Jump to content

Բաթրայի հռոմէական մարզադաշտ

Բաթրայի հռոմէական մարզադաշտ
Տեսակ հնաբանական յուշարձան
Տեղագրութիւն Բաթրայի քաղաքապետութիւն
Երկիր  Յունաստան
Քարտէս

Քարտէս

Roman Stadium of Patras Վիքիպահեստում

Բաթրայի հռոմէական մարզադաշտ (յուն․՝ Ρωμαϊκό στάδιο Πάτρας)․ Բաթրայի մէջ հռոմէական ժամանակաշրջանին կառուցուած մարզադաշտի աւերակներ, որոնք կը գտնուին քաղաքին կեդրոնը, հռոմէական երաժշտանոցին կից։ Յայտնաբերուած է մարզադաշտին արեւելեան մասը, իսկ մնացեալը թաղուած է բազմայարկանի շէնքերու եւ ուրիշ շինութիւններու տակ։ Հռոմէական մարզադաշտը մինչեւ 1870 պահպանուած էր, սակայն այդ թուականէն ետք անոր վրայ շէնքեր կը կառուցուին։ Մարզադաշտին արեւելեան մասը 1990ական թուականներուն կը յայտնաբերուի։

Հնաբանական պեղումները յայտնաբերած են թէ հռոմէական մարզադաշտը կառուցուած է 80 - 90 թուականներուն ԴոմիթիանոսTitus Flavius Domitianus կայսրին ժամանակաշրջանին ընթացքին (81 - 96)։ Կ՛ենթադրուի թէ եղած է կայսրին նուէրը քաղաքին հռոմէական գաղթօճախ դառնալուն 100 տարուան տօնակատարութիւններուն համար։

Մարզադաշտը երկայնաձիգ է երկու քարարձակներով, իսկ բեմը շրջապատուած է ճաղաշարով։ Մարզադաշտին երկարութիւնը 200 մ․ է, իսկ լայնքը՝ 90 մ․։ Բաւսանիաս, երբ քաղաքէն անցաւ, իր արձանագրութիւններուն մէջ չէ նշած մարզադաշտը, այլ միայն թատրոն-երաժշտանոցը, որ հռոմէական տան մը խճանկարին վրայ պատկերացուած տեսած է․ Խճանկարը կը պատկերացնէ մարզադաշտը, երաժշտական, թատերական ներկայացումներով եւ նաեւ մարզական խաղերով ու այժմ կը գտնուի Բաթրայի Հնաբանական Թանգարանին մէջ։

Մարզադաշտին մէջ տեղի կ՛ունենային Կեսարիա Καισάρεια մարզական խաղերը, ուր կը մասնակցէին մարզիկներ Յունաստանի ամբողջ տարածքէն։ Յունաստանի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ, յայտնաբերուած են արձանագրութիւններ այդ մարզախաղերուն յաղթական հանդիսացած մարզիկներու անուններով։

Մարզադաշտին արեւելեան մասը յայտնաբերուած ըլլալով, պեղումները աստիճանաբար կը շարունակուին շնորհիւ քաղաքապետարանին եւ Մշակոյթի նախարարութեան միասնական նախաձեռնութեան․ մերթ ընդ մերթ, շէնքերը իրենց տէրերու ձեռքերէն կ՛առնուին (յատուկ փրկագին վճարելէ ետք)։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]