Գողթն Գաւառի Այր Մարդոց Տարազներ

Գողթնի այր մարդոց զգեստը ի տարբերութիւն կանացի զգեստէն, որոշ ընդհանրութիւններ ունէր Սիւնիք-Արցախի այր մարդոց զգեստին հետ:

Գողթնի տղամարդոց տարազին մասերն էին սպիտակեղէնը, շապիկը, անդրավարտիքը, գօտին, չուխան, վերարկուն, գլխարկը, գուլպան, կօշիկը։

Չուխայի գործածութիւնը կը սկսէր ամուսնութեան օրը, երբ տեղի կ'ունենար երիտասարդութենէ տղամարդութեան շարքերը անցնելու ծիսակատարութիւնը: Ամուսնութեան օրը երիտասարդները իրենց ծնողներէն նուէր կը ստանային արծաթ գօտի: Այր մարդիկը կը գործածէին գառնուկի մորթէ կարուած կոնաձեւ բարձր գլխարկ: Գլխարկը կը ծածկուէր բամպակէ շագանակագոյն, սեւ, մոխրագոյն կերպասով:

Գողթն գաւառի Ագուլիս քաղաքին մէջ 1850ականներէն մինչեւ 1900-ականներու սկիզբը կ՛աշխատէին շերամապահական եւ մետաքսագործական գործարաններ, որոնց տէրերը հայեր էին։ Այս գործարաններուն արտադրած բարձրորակ մետաքսէ թելերն ու կերպասները կ՛օգտագորուէին Գողթնի եւ հայկական այլ գաւառներու աւանդական տօնական զգեստներու պատրաստութեան մէջ։

Գողթնի այր մարդոց տարազը աւելի շուտ եւրոպականացեր է, քան՝ կիներունը։ Հակառակ Գողթնի՝ աւանդապահ տարածք ըլլալուն, XIX դարու կիսուն գողթնեցի տղամարդիկ արդէն իսկ սկսած էին օգտագործել եւրոպական զգեստներ: Պատճառը Գողթն գաւառի առեւտրական կապն էր Եւրոպայի հետ, ինչպէս նաեւ այն, որ մեծ թիւով երիտասարդներ սկսան մեկնիլ եւրոպական քաղաքներ՝ առեւտուրի եւ կամ իրենց ուսումը շարունակելու նպատակներով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]