Բովանդակութիւն Եւ Ձեւ

Բովանդակութիւն եւ ձեւ, գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան` անխզելիօրէն իրար հետ կապուած կողմերը։ Գեղարուստական ստեղծագործութիւն մը անպայման կ՛ունենայ խորք (բովանդակութիւն) եւ ձեւ։

Խորք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորքը ստեղծագործութեան թեման է՝ հոն արծարծուած հարցերը, կեանքի պատկերները ու հեղինակային գնահատականները, այսինքն՝ արտայայտել ուզած գաղափարը։ Այլ խօսքով՝ գեղարուեստական ստեղծագործութեան խորքը թեմայի (նիւթի) ու գաղափարի միասնութիւնն է։ Օրինակ Թումանեանի «Գիքորը» պատմուածքի խորքը հայ գիւղի քայքայումն է, գիւղ-քաղաք հակադրութիւնը, քաղաքային վաշխառուական դասակարգի կողմէ գիւղացիին շահագործումը ու կործանումը։ Հոն յստակ է նաեւ հեղինակին վերաբերմունք-գնահատականը, այն է՝ հայ գիւղացիին անզօր առաքինութիւնը ու առեւտրական դասակարգին անմարդկայնութիւնը։

Ձեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձեւը ստեղծագործութեան մը պատկերումի, արտայայտչական միջոցներու ամբողջութիւնն է, որ կը ծառայէ բովանդակութեան արտայայտումին։

Ձեւի մէջ կը մտնեն երկի մասերու, պատկերներու դասաւորութիւնը, փոխադարձ կապուածութիւնը, դէպքերու զարգացումին ընթացքը։ Ձեւի անխուսափելի մաս են լեզուն ու ոճը, սեռի (պատմուածք, վէպ, բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն եւ այլն) իւրայատկութիւնները եւ չափածոյ սեռերու տաղաչափական կառուցուածքը՝ չափ, յանգաւորում եւ այլն։

Ամփոփում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձեւն ու բովանդակութիւնը անբաժանելի են, այսինքն՝ հնարաւոր չէ խորք առանց ձեւի ու փոխադարձաբար։ Եթէ անջատենք ձեւը՝ ոչնչացած կ’ըլլայ բովանդակութիւնը եւ եթէ անջատենք բովանդակութիւնը, անիմաստ կը դառնայ ձեւը։ Անտարակոյս այս երկուքի մէջ առաջնային կարեւորութիւն ունի բովանդակութիւնը՝ թեման ու գաղափարը, բայց եւ ձեւի կատարելութենէն կախուած է երկի յաջողութիւնը. եթէ լաւ խորքը տրուի անյաջող ձեւով՝ գործը կը ձախողի եւ հակառակը՝ առանց լաւ խորքի գեղեցիկ ձեւը անիմաստ զարդարանք է։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, Գրականագիտական բառարան, էջ 58