Գողթն գաւառի տարազ

Ջուղայի աղջկայ տարազ

Գողթն գաւառի տարազ, կամ Նախիջեւանի տարազ, տարածուած է եղեր Մեծ Հայքի Վասպուրականի Գողթն գաւառի մէջ, Նախիջեւանի մէջ։ Պատմականօրէն ձեւաւորուած այս աւանդական տարազը 19-րդ դարու վերջերը քաղաքներու եւ աւաններու (Նախիջեւան, Որդուար, Ագուլիս, Աստապատ, Շոռոթ, Ցղնա) տեղի տուած է եւրոպական ու քաղաքային տարազին։ Հայոց տարազի մանրամասները եւրոպականով եւ այսպէս կոչված «կովկասականով» փոխարինելուն կը նպաստէին նաեւ Ագուլիսի, Շոռոթի, Նախիջեւանի, Աստապատի եւ այլ բնակավայրերու առեւտրական դասի, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ու Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ուսանելու մեկնած մեծաթիւ երիտասարդներու ու մտաւորականութեան սերտ կապերը։ Այնուամենայնիւ նկատելի է նաեւ այն ձգտումը, որ եւրոպական տարազի նորամուծութիւններր Նախիջեւանի մէջ, մասնաւորապէս Գողթնի կանանց տարազի համար, օգտագործուեր են ստեղծագործաբար եւ այն համադրել ազգային աւանդոյթներով պահպանուած տարազի հետ[1]։

Այստեղ տարազի համար օգտագործուեր Է մեծամասամբ տեղական բազմազան հումքը եւ տեղական արտադրուող բազմաձեւ զարդերը։ Յայտնի է, որ Ագուլիսի, Նախիջեւանի, Որդուարի, Ցղնայի, Շոռոթի, Ջուղայի, Աստապատի եւ այլ բնակավայրերու մէջ 15-19-րդ դարերուն կը գործԷին բազմաթիւ գործատուներ ու արհեստանոցներ, ուր կ'արտադրուէին բարձրորակ մետաքսեայ ու բրդեայ գործուածքներ, արծաթեայ ու ոսկեայ զարդեր, դաջածո եւ ասեղնագործ կտորեղէն եւ այլ նիւթեր։ Այստեղ զգալի չափերով հասեր է նաեւ եւրոպական ու ասիական երկիրներէպ առեւտուրի միջոցով ներմուծուած օտարերկրեայ կերպասեղէնի, զանազան գործուածքներու ու զարդեղէնի օգտագործումը։ Նախիջեւանի գաւառներու տարազաձեւերէն բաղդատաբար քիչ թէ շատ խմբաւորուած եւ ուսումնասիրուած Է Գողթնի տարազը։ Այն իր արտաքին ձեւով ազգակից է Սիւնիքի եւ Արցախի տարազներուն։

Կանացի զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գողթն գաւառի կանանց տարազը մասնակիօրէն ընդհանրութիւններ ունի Սիւնիք-Արցախի կանանց տարազի հետ:

Գողթնի կանանց աւանդական տարազի համալիր մասերն են սպիտակեղէնը, վրայի շապիկը, վերնազգեստը, գօտին (մետաքսեայ, արծաթեայ), վերարկուն (նաեւ վերարկու-քուրքը), արխալուղը, կրծկալը, գուլպան, կօշիկը (քոշը), գլխու յարդարանքը։

Սպիտակեղէնը կը կարուէր տեղական արտադրուած բամբակեայ կտորէն: Վրայի շապիկը կարմիր գոյնի կտորէն էր, վզի բացուաքը զարդարուած՝ ոսկեգոյն, նեղ ժապաւէնով։ Վրայէն կը հագնէին վերնազգեստ-արխալուղը, որը գլխաւորապէս կը կարուէր կարմիր կտորէ եւ երիզաւորումը կանաչ (քյոբայով): Շագանակագոյն կամ սեւ արխալուղի երիզաւորումը՝ կարմիր (քյոբայով)։ Մէջքը կարով էր, լայնափէշ շրջազգեստը կը հաւաքուէր կիպ վերնամասի տակ։ Աստառը մութ կարմիր կամ մանր ծաղկաւոր չթէ կտորով էր,երկայնակի կարով կարուած, որը արխալուղի վրայէն չէր երեւիր։ Կողքերուն ունէր գրպանի բացուածք։ Վզի բացուածքին կ'աւելնար սրածայր կտոր, որը օձիքի դեր կը խաղար։ Թեւատակերը ճեղքով էին։

Քուրքը կը կարուէր կապոյտ, կանաչ կամ մութ կարմիր թաւշեայ կտորէ։ Թեւքերու երկարութիւնը կը հասնէր մինչեւ արմուկները։ Երիզուած էր աղուէսի մորթի նեղ շերտով, աստառապատուած էր չթէ կտորով։

