրապաշտութիւնը (լատ. realis- առարկայական) ամէնէն լայն ու արդիւնաւէտ գրական ուղղութիւնն է՝ հնագոյն օրերէն մինչեւ այսօրուան գրականութիւն։ Ան կը ձգտի կեանքը պատկերել առարկայօրէն ու հարազատութեամբ, արեւմտահայ իրապաշտներու արտայայտութեամբ՝ «կեանքը ինչպէս որ է»։ Անոնք իրենց գեղագիտական իտէալը երեւակայութեան մէջ չեն փնտռեր, այլ կեանքի դրական ու կենսունակ տարրերուն մէջ։ Հակառակ ռոմանթիկներուն, իրապաշտ գրողը իր անձնական վերաբերումը ուղղակիօրէն չ՛արտայայտեր ու չի միջամտեր հերոսներու տրամաբանուած գործունէութեան։ Հակառակ ռոմանթիկներու պատրաստ հերոսին, իրապաշտներու հերոսները գործողութիւններու ընթացքին հոգեբանական անցումներ ու նկարագրային աճ կ՛ունենան, քանի որ իրապաշտը մարդը կը նկատէ իբրեւ իր միջավայրին ու ընկերային պայմաններուն արդիւնք, որոնց փոփոխութեան հետեւանքով ան կրնայ զարգանալ, փոխուիլ ու նոր գիծերով հարստանալ։ Հերոսները միակողմանի դրական կամ ժխտական չեն, այլ բնական մարդիկ են՝ իրենց առաքինութիւններով ու թերութիւններով։

Ոմանք իրապաշտութեան հիմք կը նկատեն հին յունա-հռոմէական շրջանը, ուրիշներ այն կը կապեն եւրոպական Վերածնունդի շրջանի գրականութեան (ԺԴ.-ԺԷ. դարեր)՝ յանձինս Շէյքսպիրի, Սերվանտէսի եւ ուրիշներու գործերու։

Հայ իրապաշտութիւնը զարգացում ապրեցաւ ԺԹ դարու երկրորդ կիսուն՝ իբրեւ նշանաւոր դէմքեր տալով Գր.Զօհրապ, Ե. Օտեան, Ալ. Շիրվանզադէ, Նար-Դոս եւ ուրիշներ։

Բնապաշտութիւնը (լատ.natura-բնութիւն)։ Բնապաշտութիւնը (նաթիւրալիզմ) երեւան եկաւ իբրեւ իրապաշտութեան մէկ հոսանք՝ ԺԹ. դարու ֆրանսական գրականութեան մէջ։ Գրողները կը պահանջէին կեանքի գիտական ճշգրտութեամբ պատկերում։ Ըստ անոնց՝ գրողը պէտք է մարդկային կեանքը ուսումնասիրէ այնպիսի ճշգրտութեամբ, ինչպէս գիտնականը՝ բնական երեւոյթները։ Անոնք բնութեան օրէնքները կը տարածէին ընկերութեան վրայ ու մարդկային արատները կը բացատրէին ոչ թէ միջավայրի ու պայմաններու առակայութեամբ, այլ զանոնք կը նկատէին սերունդէ սերունդ փոխանցուող ու անխուսափելի ժառանգական արատներ։ Կեանքի պատկերումին մէջ հասան լուսանկարչական ճշգրտութեան՝ մտնելով ծայրայեղ մանրամասներու մէջ ու խախտելով գեղագիտական չափանիշերը։ Հոսանքի հիմանդիրն ու նշանաւոր հեղինակներէն էր Էմիլ Զոլա, ով սակայն շուտով դուրս եկաւ ուղղութեան կաշկանդիչ օրէնքներէն։

Հայ հեղինակներէն այս հոսանքի մասնակի ազդեցութիւն ունին Յ. Օշականը եւ Երուխանը։

Խորհրդապաշտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորհրդապաշտութիւն (յուն. symbolon- պայմանական նշան)։ Խորհրդապաշտութիւն կամ սիմպոլիզմը յաջորդեց պառնասեաններուն, որոնք կը մերժէին ռոմանթիկներու զգայնոտութիւնն ու հեղինակային «ես»-ի ցուցադրումը։ Անոնք կը պահանջէին, որ գրականութիւնը (յատկապէս բանաստեղծութիւնը) ըլլար աւելի անանձնական ու իմացական եւ կը ձգտէին արուեստի կատարելութեան։

Խորհրդապաշտութիւնը արտայայտուեցաւ ԺԹ.-Ի. դարերու արուեստին մէջ, իբրեւ արդիւնք 1871-ի ֆրանսական բանուորական իշխանութեան կործանումին («Փարիզի կոմունա») յաջորդած ճնշումներուն։

Խորհրդապաշտ գրողները, իրարմէ որոշակի տարբերութիւններով հանդերձ, ունէին ընդհանուր գիծեր։ Կենսական պայքարէն հեռանալու, սեփական հոգին «փղոսկրէ աշտարակին մէջ» պատսպարուելու, ծայրայեղ եսականութեան, միայնակութեան, անզօր յուսահատութեան տրամադրութիւններ արտայայտեցին։ Կեանքը կը նկատէին անիմաստ շրջապտոյտ, կը փառաբանէին մահը եւ նոյնիսկ ոմանք կը հասնէին մարդատեացութեան։ Կեանքի ճշմարիտ պատկերի փոխարէն ընդունեցին խորհրդանիշի հասկացողութիւնը։ Կը ոգեկոչէին մէկ այլ, անտեսանելի, անբացատրելի «անդրաշխարհ»-ի գոյութիւնը, որուն պէտք է ձգտի բանաստեղծը ու անոր խորհրդաւոր նշանները հաղորդէ ընթերցողին։ Խորհրդապաշտները բանաստեղծութեան բերին արտակարգ նրբութիւն, երաժշտական, գունային զգացողութիւն, լեզուի նրբութիւն ու տաղաչափական նոր ձեւեր։

