Jump to content

Բարսեղ Կիլիկեցի

Բարսեղ Կիլիկեցի
Ծնած է անյայտ
Մահացած է անյայտ
Մասնագիտութիւն գրիչ և ուսուցիչ

Բարսեղ Կիլիկեցի (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են), ԺԳ․ դարու հայ գրիչ եւ գրչութեան ուսուցիչ։

ԿԵնսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատած է Յովհաննէս րաբունապետի Արքաեղբօր գրչութեան դպրոցին մէջ, ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ։ Ընդօրինակած է շարք մը ձեռագիրներ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը 1270-ին Յովհաննէս Արքաեղբօր համար ընդօրինակած Աստուածաշունչն է (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան, ձեռ․ № 345), որ մեզի հասած լաւագոյն օրինակներէն է։ Անոր մէջ առաջին անգամ ի յայտ բերած են Գէորգ Սկեւռացիի կազմած աւետարանական նախադրութիւններն ու գլխակարգութիւնները։ Շուրջ 800 էջանոց այս ձեռագիրին մէջ պահպանուած է Կոստանդին Ե․-ի ինքնագիր երկու յիշատակարան։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։