Գեղագիտական արժէք
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
| Այս յօդուածը ուիքիֆիկացման կարիք ունի՝ Ուիքիփետիայի որակի չափանիշներուն համապատասխանելու համար։ Դուք կրնաք օգնել յօդուածին բարելաւումին՝ աւելցնելով համապատասխան ներքին յղումներ եւ շտկելով բաժիններու դասաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուիքիչափանիշներուն համապատասխան այլ գործողութիւններ կատարելով։ |
Գեղագիտական ապրում եւ գրականութիւն, գեղեցիկի զգայնութիւն կամ գեղագիտական ապրում կը կոչենք գրական-գեղարուեստական գործէ մը մեր ստացած վայելքը։ Այս ապրումը իր մէջ կը պարփակէ ճաշակի դատում մը, հարստացած գաղափարական եւ յուզական տարրերով։ Այսպէս է, երբ կը լսենք երաժշտական կտոր մը, կամ կը դիտենք գեղանկար մը, կամ կը կարդանք գրական գործ մը եւ զայն կը գտնենք ներդաշնակ, մեր զգայարանքներուն հաճելի։ Բայց միանգամայն մեր յուզական աշխարհով կը մասնակցինք անոր ու մտքով կ'ըմբռնենք անոր բովանդակութիւնը։ Գեղագիտական ապրումը, ինչպէս գեղագիտական իտէալը, արուեստագէտի մը հոգեկան աշխարհին հիմնական բանալիներն են, վարելու համար երկի մը յղացման եւ ստեղծագործական ընթացքը։ Անոնք նաեւ անհրաժեշտ Են այդ երկի ըմբռնումին, վայելումին համար, շնորհիւ իրենց առաջացուցած հոգեմտաւոր մասնակցութեան։
Գեղագիտական իտէալ-արժէք, կեանքը, իրականութիւնը, մարդկային գիտակցութեան մէջ կը ներկայանան փոխն ի փոխ գեղեցկութեան, վեհութեան, ողբերգականի կամ կատակերգականի իրենց երեսներով ու աստիճաններով։ Այս արժէքները կամ յատկանիշները գոյութիւն ունին անշուշտ մարդկային գիտակցութեան մէջ, անոր համար, եւ ոչ անկէ դուրս։ Բայց անոնք կան բոլոր մարդոց համար, ամէն մշակուած գիտակցութեան համար, նոյնիսկ եթէ կը մնան չափով մը յարաբերական, նոյնիսկ եթէ մասամբ փոխուած են ու կը փոխուին ժամանակէ ժամանակ, վայրէ վայր, նաեւ ըստ ընկերամշակութային կացութեան կամ դասակարգի։ Այս յատկանիշ արժէքներէն հիմնականը գեղեցիկն է (նկատել, որ արուեստի գիտութիւնը կը կոչուի գեղագիտութիւն)։
Գեղեցիկի էութեան սահմանումը փիլիսոփայական հիմնական խնդիր է, որ զբաղեցուցած է բոլոր ժամանակներու մտածողները, առիթ տուած բազմաթիւ տարբեր, երբեմն հակադիր կեցուածքներու։
Այս ծաւալուն ու անվերջանալի բանավէճին մէկ տարազումը գեղեցիկի եւ «օգտակար»ի կապին խնդիրն է։ Այսպէս, երբեմն կարգ մը մտածողներ գեղեցիկը նոյնացուցած են օգտակարին հետ, ուրիշներ հակադրած են համայն իրականութեան։