Հայ բանաստեղծներէն խորհրդապաշտութեան որոշ ազդեցութիւն արտայայտեցին Ինտրան, Ե. Տէմիրճիպաշեանը, Սիամանթօն, Տէրեանը, Մեծարենցը, Չարենցը։ Սակայն առաջին երկուքին ծայրայեղութիւնը չունեցան միւսները. անոնց խորթ էր խորհրդապաշտներուն ծայրայեղ եսականութիւնը եւ ընկերային կեանքի պայքարէն հրաժարումը։ Հայ կեանքի ծանր վիճակը հայ գրողներուն տարաւ դէպի գեղեցիկ կեանքի համար պայքարի գաղափարը։

Տպաւորապաշտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպաւորապաշտութիւն (ֆր.impression- տպաւորութիւն)։ Տպաւորապաշտութիւնը ( իմպրեսիոնիզմ) հոսանք է ԺԹ.-Ի. դարերու ֆրանսական արուեստին մէջ, յատկապէս՝ երաժշտութեան ու գեղանկարչութեան, ուր տուին մեծութիւններ։ Անոնք կը ջանային հաղորդել կենդանի, անմիջական տպաւորութիւններ՝ հակադրուելով հին, քարացած ձեւերուն։

Գրականութեան մէջ տպաւորապաշտները մարդու ամբողջական ու բազմակողմանի պատկերումին փոխարէն կարեւորեցին որոշ տրամադրութիւններու կամ հոգեվիճակի ամէնէն փոքր երանգներու ցուցադրումը։ Իրականութեան ամբողջական ընկալումը փոխարինուեցաւ ակնթարթային, պատահական, յաճախ քմահաճօրէն ծագող ու անհետացող տպաւորութիւններով։

Այս հոսանքը ներկայիս գոյութիւն չունի, սակայն անոր որոշ յատկանիշերը կրնան արտայայտուիլ արուեստի որեւէ հոսանքի մէջ։

Գերիրապաշտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերիրապաշտութիւնը (ֆր.surre՛alisme-գերիրապաշտութիւն) կամ սիւրռէալիզմը երեւան եկաւ Ի. դարու 20-ականներուն, ֆրանսական գրականութեան ու արուեստի մէջ եւ ունեցաւ բազմաթիւ հետեւորդներ։

Այս հոսանքը շարունակեց ռոմանթիկական-անիշխանական ընդվզումը ընդդէմ ժամանակակից քաղաքակրթութեան ամլացած, խեղուած արժէքներուն։ Գերիրապաշտները կը ձգտէին բանականութեան իշխանութենէն ազատել ընկերային դրուածքը, մտաւոր գործունէութեան հակադրելով մարդկային ենթագիտակցական մղումները, մանկական անխոհական տարերքները, ներշնչումներու բերած զառանցանքները, կարեւորել ոգեհարցութիւնը, երազատեսութիւնը եւ ստեղծագործական արարումի մէջ բնազդական մղումներով առաջնորդուիլը։ Կերպարուեստի մէջ կ՛առաջնորդուէին նախնադարեան արուեստի, մանուկներու, հոգեկան հիւանդներու ստեղծագործութեան նմանակումով, որ նշանաւոր գերիրապաշտ գեղանկարիչ Դալին անուանած է «խելացնոր խաբկանքներ»։

Տաղանդաւոր արուեստագէտներուն կը գրաւէր այդ հոսանքին անիշխանական, ընդվզող ոգին, թշնամանքը տիրող իշխանութեան ու անիմաստ գոյութեան դէմ, ձգտումը՝ առօրեայ ճահճացած իրականութեան մէջէն յայտնաբերելու գերիրականը, բանալու մարդու ներաշխարհի անյայտ ոլորտները։ Անոնցմէ շատեր ստեղծեցին գլուխ գործոցներ, սակայն զգալով հոգեվերլուծութեան ծայրայեղութիւնը եւ մարդկային իմացականութեան ժխտումին անհնարինութիւնը, շատեր հեռացան այս հոսանքէն։

Մոտեռնիզմ (ֆր. moderne-նորագոյն, ժամանակակից), վերացապաշտութիւն (abstractionism, լատ. abstractio-վերացում, հեռացում)։ Մոտեռնիզմը հաւաքական հասկացողութիւն է, որուն մէջ կը մտնեն Ի. դարու բազմաթիւ գեղարուեստական հոսանքներ, ինչպէս՝ ապագայապաշտութիւն (ֆութուրիզմ), արտայայտչապաշտութիւն (էքսպրէսիոնիզմ), գերիրապաշտութիւն (սիւրռէալիզմ), վերացապաշտութիւն (ապստրակսիոնզմ) եւ այլն։ Անոնք կը կրեն մտեռնիզմ ընդհանուր անունը, քանի որ գրեթէ միշտ կը հակադրուին դասական գրականութեան աւանդոյթներուն եւ կը ձգտին նոր ձեւեր ստեղծել։

Ապստրակսիոնիզմը կամ վերացական արուեստը կը հրաժարի իրականութեան ճանաչողութենէն ու պատկերումէն։ Գեղարուեստական պատկերի փոխարէն այնտեղ կ՛իշխեն գոյներու, գիծերու եւ մարմիններու անկարգ ու անիմաստ համադրումներ, որոնք պէտք է արտայայտեն մարդու բնազդային մղումներն ու միտքին քմահաճ անցումները։

  • Ջրբաշեան Էդուարդ (1980), Գրականութեան տեսութիւն, Երեւան։