Գաղափարներու եւ Դէպքերու Յեղաշրջում

Դէպքերու արտաքին յեղաշրջումը արդիւնքն է նախ եւ առաջ ԺԸ. Դարու ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԻՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ։Այս զարգացման հետեւանքներէն մէկը եղաւ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի յարաբերութեանց եւ կապերուն յաւելումը։

Օսմ.կայսրութեան յոյն տարրը առաջինը եղաւ,որ աւելի սերտ շփման մէջ մտաւ Եւրոպայի հետ։Այս յարաբերութիւնները կը դիւրանային այն պատճառով, որ յոյները արտասահմանի մէջ, օրինակ՝ Ռուսիոյ հարաւը, Վիեննա, Ֆրանսա, առեւտրականներու գաղութներ ունէին։

Յոյներու միջոցաւ է,որ ֆրանսական Յամայնագիտարանի հեղինակներէն Մոնթեսքիէոյի, Վոլթերի եւ ռուսիոյ ընթերցումը տարածուեցաւ պոլսոյ քրիստոնեայ ժողովուրդի լուսամիտ դասակարգին մէջ։

Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ տեւական յառաջխաղացքը ինչպէս, նաեւ ԺԸ. Դարուն օսմ. Կայսրութեան ընկրկումը, իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Արեւելքի քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներու մտքին վրայ, անոնց զգացնել տալով իրաւակարգի փոփոխութեան մը կարելիութիւնը։

Ֆրանս.յեղափոխութեան(1789)անմիջական հետեւանքը այն եղաւ, որ օսմ.կայսրութիւնը փրկուեցաւ անդամահատութենէ, Ռուսիան եւ Աւստրիան շեղեցնելով իրենց նպատակէն եւ անոնց բանակները զբաղեցնելով յեղափոխութեան եւ կայսրութեան պատերազմներուն մէջ.միւս կողմէ սակայն ազատագրութեան եւ անկախութեան իր գաղափարներով յսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ օտար տիրախետութեան ենթակայ բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։Շնորհիւ ֆրանսական յեղափոխութեան եւ անոր շարունակութիւնը եղող 1848-ի յեղափոխութեան է, որ պարտադիր սկսաւ դառնալ այն սկզբունքը, ըստ որում ամէն ազգութիւն գերիշխան մարմին մը կը կազմէ, որ ինչ որ ըլլայ իր տկարութիւնը, չի կրնար օտար տիրապետութեան մը ներքեւ դրուիլ առանց իր համաձայնութեան, ոչ ալ հոն պահուիլ ՝ հակառակ իր կամքին։

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՌՈՄԱՆԹԻԶի ազդեցութիւնը եւ յատկապէս յերտերինը, որ արդարօրէն կոչուած է նոր ազգերու հայրը, նմանապէս շատ մեծ եղաւ ճնշուած ժողովուրդներուն վրայ, մէջը հաշուած նաեւ հայերը, որոնք հաղորդակից էին այս գաղափարներուն, դորպատի համալսարանին հայ ուսանողներուն միջոցաւ։

Ասկէ զատ, ԺԹ դարուն սկիզբը, երկու բարեկարգիչ մեծ վեհապետներ երեւան եկան արեւելքի մէջ՝ եգիպտոսի փոխարքայ ՄԵՀՄԷՏ ԱԼԻ եւ թուրքիոյ ՄԱՀՄՈՒՏ Բ սուլթանը։Անոնց երկուքին ալ գահակալութեՆ շրջանը աւանդութեան հետ խզում մը եղաւ, տեսակ մը ցնցում, եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց՝ արեւելքի այլազան ժողովուրդներու զարթօնքին համար։

Յետագային, ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՌԻԶՈՐԺԻՄԵՆՈՒԹՈՆ եւ այն կռիւները, որոնք յանգեցան իտալական պետութեան ստեղծումին, ինչպէս նաեւ կարիպալտիի մեծ դէմքը, շեշտուած ազդեցութիւն մը ի գործ դրին ստրկացուած ժողովուրդներու երեւակայութեան վրայ։Երիտասարդ իտալիոյ պատգամաբերը՝ մածծինի ոգեկոչած է արդէն ճնշուած բոլոր ազգերու ազատագրութիւնը, իբրեւ իտալական իր հայրենիքի ազատագրութեան հետեւանքը եւ իբրեւ անոր իրական անկախութեան պայմանը։

Վերջապէս, հարկ է յիշատակել նաեւ վիկտոր Յիւկոյի եւ իր մարդկայնական իտէալին ազդեցութիւնը։

1848-ի յեղափոխութիւնները գործնականին մէջ շատ աւելի անմիջական ազդեցութիւն մը գործեցին ստրկացուած ժողովուրդներուն վրայ, քան 1789-ի յեղափոխութիւնը։Արդարեւ, 1848էն ետք կը սկսին պատմական կոչւած ազգերու պահանջները, ինչպէս իտալիա, Յունգարիա եւ Լեհաստան, որոնք հայաստանի նման կորսնցուցած էին իրենց անկախութիւնը։

Կրօնական առաքելութիւններն ալ իրենց լայն բաժինը ունեցան արեւելքի այս ժողովուրդներուն զարթօնքին մէջ։Անոնց գործը վերակենդանութեան տարրերէն մէկը հանդիսացաւ։ԺԷ. Դարէն սկսած ֆրանսացի Յիսուսեաններեւ յետոյ Լազարիստներ ու Տոմինիկեաններ ֆրանսական վարժարաններ բացին թուրքիոյ մէջ։ԺԹ. Դարուն հրապարակ եկան նաեւ անգլիացի բայց մանաւանդ ամերիկացի բողոքական միսիոնարներ։Անոնք տեղական լեզուով հրատարակեցին եւ տարածեցին Աստուածաշունչը.Կրթական հաստատութիւններ հիմնեցին եւ այսպէսով բացայայտ ազդեցութիւն ունեցան յառաջադէմ գաղափարներու ուղղութեամբ։

Պէտք է յիշել նաեւ եւրոպայի եւ մերձաւոր արեւելքի միջեւ առեւտրական փոխանակութեանց աստիճանական յաւելումը, որովհետեւ ապրանքներու փոխանակութիւններուն կ'ընկերանան անպայման գաղափարներու փոխանակութիւններ։

ԺԹ. Դարու առաջին կէսէն սկսեալ կը սկսի Պալքանեան անկախ կամ ինքնավար պետութիւններու կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուսական կայսրութեան թափանցումը Անդրկովկասի եւ արեւելահայաստանի մէջ։Բոլոր այս դէպքերը նպաստեցին ամրապնդելու եւ քաջալերելու հայկական վերածնունդը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց Պատմութիւն,Հրանդ Փաստրմաճեան,էջ 28-29-30