Գէորգ Արսլանեան

Արսլանեան Գէորգ
Ծնած է 1877 թուականին
Ծննդավայր Այնթապ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Արսլանեան Գէորգ (Տոքթ.), ծնած է Այնթապ, 1877 թուականին։ Նախնական ուսումը ստացած է Այնթապի Աթէնական դպրոցը եւ ապա Այնթապի Սէնթրըլ Թըրքի Գոլէճը, ուրկէ 1900 թուականին շրջանաւարտ ըլլալով կու գայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, որպէս բժշկականի ուսանող։ 1904 թուականին շրջանաւարտ կ'ըլլայ բժիշկի տիտղոսով, պատուոյ յիշատակութեամբ, որու համար կը ստանայ մասնաւոր վկայական։ 1904 թուականին կը վերադառնայ հայրենիք, ուր թաղապետական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ կը կարգուի։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմին, իբրեւ զինուորական բժիշկ, հարիւրապետի աստիճանով կը ղրկուի Պոլիս, ուրկէ կը փոխադրուի Պաղտատ եւ հոն 57րդ շրջուն զինուորական հիւանդանոցին բժշկապետ կը նշանակուի։

1918 թուականին կը վերադառնայ Այնթապ եւ 1920 թուականին կու գայ Պէյրութ, ուրկէ կ'անցնի Հալէպ եւ կը նշանակուի Նիր Իսթ Րիլիֆի բժիշկ։ Ապա կը պաշտօնավարէ Հալէպի Հրէական Հիւանդանոցը, ուր կը մնայ մինչեւ 1945, երբ ալ վերջնականապէս կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը բանայ իր դարմանատունը Թրիբոլիի ճամբուն վրայ, Պուրճ Համուտի շրջանը։

Տոքթ. Արսլանեան Այնթապի հերոսամարտին եղած է Ատենապետ Ազգային Միութեան, ինչպէս նաեւ յաճախ եղած՝ Հ.Բ.Ը Միութեան վարչական[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 394։