Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիանի
| Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիանի Παναγία η Εκατονταπυλιανή | |
|---|---|
| Հիմնական տեղեկութիւններ | |
| դաւանանք | Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցի |
| Շրջան | Փարոս |
| Ներկայ վիճակ | Կանգուն |
| Ճարտարապետական նկարագրութիւն | |
| Հիմնադրուած | 326 |
| Առանձնայատկութիւններ | |
Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիանի (յուն․՝ Παναγία η Εκατονταπυλιανή),Փարոս, Քիքլադես. կառուցուած 326-ին, Յունաստանի ամենէն հին եւ կարեւոր քրիստոնէական յուշարձաններէն է եւ Քիքլադեսի քրիստոնէական եւ պատմական գլխաւոր յատկանիշն է։ Էքաթոնտաբիլիանի կը նշանակէ 100 դարպաս՝ դուռ ունեցող («Էքաթոն»՝ հարիւր, «բիլի»՝ դարպաս)։
Կը գտնուի Բարիքեա, նաւահանգիստէն 150 մ. հեռու եւ ընծայուած է Մայր Աստուածածնին։ Իր կառուցման օրէն մինչեւ այսօր անխաբան կը գործէ։
Եկեղեցուոյ պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է Քրիստոնէութեան տարածման առաջին տարիներուն հետ՝ Մեդոլանոն հրամանագրէն ետք։ Այդ ժամանակաշրջանին է որ կառուցուած է Մայր Աստուածածնի առաջին եկեղեցին՝ այսօրուան Այիոս Նիքոլաոս, որ կը գտնուի եկեղեցական համալիրին հիւսիսային կողմը։
Պատմական անդրադարձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
326-ին, Սուրբ Էլենի, քրիստոնիա առաջին թագաւորին (Բիւզանդիոնի Մեծն Գոսթանտինոս կայսրին) մայրը, Կոստանդնուպոլսէն նաւով Սուրբ Վայրերը կը ճամբորդէ։ Նպատակն էր գտնել Սուրբ Խաչը։ Սակայն զօրաւոր ծովու փոթորիկի մը պատճառով, նաւը կ՛ապաստանի Փարոս կղզիին նաւահանգիստը։ Սուրբ Էլենի կ'ուղուի դէպի Բանաղիա փոքրիկ եկեղեցին, աղօթելու հանգիստ ուղեւորութիւն ունենալու համար եւ կ՛ուխտէ թէ երբ Սուրբ Խաչը գտնէ, Մայր Աստուածածնին համար աւելի մեծ եկեղեցի մը պիտի կառուցէ։
Մեծն Գոնսթանտինոս կը կատարէ մօրը ուխտը եւ կը կառուցէ փայտեայ առաստաղով խաչաձեւ եկեղեցի մը։
Զ. դարուն, Իուսթինիանոս կայսրին թագաւորութեան ընթացքին, եկեղեցին կը վերակառուցուի ու կը վերածուի արքայական եռախաչաձեւ գմբէթաւոր եկեղեցիի։ Դարերու ընթացքին, եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած ըլլալով, 1959-ին ակադեմիկոս դասախօս Անասթասիոս Օրլանդոս յաձն կ՛առնէ եկեղեցուոյ վերանորոգումի աշխատանքները այդ ոճին ու ձեւին՝ որ էր Իուսթինիանոս կայսրին ժամանակաշրջանին եւ որ է նաեւ հիմա։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծանօթ է թէ բիւզանդացիներուն սովորութիւնն էր եկեղեցիներ կառուցել նախաքրիստոնէական կառոյցներու վրայ, ինչպէս է պարագան այս եկեղեցուոյ։ Որովհետեւ, Էքաթոնտաբիլիանիին տակ գտնուած են հռոմէական շրջանի մարզարանի մը չորս սիւներ եւ խճանկար մը որ կը պատկերացնէ Իրաքլիսին հերոսութիւնները։ Նաեւ, կամարին երկու գնդաձեւ եռանկիւններուն պահպանուած են Զ. դարու վեցաթեւ «Սերաֆիմ» (Seraphim), հար ու նման Կոստանդնուպոլսոյ Այիա Սոֆիային։

Ձախ խորանին վրայ կ՛իշխէ բիւզանդական համեստ ոճի Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիաննի պատկերը. եկեղեցուոյ պաշտամունքի գլխաւոր պատկերը՝ յիշատակումի աղբիւր եւ օրհնութիւն նաւուն քրիստոնիա օրթոտոքս անձնակազմին համար։ Անոր արծաթեայ պատումը աշխատուած է Պուքրէշ, 1788-ին. նուէր Փարոս ծնած Մոլդովլահիայի իշխան Նիքոլաոս Մաւրողենուսի (Մանտօ Մաւրեղենուսի քեռին)։ Նոյն ընտանիքը, եկեղեցիին աջ խորանին նուիրուած է նաեւ ուրիշ երկու պատկերներ՝ Յիսուսի եւ Մայր Աստուածածինին։
Սուրբ խորանը ծածկած է մարմարէ Տուփը։ Վերջինին տակը Թ. դարու սուրբ միւրոնը կը պլպլայ, որ ուղղակի կապուած է սուրբ Թէոքթիսթիին կեանքին հետ (Միթիլինի ծնած կուսակրօն որ 35 տարի եկեղեցուոյ միաբանուհին էր)։
Եկեղեցուոյ մէջ կան եօթը մատուռներ։ Հիւսիսային կողմը՝ Այիոս Նիքոլաոս, Այիա Թէոքթիսթի եւ Այիա Թէոդոսիա։ Հարաւային կողմը՝ Այի Անարղիրի, Այիոս Ֆիլիփոս, Կնունքարանը եւ Այիոս Տիշիթրիոս։
Հին նախաքրիստոնէական Դ. դարու Կնունքարանը, Արեւելեան Օրթոտոքս (Ուղղափառ) եկեղեցուոյ ամենէն լաւ պահպանուածն է։ Կը բովանդակէ Գաթիհումենոն սրահը, Ֆոթիսթիրիօ եւ Այիա թոն Այիոն ուր կը գտնուի մարմարէ խաչաձեւ կնունքի անօթը՝ չափահասներու կնունքին համար։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 100 դուռերու եկեղեցին, Փարոս(անգլերէն)
- ↑ Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիանի, Փարոս(անգլերէն)
- ↑ Greek City Times․Բանաղիա Էքաթոնտաբիլիանի, Փարոս (անգլերէն)
- ↑ Փարոս Բարիքիայի ուղեցոյց(անգլերէն)
- ↑ յայտնաբերելով Քիգլադես, Freely, John (4 Յունիս 2006)․ Bloomsbury Academic
- ↑ Poseidon of Paros․ 100 դուռերով եկեղեցին(անգլերէն)