Գաւաֆեան քոյրեր
| Գաւաֆեան քոյրեր |
|---|
Գաւաֆեան քոյրեր Անի եւ Այտա Գաւաֆեաններ, Սթամպուլի մէջ ծնած հայազգի նշանաւոր ջութակահարուհիներ են, որոնք իրենց երաժշտական գործունէութեամբ մեծ ճանաչում ձեռք բերած են Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անի Գաւաֆեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անի Գաւաֆեանը ծնած է Սթամպուլի մէջ, 10 Մայիս 1948 թուականին։ 1956 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսանած եւ կատարելագործուած է քանի մը նշանաւոր երաժիշտ-մանկավարժներու մօտ։
Ան եղած է Եյլի Երաժշտական Դպրոցի պրոֆեսոր։ Որպէս մենակատար ջութակահարուհի՝ ելոյթներ ունեցած է Տիթրոյթի եւ Պոսթընի նուագախումբերուն հետ։ Երեք տարի ծառայած է որպէս Ճուլիարտի նուագախումբի քոնսերթմայսթըր։
Անի Գաւաֆեանը համերգներով հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Ան արժանացած է Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային մրցոյթի առաջին եւ այլ մրցանակներու։
Անոր որդին՝ Մեթիւ Գաւաֆեանը, նոյնպէս ջութակահար է։
Այտա Գաւաֆեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այտա Գաւաֆեանը ծնած է Սթամպուլիմէջ 1953 թուականին։ 1956 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Աւարտած է Նիւ Եորքի Ճուլիարտի երաժշտական բարձրագոյն դպրոցը։ Իր երաժշտական գործունէութեան ընթացքին համերգներ տուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։
1973 թուականին, Լիզպոնի մէջ կայացած Ջութակահարներու միջազգային վեցերորդ մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակին։
Անոր երգացանկին մէջ կարեւոր տեղ ունեցած են հետեւեալ մեծանուն երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները՝
- Եոհան Սեպասթիան Պախ,
- Լիւտվիկ վան Պեթհովէն,
- Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ,
- Պելա Պարթոք։
Այտա Գաւաֆեանը նաեւ եղած է «Թաշ» լարային քառեակի առաջին ջութակահարը։
1973 թուականին ան եւս արժանացած է Արամ Խաչատրեանի անուան մրցոյթի առաջին մրցանակին։
| Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ երաժշտութեան հանրագիտարանէն», որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիէյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |