Jump to content

Բենիամին Պողանեան

Բենիամին Պողանեան
Ծնած է 1934
Ծննդավայր Լա Սիոթա
Մասնագիտութիւն ջութակահար

Բենիամին Պողանեան (1934, Լա Սիոթա), ֆրանսահայ ջութակահար։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մարսէյլի մօտ՝ Լա Սիոթա քաղաքին մէջ: 1959-ին մտած է Մարսէյլի երաժշտանոցը եւ ստացած է Մարսիլիոյ Երաժշտանոցի առաջին մրցանակը ներդաշնակութեան (առմոնի):

1964-ին եւ 1965-ին» յաջորդարար ստացած է առաջին մրցանակները քոմփոզիսիոնի եւ ֆիւկի։

1965 Հոկտեմբերին ընդունուած է Փարիզի Ազգ. երաժշտանոցը, ուր հետեւած է «քոմփոզիմիոն»ի եւ «տիրելսիոն տ՝օրքեսթր»ի դասընթացքներուն:

Յօրինած երկերն են՝ «Սաղմոս 23» եւ «Երգ Ծննդեան» երկսեռ ձայներու համար, լարային նուագարաններու քառեակ մը, այլեւ եղանակներ՝ ջութակի, դաշնակի եւ քլարինէթի համար։

Իր ստեղծագործութիւններու շարքին մասնաւորաբար կը յիշուի իր լարային քառեակը: