Jump to content

Բագին

Բագին, աստուածներուն նուիրուած շինութիւն՝ Հայաստանի մէջ[1]։

Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական լեռնաշխարհի տարածքներուն մէջ, բազմաթիւ տեղանուններ կազմուած են «Բագին» արմատով, ինչպէս՝ Բագաւան, Բագարան, Բագնայր, Բագինք եւ այլն։

Բագինները տարբեր ձեւերով կը գործածուէին.

  • Մեհեան (կուռքերու տաճար), Աշտիշատի մէջ գրանցուած է երեք բագին՝ Վահեվահեան, Ոսկեմոր, Ոսկեծին (իմա Անահիտի) եւ Աստղիկի (Ագաթանգեղոս, § 813):
  • Արձաններ, Մեհեաններու առջեւ Տիգրան Բ. կանգնեցուցած է բագիններ, որոնց զոհեր մատուցուած եւ երկրպագութիւն եղած է (Մովսէս Խորենացի, գիրք 2-րդ, գլ. ԺԴ):
  • Զոհարան կամ զոհասեղան. Օրինակ՝ Մաժան քրմապետի գերեզմանին վրայ Տիգրան Դ.-ն շինած է բագին մը (նոյն տեղը, գլ. ԿԶ):
  • Սրբազան կրակարան. Բագաւանի բագինը, որուն որմզդական հուրը (զրադաշտական մեհեաններուն մէջ վառող սրբազան կրակը) Արտաշիրը հրամայած է անշէջ պահել (նոյն տեղը, գլ. Հէ):
  • Շինութիւններու կամ համալիրներու խումբ, Օրինակ՝ Բագարանը որոշ առումով ընկալուած է իբրեւ կառուցվածքներու համալիր:

Բագինները հայկական հնագիտական եւ կրօնական ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը համարուին նշանակալից տարրեր, որոնք շեշտուած կերպով կ'արտացոլեն հին հայկական պաշտամունքային մշակոյթն ու սրբազան արարողութիւնները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։