Jump to content

Գիւղատնտեսութիւն

Գիւղատնտեսութիւնը անասուններու, բոյսերու, սունկերու եւ ուտելիքի համար օգտագործուող կենսաբանական արտադրանքներու բազմացման եւ բուծանումին նուիրուած գործունէութիւնն է[1]։

Գիւղատնտեսութիւնը կը նկատուի մարդկային գործունէութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը եւ գործնականօրէն ներկայ է բոլոր երկիրներուն մէջ։

Գիւղատնտեսական հարցերուն հետ ուղիղ կապ ունին բազմաթիւ գիտութիւններ, ինչպէս՝ անասնապահութիւն, հողաբարելաւում, բուսաբուծութիւն եւ այլ մասնագիտութիւններ։

Գիւղատնտեսութեան արդիւնքով ձեւաւորուած է տնտեսութիւնը, որ դարձած է մարդկային քաղաքակրթութեան հետագայ զարգացման հիմքը։

Գիւղատնտեսութեան պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութեան պատմութիւնը նշանակալի դեր ունեցած է մարդկութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ գիւղատնտեսական յառաջընթացը էական ազդեցութիւն գործած է համաշխարհային տնտեսական համակարգին վրայ։ Գիւղատնտեսական հասարակութեան մէջ աշխատանքի բաժանումը սահմանափակուած էր, եւ մասնագիտացումը հազուադէպ երեւոյթ կը նկատուէր մշակաբոյսերու վարել-ցանելու գործընթացին մէջ։ Ասիկա սակայն խթան հանդիսացաւծ է աւելի բարդ հասարակութիւններու՝ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման։

Երբ գիւղատնտեսները յաջողած են արտադրել իրենց ընտանիքներու պահանջէն աւելի մթերք, հասարակութեան այլ խաւերը հնարաւորութիւն կը ստանան զբաղելու տարբեր գործունէութեամբ, բացի սննդամթերքի արտադրութենէն։ Պատմաբաններ եւ մարդաբաններ երկար քննարկումներ ունեցած են քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ գիւղատնտեսութեան ունեցած դերակատարութեան շուրջ։ Կ'ենթադրուի, որ աշխարհի բնակչութեան թիւը երբեք 15 միլիոնը չէր անցներ, եթէ չըլլար գիւղատնտեսական զարգացումը։

Ժամանակակից գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդի գիւղատնտեսութիւնը կը բնորոշուի բարձր մակարդակի մեքենայացումով, քիմիական եւ կենսաբանական միջոցներու կիրարկումով։

Ժամանակակից գործելակերպերու մէջ լայն տարածում ունի արհեստական բանականութեան հիման վրայ հողերու եւ բերքի կառավարման համակարգեր, ինչպէս նաեւ կենսաօրկանական գիւղատնտեսութիւնը, որ կը ձգտի մատակարարել առողջ եւ բնութեան բարեկամ արտադրանքներ։

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ պաշտօնապէս սկսած է Եւրոպական Միութեան կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութեան ծրագիրը, որ կ'իրագործուի Եւրոպական Միութեան եւ Աւստրիական զարգացման գործակալութեան նիւթական համատեղ աջակցութեամբ:

Այս ծրագիրը շատ վառ ծրագիր է, որուն միջոցով կարելի է բազմաթիւ ոլորտներու մէջ լուրջ փոփոխութիւններ ունենալ։ Այս ծրագիրը կ'օգնէ բնապահպանութեան, շրջակայ միջավայրի զարգացման, կ'ապահովէ սնունդի անվտանգութիւնը, նաեւ բաւական մեծ թիւով աշխատանք կը ստեղծէ Հայաստանի մէջ:

Ծրագիրին մեծ բաղկացուցիչ մասերէն է անմիջականօրէն հողամշակներուն, արտադրողներուն եւ վերամշակողներուն դրամաշնորհներու տեսքով արհեստագիտական աջակցութեան տրամադրումը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]