Jump to content

Գորալին

Գորալին
Հեղինակ Նիլ Կէյմըն
Թարգմանիչ Քրիստիան Բատիկեան
Լեզու անգլերէն (բնագիր)
Ոճ խրթնային երեւակայութիւն
Հրատարակող Bloomsbury Publishing (Միացեալ Թագաւորութիւն), HarperCollins (Ա․Մ․Ն․)
Հրատարակչական թուական
2 Յուլիս 2002 (Միացեալ Թագաւորութիւն)
Հրատարակուած Հայերէնով
Սեպտեմբեր 2023, Զարդիս Մատենաշար
Մրցանակներ

2002 Bram Stoker Award for Best Work for Young Readers, 2003 Hugo Award for Best Novella,

2003 Nebula Award for Best Novella

Գորալին․ 2002-ի խրթնային երեւակայական (dark fantasy) մանկապատանեկան վէպ։ Հեղինակն է Նիլ Կէյմըն (10 նոյեմբեր 1960, Բորթչեսթըր, Անգլիա։ Վէպը`՝ «Coraline», առաջին անգամ հրատարակուած է 2002-ին «Bloomsbury Publishing» (Միացեալ Թագաւորութիւն) եւ «HarperCollins» (Ա․Մ․Ն․) հրատարակչատուներուն կողմէն։ Հայերէնի թարգմանուած է Քրիստիան Բատիկեանին կողմէն,Զարդիս մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։

«The Guardian» վէպը 82-րդ դասած է իր ԻԱ․ դարու 100 Լաւագոյն Գիրքեր ցանկին մէջ։

2009-ին վէպը «stop-motion»-ի յարմարցուած է, նոյն անունով։

Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ․․․։ Հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է։ Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը, կոճականման սեւ աչքերով եւ մագաղաթեայ մորթով, կը սպասեն որ Գորալինը միանայ իրենց ու ընդմիշտ հետերնին ապրի։ Սակայն Գորալին գիտէ թէ եթէ երբեք համարձակի ու այդ դուռէն սպրդի ու միւս կողմը անցնի, հաւանաբար պիտի չկարենայ վերադառնալ․․․։

Գորալինը դուռը յայտնաբերեց տուն փոխադրուելէ քիչ ատեն ետք։

Շատ հին տուն մըն էր, տանիքին տակ ձեղնայարկ ունէր, գետնայարկն ալ նկուղ մը ու ամբողջութեամբ ծերուկ ծառերով պարտէզ մը։․․․

Ստեղծարար գրագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Վերջին հսկաները, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]