Գէորգ Ա. Սարաֆեան

Գէորգ Ա. Սարաֆեան
Ծնած է 1889
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 6 Սեպտեմբեր 1975(1975-09-06)

Գէորգ Ա. Սարաֆեան, (1889,Այնթէպ-Սեպտեմբեր 6 1975 ), ուսուցիչ եւ խմբագիր:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գ.Ա. Սարաֆեան ծնած է Այնթէպ, 1889-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ տեղւոյն Վարդանեան կրթարանին մէջ, որուն ընթացքը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ուսուցչական պաշտօնով կը հրաւիրուի նոյն հաստատութեան կողմէ։1910-ին կ՚անցնի Պոսթոն, ուր մուտք կը գործէ Պրիճուոթըրի Պետական Ուսուցչանոցը, որուն ընթացքը աւարտելէ ետք կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին: 1923-ին կը նշանակուի Քալիֆորնիոյ Լա Վեռն Գոլէճի օտար լեզուներու եւ գրականութեան ուսուցչապետ: 1929-ին Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն կը վկայուի Դոկտոր Փիլիսոփայութեան աստիճանով: Յաջորդող տարիներուն, Գ.Սարաֆեան նախ կը վարէ Հարաւ. Քալիֆորնիոյ Համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքի ուսուցչապետութիւնը, եւ ապա՝ մինչեւ 1950 համալսարանի Ուսուցչանոցի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը: Մանկավարժական իր ասպարէզին զուգահեռ, Գ.Սարաֆեան նաեւ կը զբաղի հրապարագրութեամբ, ինչպէս նաեւ Մանկավարժական-Հոգեբանական հարցերու ուսումնասիրութեամբ: Որպէս խմբագիր կամ յօդուածագիր ան կ'աշխատակցի Պոլսոյ Արեւելք-ին, Պոսթոնի Այգ-ին, Նիւ Եորքի Կոչնակ-ին Քալիֆորնիոյ Նոր Կեանք-ին: Մանկավարժական ու հոգեբանական հարցերու նուիրուած իր հատորներէն անկախ, Գ.Սարաֆեան անգլերէն լեզուով կը հրատարակէ Մանկավարժութեան Պատմութիւնը Հայաստանի Մէջ (Լա Վեռն Լիտըր, 1930) ուսումնասիրութիւնը, որ 1953-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ կը վերահրատարակուի սպաներէն լեզուով, ինչպէս նաեւ կ'աշխատասիրէ ու կը խմբագրէ Պատմութիւն Անթէպի Հայոց Ա. եւ Բ. հատորները (Լոս Անճելոս, 1953):

Գ.Սարաֆեան կը մահանայ 6 Յունիս 1975-ին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]