Գասպար Իփէկեան Թատերախումբ

Գասպար Իփէկեան թատերախումբ, Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբ։ Հիմնուած է 1941 թուականին[1], դերասան, թատերագիր եւ բեմադրիչ Գասպար Իփէկեանի նախաձեռնութեամբ, առաջին ներկայացումը՝ Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին», տեղի է ունեցած է 1942 թուականին[2]։

1952 թուականէն կոչուած է հիմնադրի՝ Գասպար Իփէկեանի անունով։ 1960-ական թուականներուն թատերախումբը ներկայացումներ ունեցած է Պուրճ Համուտ հայաշատ թաղամասի կեդրոնը կառուցուած «Յակոբ Տէր-Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ (500 տեղանոց)։ Բեմադրուած են ազգային և թարգմանական թատրոններ ինչպէս՝ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ», «Կայսր», Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները», Սունդուկեանի «Պէպօ», Շիրվանզադէի «Քաոս», Ն.Վ.Կոկոլի «Քննիչը», Յ.Իբսէնի «ժողովուրդի թշնամին»,Մ. Փանեոլի «Փառքի վաշխառուները»։ Թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներ։

Թատերախումբին մէջ աշխատած են Ճորճ Սարգիսեանը՝[1] (պարգեւատրուած Լիբանանի պետական, Համազգայինի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշաններով), դերասան - դերասանուհիներ՝ Զ. Շանթը, Ն. Մինասեանը, Գեղամ Տէր-Կարապետեանը, Մ. Սարգիսեանը, Պ. Գարագաշեանը, ժ. Շահապեանը, Հ. Պոպեանը, Հ. Թորիկեանը, Դ. Պոյաճեանը, Ա. Խաչատուրեանը, Վ. Վարդապետեանը, Խ. Արարատեանը եւ այլն։ 1982-1985 թուականներուն թատերախումբը ղեկավարած է Բաբգէն Փափազեանը, բեմադրած է Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» և Մուշեղ Իշխանի «Պարոյր Հայկազն Մովսէս Խորենացի» թատրոնները։ 1987-2002 թուականներուն Վարուժան Խտշեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ», «Եսի մարդը», «Կայսր», Յակոբ Օշականի «Երկնքի ճամբով», Ա. Միլըրի «Բոլոր զաւակներս», «Գինը», Ք.Մանիէի «Օսգարը», Ն. Սայմոնի «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը» եւ այլ թատրոններ։ 2003-ին Զ. Ցագուպեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» թատրոնը«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 «Համազգայինի Հիմնադրման 90ամեակի Առթիւ»։ Asbarez - Armenian։ 2018-09-25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22 
  2. ««Գ. Իփէկեան» թատերախումբ – Hamazkayin Lebanon»։ www.hamazkayinlebanon.com