Jump to content

Գալուստ Ա. Քհնյ. Էքմէքճեան

Գալուստ Ա.Քհնյ.Էքմէքճեան
Ծնած է 1930 թուականին
Մահացած է 1996 թուականին
Աշխատավայր Քահանայ
Ամուսին օրդ. Մարի Մարաշլեան
Ծնողներ Գրիգոր եւ Աննա

Տ.Գալուստ Ա.Քհնյ.Էքմէքճեան (1930-1996), Աւաղանի անունով Պերճ, որդի Գրիգորի եւ Աննայի, ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Հալէպի մէջ, 1930 թուականին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն ներս, որուն հիմնադիրներէն մին ու երկար տարիներու տնօրէնը եղած է իր հայրը։

Ան դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է 1942 թուականին։ Ահա՝ երկու տարի Մխիթարեան վարժարան յաճախած է։ Իսկ ուսումը շարունակելու հեռանկարով մեկնած է Կիպրոս եւ մէկ տարի Մելգոնեան վարժարանը յաճախելէ ետք, վերադարձած է Հալէպ 1945 թուականին1

Մտած է կրթական ասպարէզ եւ հինգ-վեց տարի կրօն դասաւանդած է նախ Զաւարեան եւ ապա Լ. Նաճարեան վարժարաններուն մէջ։ Ապագային 'այլուն տնտեսական վիճակ մը ունենալու հեռանկարով, հեռացած է կրթական կեանքէն եւ մտած է ազատ ասպարէզ։

Ան տարիներու աշխատանքով որոշ գումար մը խնայելէ ետք, յաջողած է նպարավաճառի անձնական խանութ մը ունենալ։ Ապա, տարիներու իր աշխատանքին վաստակով պատրաստուած է ընտանիք կազմել։

Պերճ իր կեանքի ընկերը ընտրած է օրդ. Մարի Մարաշլեանը, որուն հետ պսակուած է Ս. Քառասնից Մանկաց։

Իր գործակիցները եղած են Տ. Խաչատուր քհնյ.Գարեգին քհնյ. Քիրադեանը։ Տ. Գարեգին հարիւր յիսուն ընտանիք փոխանցած է տէր հոր, որպէսզի հովուէ։

1966-1970, ան չորս տարի պաշտոնավարած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ, ապրելով նիւթական համեստ պայմաններու մէջ եւ շրջապատին հետ ունենալով դժուարութիւններ։ Իր հեռանկարը այնթապցի հայրենակիցներուն ծխատէր քահանայ դառնալն էր։

Երբ Ս. Աստուծածին ետեղեցւոյ երկու երիցագոյն քահանաները՝ Տ. Կարապետն ու Տ. Բարսեղը անկարող կ'ըլլան հիւանդութեան պատճառով քահանայագործելու, թաղականութիւնն ու այնթապցի պատասխանատու հայրենակիցներ կջրջշեն տնօրէնի զաւակ Տ. Գալուստը Ս. Աստուածածին տեղափոխել։ Անոնք կը դիմեն թեմի Առաջնորդին, որ պարտն ու պատշաճ տնօրինումը կատարելէ ետք, ընթացք կու տայ թաղականութեան փափաքին։ 1970 թուականին տէր հայրը կը տեղաթոխուի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, իրեն գործակից ունենալով Տ. Զարմայր քհնյ. Հինտոյեանը։ Այնուհետեւ, իրեն կը փոխանցուին Տ. Կարապետի եւ Տ. Բարսեղի բոլոր ծուխերը, որոնց շնորհիւ իր նիւթական վիճակը կը բարելաւուի ու կ'ապրի բարեկեցիկ կեանք մը։

1972 թուականին, երբ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութինն ու Այնթապցիներու Հայրենակցական Միութիւնը համագործակցաբար կը ձեռնարկեն Վիլլաներու թաղամասին մէջ նոր ու շքեղ եկեղեցիի մը կառուցման ծանր աշխատանքին, Տ. Գալուստ երկար ժամանակ երկար ժամանակ կարեւոր դեր կ'ունենայ շինարարական նախանիւթերու ապահովման դըժուարին գործին մէջ։ Ան Տ. Զրմայրին ու շինարարական յանձնախումբին հետ մամագործակցաբար հետապնդած է եկեղեցւոյ շինութեան գործերը՝ մինչեւ անոր լրումը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր Բ, Հալէպ, էջ էջ271։