Գետ
Արտաքին տեսք

Գետ, ջրային բնական հոսք, բնութեան ամէնէն կենսական երեւոյթներէն[1]։
Գետերը սկիզբ կ'առնեն լեռներէ, աղբիւրներէ կամ ձիւնահալքերէ եւ կը հոսին դէպի ծովեր, լիճեր կամ այլ գետեր։
Գետերը կեանք կու տան շրջապատի բնութեան, անասուններուն եւ մարդոց[2]։
Հնագոյն քաղաքակրթութիւնները, ինչպէս՝ Միջագետքէն Եգիպտոս, զարգացած են գետերու ափերուն, ինչպէս՝ Եփրատը, Տիգրիսը եւ Նեղոսը, որոնք եղած են մշակոյթի, առեւտուրի եւ քաղաքակրթութեան բնակէտեր։
Գետերը կարեւոր դեր ունին՝ ոռոգելու, ելեկտրականութիւն արտադրելու, փոխադրութիւն եւ զբօսաշրջութիւն ապահովելու մէջ։ Սակայն, մարդոց գործունէութիւնը յաճախ կը սպառնայ գետերու առողջութեան. ապականումը, ապօրինի շինարարութիւնները եւ ջուրի չարաշահումը կրնան վնասել գետային միջավայրերուն։