Գրաբար հայերէն
Գրաբար (անգլերէն՝ Classical Armenian) կը նծանակէ «գրական լեզու» երբեմն կը կոչուի՝ Հին Հայերէն կամ Ծիսական Հայերէն։ Հայերէնի ամենահին վկայուած տարբերակն է։ Առաջին անգամ գրի առնուեցաւ 5-րդ դարու սկիզբին (կան կարծիքներ, որոնք կը պնդեն թէ մինչեւ Մեսրոպեան այբուբենը գրի ածնուած էր), եւ այդ ժամանակէն մինչեւ 18-րդ դարը հայ գրականութեան մեծ մասը գրաբարով եղած է։ Բազմաթիւ հին ձեռագիրներ, որոնք բնապէս գրուած էին Հին Յունարէնով, Եբրայերէնով, Ասորերէնով եւ Լատիներէնով, միայն հայերէն թարգմանութեամբ պահպանուած են, ինչը գրաբարով եղած է։[1] Գրաբարը կրած է իրանական լեզուներու, նամանաւանդ պարթեւերէնի ազդեցութիւնը։[2]
Գրաբարը կը շարունակէ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսական լեզուն։ Հակառակ անոր, որ անոնց մէջ եւս արդէն կը նահանջէ։ Անիկա կ՚ուսումնասրիուի հայագետերու կողմէն։ Գրաբարը նաեւ կարեւոր է Նախահնդեւրոպական լեզուն ուսումնասիրելու համար։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Armenian Language Program | Near Eastern Languages and Civilizations»։ nelc.uchicago.edu։ արտագրուած է՝ 2023-03-26
- ↑ Robin Meyer (2024)։ Iranian Syntax in Classical Armenian: The Armenian Perfect and Other Cases of Pattern Replication։ Oxford University Press։ ISBN 9780191885839