Jump to content

Քեմփ Ռոգ

(Վերայղուած է Գամբ Ռոգ-էն)

«Քեմփ Ռոգ: երաժշտական արձակուրդներ» (անգլ.՝ Camp Rock) երիտասարդական ֆիլմ։ ԱՄՆ-ի առաջնախաղ ներկայացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 20, 2008-ին։ Ռուսիոյ առաջնախաղ ներկայացումը տեղի ունեցաւ 25 Դեկտեմբեր 2010-ին։

Միտչի Թորրեսը կը փափաքի յաճախել Ռոք ճամբար, ուր կը մնան հարուստ ծնողներու երեխաները։ Դժբախտաբար իր ծնողքը չէր կարողանար զինք ղրկել ճամբար։ Վերջապէս Միտչիի մայրը կը գտնէ աղջկան օգնելու հնարաւոր միջոցը։ Ան այնտեղ կ'աշխատի որպէս խոհարարուհի եւ Միտչին իր հետ կը տանի։ Ճամբար հասած՝ Միտչին կը հանդիպի իր նոր ընկերուհի՝ Գէյդլինի եւ ճամբարի «սքանչելի» Թեսին։ Չցանկալով բոլորի կողմէն անտեսուած ըլլալ, Միտչին Թեսին կ'ըսէ, որ իր մայրը հարուստ գործարար կին է եւ աղջիկները կ'ընդունին զինք իրենց շրջապատին մէջ։ Բայց հիմա Միտչին ստիպուած է գաղտնիքը պահել, որ իր մայրը ճամբարին խոհարարուհին է։