Գոյականներու հոլովում

Գոյական անունները նախադասութեան մէջ կը գործածուին տարբեր ձեւերով։ Այսպէս, քար գոյականը կրնայ ունենալ քարի, քարէ, քարով եւ այլ ձեւեր. ինչպէս՝

  • Քարն ինկած է բակը։
  • Քարին գոյնը գորշ է։
  • Քարէն կտոր մը փրթաւ։
  • Քարով զարկի փայտին։

Տրուած նախադասութիւններուն մէջ քար գոյականը ունի «քարը,քարի,քարէ,քարով» ձեւերը ու անոնց համապատասխան ենթակայի, յատկացուցիչի, անուղղակի խնդիրներու պաշտօն։

Գոյականին փոփոխութիւնը նախադասութեան մէջ, այս կամ այն պաշտօնը կատարելու համար, կը կոչուի՝ հոլովում, իսկ փոփոխուած, հոլովուած իւրաքանչիւր ձեւ կը կոչուի՝ հոլով։