Գութեր

Գութեր, Քութի կամ Գութի, երբեմն բազմահայ քաղաք Լեհաստանի, եւ ներկայիս փոքրիկ քաղաք Կալիցիոյ արեւելեան անկիւնը: Մօտէն կ’անցնի Ջէրէմուշ գետը, որ Լեհաստանը Պուքովինայէն կը բաժնէ: Տեղւոյ դիրքը անկիւնաձեւ լինելուն՝ Լեհաց լեզուով կոչուած է Գութի՝ այսինքն անկիւն: Այս երկիրը նախ անտառավայր էր. յետոյ Ռումանիայէն 20 տուն Հայեր եկան հոս, Օգոստոս Բ. Լեհաց թագաւորի հրաւիրելով, որ եւ յատուկ արտօնութեանց պարգեւագիր տուաւ իրենց 18 Յուլիս 1715-ին։ Այնուհետեւ սկսան Հայերը կառուցանել քաղաքս, եւ առաջին հիմնարկողն եղաւ Շատպէյ անուն հայ վաճառականը, որ եկաւ Մոլտավիայէն: Հ. Մինաս Բժշկեանի քաղաքս այցելած միջոցին, քաղաքս ունէր 3000 բնակիչ. զանազան ազգերէ: Իսկ այժմ (1902)ին ունի մօտ 7000 բնակիչ: Տեղւոյս Հայք Կաթողիկէութիւնը ընդունած են եւ այժմ կը հաշուին 1200 հոգի: Ի հնումն խիստ անուանի էին հայ վաճառականները, որոնցմէ ոմանք գիւղերը կը բնակէին եւ շատերը խաղախորդ էին, որովհետեւ ընտիր է այս կողմանց կաշին: Լեհաց տէրութեան միջոց Հայք շատ արտօնութիւններ ունէին, առանձին դատարան եւ դատաւորներ: Քաղաքիս մէջ Հրեաները սկսան բազմանալ, Հայոց ձեռքէն մասամբ մը վաճառականութիւնը գնաց եւ սկսան աղքատանալ: Հայերը գրեթէ առհասարակ վաճառականներ են եւ միանգամայն ձեռագէտք. ինչպէս կ’ըսէ վերջին գրող մը, կը ջանան միջին տեղի մը գրաւել ի մէջ առտնին եւ մեծավաճառ գործոց, եւ միանգամայն ըլլալ միջնորդք, վաճառողք եւ իրենց սեփական ճարտարագործութեանց փոխադրողներ: Արդի ժամանակները նպաստաւոր չեն Հայոց, եւ զարմանալու չէ՝ որ Գութիի գործերն խեղճ կերպարանք մ’առին՝ մանաւանդ 1887էն ի վեր, յորում ռումանական սահմանաց փակուելովն՝ արջառոց վաճառականութիւնն եւս Հայոց ձեռքէն ելաւ, որոնք հառաչանօք կը խօսին անցեալ դարու ճարպեղէն մոմերու հին լաւ ժամանակաց վրայ: Տեղւոյս Հրեպները երբեմն կը խօսէին հայերէն:

Հայերը ունէին մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մը, հիմնուած 1756-ին Լեհաց Օգոգտոս Գ. թագաւորի ժամանակ եւ կոմսուհի Պոտոկիի նուիրատուութեամբ 1797-ին Լեմպերկի հայ արքեպիսկոպոս Յակոբ Թումանովիչի ձեռքով օծուած է՝ Ս. Աստուածածին Անարատ յղութեան անուամբ: Եկեղեցւոյն մէկ կողմը քարաշէն վանատուն մը կայ՝ մեծ պարտէզով շրջապատեալ: Հայերը ունին դպրոց մը, ուր տղայք հայերէն հասարակ ընթերցումն կ’ուսանին: Հին եկեղեցին 1870-ին այրեցաւ, բայց 1875-ին նորէն շինուեցաւ: Քաղաքս ունի նաեւ հայկական մատուռ մը գերեքմանատան մէջ, զոր կանդնած է իւր ծախքով Հռիփսիմէ Ռոմաշկան, ուրիշ մատուռ մ’ալ կայ Պանելով գղ.ի մէջ՝ Աննա Պօղոսովիչի արդեամբ կառուցուած:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 530: