Գոյականի Հոլովներ

Գոյականի Հոլովներ, անուններուն վերջաւորութեան կատարուած ձեւափոխութիւններ։ Խօսքի մէջ գոյական անունը կը գործածուի տարբեր ձեւերով. իւրաքանչիւր ձեւ ունի իմաստ եւ նախադասութեան մէջ կը կատարէ որոշակի պաշտօն։ Հոլովը կ'որոշենք բառին ստացած ձեւէն, արտայայտած իմաստէն եւ կատարած պաշտօնէն։

Ժամանակակից հոլովներն են՝ ուղղական, հայցական, սեռական, տրական, բացառական եւ գործիական, սակայն չորս ձեւ միայն, որովհետեւ մէկ կողմէն ուղղականն ու հայցականը, իսկ միւս կողմէն սեռականն ու տրականը՝ ձեւով նոյնացած են։ Այս հոլովները իրարմէ զանազանելու համար պէտք է հաշուի առնենք անոնց իմաստը եւ պաշտօնը։

Նախադասութեան մէջ սեռական հոլովը գոյականի լրացումն է եւ ցոյց կու տայ առարկայի պատկանելութիւն, վերաբերութիւն, ամբողջի եւ մասնաւորի յարաբերութիւն, իսկ տրականը բայի լրացումն է եւ կ'արտայայտէ զանազան յարաբերութիւններ։