Գրականագիտութիւն եւ իր Տեսակները

Գրականագիտութիւն եւ իր տեսակները, գրականագիտութիւնը գեղարուեստական գրականութեան առնչուող հայեացքներու եւ ըմբռնումներու ամբողջութիւնն է։ Ան անցեալի գրական – պատմական զարգացումէն մինչեւ ժամանակակից գրական շարժումներու յատկանիշերը կը համակարգէ, գնահատականը կու տայ, նոյն ատեն առանձին երեկերը կ՛արժեւորէ։

Գրականագիտութիւնը ունի իր բաժինները՝

  • Գրականութեան պատմութիւն, որ անցեալի գրական երեւոյթներու համակարգումն ու գնահատումն է։
  • Մատենագիտութիւն, որ կը հաւաքէ, կը համակարգէ, կը նկարագրէ որեւէ դարաշրջանի կամ անհատ գրողի մասին եղած գրական-գեղարուեստական կամ քննադատական նիւթերը, այդպիսով աղբիւր դառնալով ուսումնասիրողի համար։
  • Թեքստաբանութիւնը պահպանուած ձեռագիրներու կամ հրատարակութիւններու հիման վրայ աղճատումներէ, օտարամուտ հատուածներէ, կրճատումներէ կ՛ազատէ ու գիտականօրէն կը վերականգնէ անցեալի գրողներու գործերը՝ նաեւ օգտագործելով անոնց սեւագրութիւնները, տարբերակները ու կը պատրաստէ հրատարակումի։
  • Թարգմանական տեսութիւնը գրականագիտութենէ զատ կապ ունի նաեւ լեզուաբանութեան հետ։ Ան կը ցուցնէ այն սկզբունքները, որոնք անհրաժեշտ են մէկ լեզուէ այլ լեզուի թարգմանելու համար, կ՛ընդհանրացնէ թարգմանական փորձը, կը նշէ այն իւրայատուկ պահանջքները, որ անհրաժեշտ կ՛ըլլան տարբեր սեռի գործեր թարգմանելու համար։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մելս Սանթոյեան, Գրականագիտական Բառարան, Երեւան, «Վան Արեան», 2009։