Գլիօ
| Գլիօ հին յուն․՝ Κλειώ | |
|---|---|
|
| |
| Ծնողներ | հայր՝ Զեւս, մայր՝ Մնիմոսինի |
| Երեխաներ | Եագինթոս և Իմենէոս |
Գլիօ (յուն․՝ Κλειώ)․ Յունական դիցաբանութեան մէջ, Գլիօ պատմութեան Մուսան էր։ Ան կ'երաշխաւորէր սկզբնական խօսքին հաւատարմութիւնը՝ պահելով անոր ամբողջականութիւնը յաւիտեան բանաւոր կամ գրաւոր կերպով, քանի որ «ձայնը պատանդ կ'առնուի», այսինքն՝ գրաւոր խօսքին պատանդ դարձողը նաեւ ժամանակի ընթացքին աղաւաղումներէն նուազ խոցելի կ'ըլլայ։ Ան Զեւսի եւ Մնիմոսինիին (յիշողութիւն) դուստրն էր։
Իր ամենէն յայտնի արուեստային պատկերացումներէն մէկուն մէջ, Գլիօ կը նկարուի դափնեպսակուած եւ ծիրանագոյն հանդերձանքով: Իր աջ ձեռքին մէջ կը բռնէ շեփոր մը (յիշատակելի օրինակելի արարքները ազդարարելու համար) եւ ձախին գիրք մը, որուն վրայ գրուած է. «Գլիօ՝ Պատմութիւն»։
Անոր ոտքերուն տակ կը գտնուի «Պատմութեան Տուփը»: Նաեւ, յաճախ իր պատկերներուն մէջ կը ներառուի աւազէ ժամացոյց մը, որ կը խորհրդանշէ իրադարձութիւններու հոսքն ու ժամանակագրական կարգը:
Բիէրոէն ունէր մէկ զաւակ մը՝ Եագինթոս։ Գլիոյի եւ Բիէրոյի միջեւ եղած կիրքը Աֆրոդիթիին պատիժն էր, երբ Գլիօ ժամանակին համարձակեցաւ ծաղրել զինք Ադոնիսի հետ ունեցած կապին համար։
Անուան ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գլիօ անունը յառաջ եկած է գլէօ/գլիօ κλέω/κλείω արմատ բառէն, որ կը նշանակէ՝ կը պատմեմ եւ կամ ծանօթ կ՛ընեմ․ Գլիօ բայէն Κλείω> κλεΐζω (փառաւորել․ մեծարել), ինչպէս նաեւ՝ κλείνω, κλειδώνω, περικλείω (գլինօ՝ գոցել, գլիդոնօ՝ կղպել, բերիգլիօ՝ շրջափակել)։ Գլէոս κλέος (փառք) եւ κλείς (բանալի) բառերը անմիջական կապ ունին Գլիօին եւ Պատմութեան հետ։
Անցեալի փառապանծ գործերուն արձանագրութիւնը, բանալին կու տար օգտակար եզրակացութիւններ արտահանելու ապագային պատահելիքներուն, որ մանաւանդ կրթական գործ մըն էր։ Ատկէ, յառաջացած է Իսիոդոսի մէկ արտայայտութիւնը՝ «անոնք որ եղած են, անոնք որ կան, անոնք որ պիտի ըլլան», որ կը խտացնէ պատմական գիտութեան էութիւնը։
Աստղակերպ 84 Գլիօ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]25 Օգոստոս 1865-ին յայտնաբերուած աստղակերպը կոչուեցաւ 84 Գլիօ (84 Klio).
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ lib.ugent.be Գլիօ, 28-9-2020(անգլերէն)
- ↑ էջ՝304-305 Avery, Catherine B., հրտ. (1962). New Century Classical Handbook. Նիու Եորք(անգլերէն)
- ↑ Դասական դիցաբանութիւն, Գլիօ․ էջ՝ 56-57(անգլերէն)
- ↑ Յունա-անգլիական բառարան, Գլիօ(անգլերէն)
- ↑ κλειώ․ յունա-անգլիական բառարան (յունարէն)
- ↑ Պրիլ․ Գլիօ(անգլերէն)
- ↑ Աբոլոդորոս, 1․3․3(անգլերէն)
- ↑ Միշիկան բառարան, Գլիօ, Herman, Jennifer (1999)(անգլերէն)