Jump to content

Գեղամ Ճեղալեան

Գեղամ Ճեղալեան
Ծնած է 1915
Ծննդավայր Փոքր Ասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1981
Մասնագիտութնիւն լուսանկարիչ

Գեղամ Աւետիս Կարապետ Ճեղալեան (1915, Փոքր Ասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1981), հայ-պաղեստինցի լուսանկարիչ: Ան հիմնադիրն էր առաջին լուսանկարչութեան արուեստանոցին Ղազայի մէջ, 1944 թուականին: Ճանչցուած էր իր լուսանկարներով, որ Ղազայի ամէնօրեայ կեանքը եւ քաղաքական դէպքերը կը նկարագրեն:

Գեղամ Ճեղալեան ծնած է Անատոլիա: Երբ մանուկ էր, ան իր մօր եւ քեռի/հօրեղբոր հետ կը փախչի դէպի Սուրիա, ծպտուած որպէս աղջիկ[1]: Գեղամ իր ընտանիքի անդամները մեծասնութեամբ կը կորսնցնէ Հայոց ցեղասպանութեան: Երբ իր մայրը կը կորսնցնէ, ան կ'անցնի Լիբանանի որբանոցներէն մէկը եւ ետքը, իր պատանի տարիքին, կը հաստատուի Պաղեստին[2] եւ կ'ապրի Երուսաղէմ եւ Եաֆա քաղաքներուն մէջ ու կը սորվի լուսանկարչութեան արհեստը[3]:

1944 թուականին, երբ կ'ամուսնանայ Զուարթ Նաքաշեանի հետ, անոնք կը բնակին Ղազա, Ալ-Զէյթուն շրջանին մէջ: Հոն՝ Գեղամ Ճեղալեան առաջին լուսանկարչութեան արուեստանոցը կը բանայ Օմար Մուխթար թաղամասին մէջ[4]: Տեղացի ընտանիքներ կ'այցելէին անոր արուեստանոցը դիմանկարներ լուսանկարչութեան համար: Ուրիշներ Գեղամին կը վճարէին նկարահանելու իրենց հարսանիքները[5]: Հակառակ որ ան քրիստոնեայ էր եւ շատ քիչ արաբերէն կը խօսէր, Ճեղալեան լաւ ձեւով ընտելացաւ գաղութին եւ իր պզտիկները արձանագրեց արաբական դպրոցներու մէջ[1]:

Տարիներու ընթացքին, Ճեղալեան ներկայ էր Ղազա քաղաքի ընկերային եւ քաղաքական փոփոխութիւններուն, օրինակ՝ Անգլիոյ հովանաւորութիւնը եւ պատուիրագիրը, Եգիպտոսի իշխանութիւնը, Իսրայէլի գրաւումը եւ վրաններու կեանքը Նաքպայէն ետք: Ան այս դէպքերը կ'արձանագրէր լուսանկարչութիւններով: Իր թոռը կ'ըսէ՝ «Գեղամ լուսանկարիչ չէր, ան միայն իղձ ու փափաքը ունէր ամէն բան նկարագրելու»[3]: Գեղամ Ճեղալեանի աշխատանքը կ'ընդգրկէ լուսանկարներ՝ շէնքերու կամ կայարաններու, որ այլեւս գոյութիւն չունին:

Գեղամ կը վաւերագրէ հետեւեալ դէպքերը՝ Խան Եունիսի ցեղասպանութիւնը եւ Նաքսան: Ան նաեւ լուսանկարած է Չէ Կեւարան 1959 թուականին երբ ան այցելեց Ղազա:

1967-ի 6-օրուայ պատերազմին ընթացքին, Ճեղալեանի ընտանիքը կը փախչի Եգիպտոս, սակայն Գեղամ կը մնայ Ղազա: «Ան կը սիրէր Պաղեստինը, իր տունն էր»: Այն ժամանակ, Գեղամ նաեւ կ'աշխատէր Յորդանան գետի արեւմտեան ափը գտնուող հայ լուսանկարիչներու հետ սեւանկարներ ղրկելու Եգիպտոսի բանակին[2]: Ան «Ֆետայի Լուսանկարիչ» անուանումը կը ստանայ[3]:

Գեղամ Ճեղալեանի մահէն ետք, 1981 թուականին, անոր լուսանկարչութեան արուեստանոցը փոխանցուեցաւ իր օգնականին, Մօրիս Թարազիին, եւ ետքը անոր եղբօր՝ Մարուան Թարազիին, որ սպաննուեցաւ 2023ին, երբ Իսրայէլ հարուածեց Ղազայի եկեղեցիներէն մէկը[3][6][7]: Գեղամ Ճեղալեան լաւ ձեւով յիշուած եւ ճանչցուած է թէ՛ Պաղեստինի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ[3][5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 «Rediscovered Photos of Gaza Reveal a Lesser-Known Side of Its History»։ VICE (en-US)։ 2021-04-23։ արտագրուած է՝ 2025-01-14
  2. 1 2 https://www.hadaramagazine.com/?p=8664%5B%5D
  3. 1 2 3 4 5 Bedirian Razmig։ «The Armenian photographer who captured life in Gaza on camera: 'People had a personal connection with him'»։ The National (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-01-14
  4. «Instagram»։ www.instagram.com։ արտագրուած է՝ 2025-01-16
  5. 1 2 «New documentary: Gaza in black-and-white photos – DW – 08/13/2020»։ dw.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-01-16
  6. https://www.washingtonpost.com/world/2023/12/27/palestinian-protest-music/
  7. https://arablit.org/wp-content/uploads/2023/12/English-.pdf

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]