Jump to content

Բողկ

Բողկ (լատիներէն՝ Raphanus), բողկուկ, կաղամբազգիներու ընտանիքի միամեայ եւ երկամեայ արմատապտղաւոր բանջարաբոյս։

Ծաղկացօղունը ճիւղաւորուող է։

Վարդակին տերեւները թաւ են, տերեւաթիթեղը՝ քնարաձեւ բլթակաւոր, վերին բլթակը՝ մեծ։

Ծաղկաբոյլը ողկոյզ է, ծաղիկները՝ ճերմակ, վարդագոյն եւ մանիշակագոյն։

Կը ծաղկի Մայիս-Յունիսին։

Պտուղը չբացուող պատիճ է, արմատապտուղները՝ տարբեր ձեւի (կլոր, կլոր-տափակաւուն, կոնաձեւ, ձուաձեւ, գլանաձեւ եւ այլն), մեծութեան (տարեկանը՝ 0, 5-5 կ., ամսաբողկը՝ 20-60 կ.) եւ գոյնի (սպիտակ, կարմիր, վարդագոյն, մոխրագոյն եւ այլն)։

  • Կը պարունակէ ջերմուժ (սէ, պէ), քալսիումի, երկաթի եւ ֆոսֆորի աղեր (կը գերակշռեն հիմնական աղերը) եւ օլիկօ-էլեմաններով հարուստ է:
  • Մեծ բողկը առհասարակ անհամ կ'ըլլայ: Կլոր եւ փոքր բողկին համը աւելի շեշտուած կ'ըլլայ, քան` երկարաւուն տեսակը:
  • Բողկ ընտրելու ժամանակ պէտք է զայն ճզմել մատներով, իսկ ան պէտք է ամուր մնայ: Կակուղ բողկը թարմ չ'ըլլար, նոյնպէս ալ`դեղնած ու թոշնած տերեւներովը:
  • Որպէսզի բողկը վերագտնէ իր վարդագոյն գոյնը, լուալու ժամանակ ջուրին քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:
  • Երկաթով, ինչպէս նաեւ Ա. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ այս տերեւները կարելի է օգտագործել ապուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ: Երբ թարմ ու փափուկ են, շոմինին նման օգտագործելի են:
  • Բողկը կը խթանէ մարսողութիւնը, միաժամանակ անիկա միզեցնող մըն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]