Գէորգ Պապօեան
Արտաքին տեսք
Գէորգ Պապօեան (1896, Այնթապ, 1896 - 18 Մարտ 1919, Պէյրութ), այնթապահայ գրող։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1896-ին, Այնթապ: 1912-ին շրջանաւարտ կը դառնայ Վարդանեան կրթարանէն: 1915-ին կ'աւարտէ Կիլիկեան Ճեմարանը:
1916-ին կը տարագրուի դէպի Սուրիոյ Համա քաղաքը եւ «Սելիմիյէ» գիւղին մէջ հաստատուելով կ'ամուսնանայ Անահիտին հետ եւ կ'ունենայ հինգ զաւակներ:
Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւէն ետք, ան կը հաստատուի Հալէպ, ուր ութ տարի Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Եւրոպայէն մեքենաներ բերելով խաւլիի գործով կը զբաղի։
Կը մահանայ 18 մարտ 1919, Պէյրութի մէջ։
Գրական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ Պապօեան բազմաթիւ գրութիւններ գրած է Սուրիոյ եւ արտասահմանի հայ թերթերուն մէջ։
Ամերիկայի մէջ ան աշխատակցած է «Երիտասարդ Հայաստան»ին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա, 1953։