Գեղօն
Գեղօն Պատմողական բնոյթ ունեցող չափածոյ ստեղծագործութիւն, որուն մէջ աւանդական, պատմական կամ այլ թեմայով ստեղծուած դիպաշարը կը զարգանայ հեղինակին յոյզերուն եւ խոհերուն զուգընթաց:[1]
Միջին դարերուն, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, գեղօն կը կոչուէին՝ երգի ու պարի ընկերակցութեամբ կատարուող քնարական բանաստեղծութիւնները:
Գեղօնը մեծ մասամբ բաղկացած էր 28 տողերէ եւ ունէր կառուցուածքի որոշ կայուն գիծեր,- երեք ութ տողնոց տուներ, եւ վերջաւորութեան՝ քառեակ մը:
ԺԸ. դարու վերջերուն սկսած՝ գեղօնի թէ՛ բովանդակութիւնը, եւ թէ ձեւը զգալի փոփոխութեան ենթարկուեցան: Սկսան գեղօն կոչել ժողովրդական որեւէ աւանդութեան գեղարուեստական մշակումը, որ ունէր հերոսական, երեւակայական նիւթ եւ քնարական ուժեղ գունաւորում:[2]
Մեր մէջ գեղօն գրած են Վ. Թէքէեան, Յովհ. Թումանեան, Աւ. Իսահակեան, Ե. Չարենց, Գ. Սարեան, Ս. Սահակեան, եւ ուրիշներ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի, Յովհաննէս Թովմաս Գայայեան»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-09-21
- ↑ «Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի, Յովհաննէս Թովմաս Գայայեան»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-09-21