Կրծկալի դերը ինչպէս այլ տարազներու մէջ այնպէս ալ այստեղ նոյն էր, սակայն տարբեր էր կրելու ձեւը: Եթէ այլ տարազներու կրծկալը կը կապուէր զգեստի տակէն եւ նպատակ ունենալով կուրծքի բացուածքը ծածկել, ապա այստեղ կը կրէին վերնազգեստի, անգամ վերարկուի վրայէն, վերեւի երկու կապիչներով ամրացնելով վիզին: Կրծկալը իրմով կը ներկայացնէր ծաղկաւոր, գծաւոր կամ միագոյն քառանկիւնաձեւ կտոր, վիզի լայն բացուածքով, որը կը հաւաքուէր թաշկինակապի տակ եւ կապիչներով կ'ամրացուէր ծոծորակին: Գողթնի բոլոր գիւղերուն մէջ կրծկալն ունէր միեւնոյն ձեւուածքը:

Գլխու յարդարանքը ճոխ էր։ Կանանց գլխու յարդարանքներուն համար կ'օգտագործուԷր գլխաշոր, արծաթեայ դրամներով պսակուած կոտ, ծամքող, ճակտնոց (դինգ), շղարշ, քթկալ, կեռաազարդ (հրսանոց), կնջիկ ծածկոց, զանազան ձեւերու վզնոցներ, ականջօղեր, գնդեր, ապիջակներ (կրծքի զարդ) եւ այլ զարդեր։ Երիտասարդ կանայք եւ աղջիկները աչքերուն սուրմա կը քսէի, որպէս օծանելիք՝ վարդի ջուրէ պատրաստած բուրումնաւէտ հեղուկ (կուլապը) կ'օգտագործէին։ Մազերուն հինա կը դնէին, մատներուն՝մատանիներ կը կրէին։

Ագուլեցի կինը գլխու վրայ կը կրէր բարձր կոտ, վրայէն կը դնէր շղարշ, ունէր բերնակապ, որը բաղկացած էր երկու մասէ՝ առաջինը կը ծածկէր բերանը, իսկ երկրորդը ծաղկաւոր կտորէ պատրաստուած կրծկալի պէս կ'իջնէր մինչեւ կուրծքը[2]:

Գլխու յարդարանքին կարեւոր նշանակութիւն ունէր ճակատնոցի վրայէն գործածուող քողը, որը կանանց մօտ կարմիր էր, իսկ աղջիկներու մօտ՝ սպիտակ:

Գողթն գաւառի մէջ կանանց գօտին կը կարուէր բամբակեայ, իսկ ունեւորներունը՝ մետաքսեայ կտորէ, որը եւ նիւթով եւ գործածման եղանակով նման էր Սիւնիք-Արցախի կանանց գօտիին[3]:

Գողթնի մէջ երեխաներու հագուստի տակէն կը հագցնէին երկար ու նեղ փողքերով բամբակեայ սպիտակ կտորէ շապընկեր, որը պէտք է երեւէր զգեստի տակէն:

Տղամարդկանց զգեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գողթնի տղամարդկանց տարազի մաս կազմեր են սպիտակեղէնը, շապիկը, անդրավարտիքը, գօտին, արխալուղը, չուխան, վերարկուն, գլխարկը, գուլպան, տրեխը։

Սպիտակեղէնը կը կարուէր տեղական սպիտակ կտաւէն։ Արխալուղը կը կարուէր բամբակեայ կամ մետաքսեայ կտորէ, կը հասնէր մինչեւ ծունկերը, գօտկատեղը կարով էր, փէշերը դարսերով, կը կոճկուէր չափրաստով կամ գնդաձեւ կոճակով։ Կը կապում էր մետաքսեայ կամ բամբակեայ երկար գօտի, որը 2-3 անգամ կը փաթթուէր մէջքին։ Տօնական օրերուն կը կապէին արծաթեայ գօտի։ Չուխան կը կարուէր բրդեայ տնային գործուած կտորէ։ Երկարութիւնը կը հասնէր մինչեւ կողերը, կը կոճկում էր մեկ չափրաստով։ Աստառը բամբակեայ կտոր էր։ Կրծքի աջ եւ ձախ կողմերուն կը կարուէր 6-12 մասանի փամփշտակալ։ Բարձրահասակ տղամարդիկ գլուխներուն կը դնէին գառնուկի մորթով գլխարկ։ Ոտքերուն կը հագնէին գուլպայ եւ տրեխ։

Գողթն գաւառի տղամարդկան տարազը բաղդատաբար միւս գաւառներու աւելի շուտ իր տեղը զիջեց եւրոպականին։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Նազիկ Ավագյան Հայկական ժողովրդական տարազը. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1983.
  • Առաքել Պատրիկ Հայկական տարազ. — Երևան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1967.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]