Գէորգ Թէրճիմանեան

Գէորգ Թէրճիմանեան
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա

Գէորգ Թէրճիմանեան (1886, Կեսարիա - 1915), մանրամարզական միութեան հիմնադիր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Պատանի տարիքին՝ ընտանիքին հետ կու գայ Պոլիս ու կը յաճախէ Գատըքէօյի Արամեան եւ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանները։ Ապա կը մտնէ առեւտրական ասպարէզին մէջ։ Սիրահար մարզական կեանքին՝ կը հիմնէ «Մասիս» մարմնամարզական միութիւնը, ու կը դառնայ անոր արտօնատէրն եւ ատենապետը․ այդ պատճառով 1915-ին կը ձեռբակալուի։ Բացի բանասիրութան եւ լեզուագիտութեան գծով իր ունեցած հակումէն, կը սիրէր գրականութիւնը։ Ունի հետաքրքրական էջեր։ Զոհ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]