Jump to content

Գեղարոտի ջրվէժ

Գեղարօտի ջրվէժ, ջրվէժ Հայաստանի մէջ։ Բնութեան յուշարձանը կը գտնուի Արագածոտնի մարզին մէջ, Արագած գիւղէն 11 քմ. հիւսիս-արեւմուտք։

Գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բնապահպանութեան նախարարութեան բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառուած է 14 Օգոստոս 2008-ին, ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը հաստատելու մասին» ՀՀ Կառավարութեան որոշման համաձայն[1][2]։

Արագածի լանջին՝ ծովու մակարդակէն մօտ 3000 մեթր բարձրութեան վրայ՝ Քասախ գետի Գեղարոտ վտակին վրայ է այս ջրվէժը:

Ձմրան կը սառի, իսկ ամրան սառնորակ ջուրերը կը գահավիժին շուրջ17 մեթր բարձրութենէն:

Շատ կը նմանի Թռչկանի ջրվէժին:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ««Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը հաստատելու մասին»ew»։ www.arlis.am
  2. ««Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութիւն, Բնութեան յուշարձաններու ցանկ»»։ www.mnp.am